«­Նոր ­Յա­ռաջ» կը հա­ղոր­դէ, որ Ֆ­րան­սա­յի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու երկ­րորդ փուլ ան­ցած հինգ հայ թեկ­նա­ծու­նե­րէն չոր­սը ընտ­րո­ւած են: ­Միակ բա­ցա­ռու­թիւ­նը ­Պուշ-տիւ-­Ռո­նի մէջ ­Փաս­քալ ­Շա­մա­սեանն է, որ հա­կա­ռակ ա­ռա­ջին փու­լին իր ար­ձա­նագ­րած լայն ա­ռա­ւե­լու­թեան՝ պար­տո­ւե­ցաւ հան­րա­պե­տա­կան ­Վա­լե­րի ­Պո­ւա­յէէն:
Այս­պէս, ընտ­րո­ւած են`
– Օ-տը-­Սէ­նի մէջ «­Յա­ռաջ Ըն­թա­ցող ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը» կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու ­Ժաք ­Մա­րի­լո­սեան ձայ­նե­րու 57,81%ով` ընդ­դէմ ­Հան­րա­պե­տա­կան Է­րիք ­Պար­տոա­թիի,
– ­Ռո­նի մէջ ­Տա­նիէլ ­Ղա­զա­րեան («­Յա­ռաջ Ըն­թա­ցող ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը» կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու) 52,35%ով` ընդ­դէմ ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Ֆի­լիփ ­Մէօ­նիէի, որ ­Ռո­նի շրջա­նա­յին խոր­հուր­դի փոխ-նա­խա­գահն է,
– ­Շէ­րի մէջ ­Նա­տիա Ե­սա­յեան (­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան­Շար­ժում) 52,57%ով` ընդ­դէմ հա­մայ­նա­վար ­Նի­քո­լա ­Սան­սի­ւի,
– Էօռ եւ ­Լո­ւա­ռի մէջ ­Կի­յոմ ­Գաս­պա­րեան («­Յա­ռաջ Ըն­թա­ցող ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը» կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու) 55,18%ով` ընդ­դէմ ­Հան­րա­պե­տա­կան Ֆ­րանք ­Մա­սե­լիւ­սի:
­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը վա­յե­լող միւս թեկ­նա­ծու­նե­րէն ընտ­րո­ւե­ցան ­Մա­րին Պ­րը­նիէ (­Հան­րա­պե­տա­կան, ­Ծո­վա­յին Ալ­պեան­ներ), ­Լիւք ­Գար­վու­նաս (Ըն­կեր­վա­րա­կան, ­Վալ-տը-­Մառն), Ֆ­րան­սո­ւազ ­Տիւ­մա (LREM, ­Կառ), Ֆ­րան­սո­ւա ­Մի­շել ­Լամ­պեռ (LREM, ­Պիւշ-տիւ-­Ռոն), Ֆ­րան­սո­ւա ­Փիւ­փո­նի (Ըն­կեր­վա­րա­կան, ­Վալ-տ՛Ո­ւազ), ­Կի ­Թե­սիէ (­Հան­րա­պե­տա­կան, ­Պուշ-տիւ-­Ռոն):
Իսկ «Ֆ­րան­սա-Ար­ցախ բա­րե­կա­մու­թեան շրջա­նակ»ի հա­մա­նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա ­Ռոշպ­լո­ւան (Ան­կախ ­Դե­մոկ­րա­տա­կան­նե­րու ­Միու­թիւն, ­Լո­ւառ) պար­տո­ւե­ցաւ ե­րես­փո­խա­նա­կան վեց շրջան­ներ բո­լո­րե­լէ ետք, ինչ­պէս նաեւ պար­տու­թիւն կրեց կրթու­թեան նախ­կին նա­խա­րար ­Նա­ժատ ­Վա­լօ-­Պել­քա­սեմ (Ըն­կեր­վա­րա­կան, ­Ռոն):