2017ի ­Յու­նո­ւար 1ի դրու­թեամբ՝ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­խե­տու­թեան բնակ­չու­թեան թո­ւա­քա­նա­կը կազ­մած է 146,1 հա­զար մարդ, ինչ որ 2016ի տա­րեսկզ­բի հա­մե­մատ ա­ւել­ցած է 0,7 տո­կո­սով: Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դեն Ար­ցա­խի ազ­գա­յին վի­ճա­կագ­րա­կան ծա­ռա­յու­թե­նէն, 2017ի տա­րես­կիզ­բը քա­ղա­քա­յին բնակ­չու­թեան մաս­նա­բա­ժի­նը կազ­մած է 56,6 տո­կոս, գիւ­ղա­կա­նը` 43,4 տո­կոս: Ըստ վի­ճա­կագ­րու­թեան` 2017ի տա­րես­կիզ­բը Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մշտա­կան բնակ­չու­թեան կազ­մին մէջ 48,8 տո­կո­սը կազ­մած են տղա­մար­դիկ, 51,2 տո­կո­սը` կա­նայք: Բ­նակ­չու­թեան մի­ջին տա­րի­քը կազ­մած է 32,9 տա­րի, մաս­նա­ւո­րա­պէս տղա­մար­դոց հա­մար 31,3 տա­րի, կա­նանց հա­մար` 34,3 տա­րի:
2017ի ­Յու­նո­ւար 1ի դրու­թեամբ Ար­ցա­խի մշտա­կան բնակ­չու­թեան կա­ռու­ցո­ւած­քին մէջ 0-15 տա­րե­կան ե­րե­խա­նե­րու տե­սա­կա­րար կշի­ռը կազ­մած է 28,1 տո­կոս, աշ­խա­տու­նակ տա­րի­քի­նը` 60,7 տո­կոս, իսկ աշ­խա­տու­նակ տա­րի­քէն բարձր բնակ­չու­թեան տե­սա­կա­րար կշի­ռը` 11,2 տո­կոս:
Աղ­բիւ­րին փո­խանց­մամբ` 2017ի տա­րես­կիզ­բի դրու­թեամբ աշ­խա­տան­քա­յին տա­րի­քի ա­մէն 1000 մար­դուն բա­ժին ին­կած է 647 մարդ՝ 2016ի նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին ար­ձա­նագ­րո­ւած 628 մար­դու հա­մե­մատ: ­Ժո­ղովր­դագ­րա­կան ի­րա­վի­ճա­կի առ­կայ հիմ­նախն­դիր­նե­րէն է բնակ­չու­թեան ժո­ղովր­դագ­րա­կան ծե­րա­ցու­մը, ո­րու ըն­թաց­քը հան­րա­պե­տու­թեան մէջ յետ-խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն մե­ծա­պէս ա­րա­գա­ցած է: Բ­նակ­չու­թեան ծե­րա­ցու­մը կամ ժո­ղովր­դագ­րա­կան ծե­րա­ցու­մը եր­կա­րա­տեւ ժո­ղովր­դագ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու, բնակ­չու­թեան վե­րար­տադ­րու­թեան, ծնե­լիու­թեան, մա­հա­ցու­թեան եւ ա­տոնց յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւն­նե­րու մէջ տեղ գտած տե­ղա­շար­ժե­րու, ինչ­պէս նաեւ, մա­սամբ, գաղ­թի հե­տե­ւանք է: Ըստ Մ.Ա.Կ.ի ժո­ղովր­դագ­րա­կան ծե­րաց­ման սանդ­ղա­կի, ե­թէ երկ­րի բնակ­չու­թեան կա­ռու­ցո­ւած­քին մէջ 65 եւ բարձր տա­րի­քի բնակ­չու­թիւ­նը կը կազ­մէ 7 տո­կո­սէն ա­ւե­լի, ա­պա տո­ւեալ բնակ­չու­թիւ­նը կը հա­մա­րո­ւի ծե­րա­ցած: Այդ ցու­ցա­նի­շը 2017ի տա­րես­կիզ­բը Ար­ցա­խի մէջ կազ­մած է 9,5 տո­կոս: