Ո՞ւր սահեցաւ մեր հայ լեզուն… կամ… «Չեմ հասկնար»-էն անդին…

0
4

ՄԻՆՍԱՐ

­Մեր օ­րե­րուն, Ս­փիւռ­քի մէջ հա­յե­րէն լե­զո­ւի նա­հանջն ու կո­րուս­տը թէ՛ բնա­կան թէ՛ կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին պատ­ճառ­ներ ու­նի:
­Ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ, ո­րոշ­նե­րու կող­մէ ար­ծա­ծո­ւած կէ­տե­րու կող­քին, հա­յե­րէն լե­զո­ւի կո­րուս­տի հիմ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րը, կը կա­յա­նան ա­նոր գոր­ծա­ծա­կան դաշ­տի սահ­մա­նա­փա­կու­մին, դպրո­ցա­կան հին­ցած-մա­շած մե­թոտ­նե­րուն եւ օ­տա­րա­խօս մի­ջա­վայ­րի զօ­րա­ւոր ճնշում­նե­րուն մէջ:
Ո՞ւր սա­հե­ցաւ մեր սրբա­զան հա­յոց լե­զուն…
Ա­մէն ան­գամ, երբ Ս­փիւռ­քի գա­ղութ­նե­րէն մէ­կուն մէջ, հայ լե­զո­ւին վե­րա­բե­րող հա­ւա­քոյթ մը ըլ­լայ, մենք կը լսենք նոյն, նոյն, նա­խա­դա­սու­թիւ­նը՝ «սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ, մեր հա­յոց լե­զուն, աշ­խար­հի ա­մե­նա­հա­րուստ լե­զու­նե­րէն է: ­Մեր ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցը գի­տէ՞ք ինչ ստեղ­ծած է…»:
­Յե­տոյ ալ՝ այս վե­հա­շուք ճա­ռէն ճիշդ հինգ վայր­կեան անց, այս նոյն ճա­ռա­խօ­սին թոռ­նի­կը կը մօ­տե­նայ ի­րեն ու կ­՚ը­սէ՝ «παππού, μπορώ να παίξω λίγο με το «phone» σου;», («­Մեծ հայ­րիկ, կրնա՞մ քիչ մը «phone»-ովդ խա­ղալ»), ան ալ խնդու­մե­րես կը պա­տաս­խա­նէ՝ «εντάξει, γλυκούλη μου, άλλα μην το παρακάνεις, εντάξει?», («լաւ ա­նու­շիկս, բայց չա­փը չանց­նես, հա­մա­ձա՞յն):
Ու ճի՛շդ հո՛ս է սի­րե­լի ըն­թեր­ցող­ներս, որ խե՜ղճ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցը, մեղ­միկ մը դար­ձեալ կը հա­ռա­չէ… իր գե­րեզ­մա­նին մէ­ջէն…:
­Սա­կայն ին­չո՞ւ հայ լե­զուն կը կոր­սո­ւի Ս­փիւռ­քի մէջ…
Ե­կէք ծուռ նստինք, բայց փոր­ձենք շի­տակ խօ­սիլ…
­Պատ­ճառ­նե­րը սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներս, միայն ու միայն աշ­խար­հագ­րա­կան չեն, այլ՝ հո­գե­բա­նա­կան ու կեն­ցա­ղա­յին ալ են…:
Ե­կէք միաս­նա­բար մէկ քա­նի ախ­տա­ճա­նա­չում­ներ ը­նենք:
ա.- «­Թան­գա­րա­նա­յին» լե­զո­ւի ախ­տա­նի­շը…
­Մենք՝ մեր հա­յե­րէն լե­զուն վե­րա­ծեր ենք կի­րակ­նօ­րեայ հա­գուս­տի:
­Կար­ծես՝ թէ մեր լե­զուն, այն­պի­սի լե­զու մըն է, որ մե­զի ար­տօ­նո­ւած է խօ­սիլ, (ան­շուշտ ան ալ ո­րոշ չա­փով), մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, մեր ա­կումբ­նե­րուն, մեր ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին եւ կամ ալ մեր դպրոց­նե­րու դա­սա­րան­նե­րուն մէջ, ա՞ն ալ՝ միայն հա­յե­րէն դա­սի պա­հուն: ­Հա­զիւ թէ դուրս, փո­ղոց ել­լենք, մեր մե­ծաս­քան­չը… կը վե­րա­ծո­ւի ուղ­ղա­կի, ան­պի­տան եւ ո­րե­ւէ բա­նի չծա­ռա­յող լե­զո­ւի մը:
Երբ լե­զուն դադ­րի կեան­քի, կռի­ւի, սի­րոյ, ա­ռեւ­տու­րի, կամ թէ կա­տա­կի լե­զու ըլ­լա­լէ, ան ար­դէն… կը սկսի մեռ­նիլ:
­Լե­զուն պէտք է ապ­րի փո­ղոց­նե­րուն, տու­նե­րուն եւ մեր ա­ռօ­րեա­յին մէջ, եւ ո՛չ միայն ար­խիւ­նե­րուն մէջ…:
բ.- ­Քե­րա­կա­նու­թեան «տե­ռո­րը»…
­Մեր դպրոց­նե­րուն մէջ, ճիշդ է, որ մենք մեր ՀԱՅ, (հայ բա­ռը մա՛ս­նա­ւոր գլխա­գի­րով գրե­ցի, ո­րով­հե­տեւ լսա­ծիս հա­մա­ձայն, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն՝ թիւ մը օ­տար քա­ղա­քա­ցի­ներ, ի­րենք ալ սկսեր են ի­րենց զա­ւակ­նե­րը հայ­կա­կան դպրոց ղրկել), պա­տա­նի­նե­րուն կը սոր­վեց­նենք՝ «ան­ցեալ կա­տա­րեալ»ը, «ստո­րա­դա­սա­կան ե­ղա­նակ»ը եւ «բա­ցա­ռա­կան հո­լով»ը, բայց ի­րենց չենք սոր­վեց­ներ, թէ ի՞նչ ձե­ւով պէտք է պատ­մեն ի­րենց դի­տած վեր­ջին ժա­պա­ւէ­նին մա­սին:
­Հե­տե­ւա՞նք…
Ե­րե­խա­յին հա­մար հա­յե­րէն լե­զուն, կը դառ­նայ ծանր ու միա­ժա­մա­նակ՝ ձանձ­րա­նա­լի պար­տա­կա­նու­թիւն մը:
Ե­թէ ե­րե­խա­յին հա­մար հայ լե­զուն, միայն «պա­տիժ» եւ ան­գիր սոր­վե­լիք քե­րա­կա­նու­թիւն է, պա­տա­նին, ա­ռա­ջին իսկ ա­ռի­թով, ան­կէ հե­ռու պի­տի փախ­չի, «փնտռե­լով» անգ­լե­րէ­նին կամ տե­ղա­կան լե­զո­ւին հեշ­տու­թիւնն ու դիւ­րու­թիւ­նը:
գ.- ­Թո­ւա­յին թթո­ւա­ծի­նի պա­կա­սը..
Այ­սօ­րո­ւան սե­րուն­դը կ­՚ապ­րի պաս­տառ­նե­րու դի­մաց: Ե­թէ ե­րե­խան կը սի­րէ «Play Station»-ով խա­ղալ, «Tik Tok»-ը դի­տել եւ կամ ալ՝ «AI»-ին հար­ցում­ներ ը­նել, ինչ­պէս նաեւ ե­թէ այս բո­լո­րը հա­յե­րէ­նով ալ չկան, (կամ ե­թէ նոյ­նիսկ ալ կան, կէս-կա­տար, ա­նո­րակ, ա­նար­ժէք ու ան­մա­կար­դակ է), ա­նոր ուղ­ղե­ղը ինք­նա­բե­րա­բար, օ­տար լե­զո­ւին պի­տի դի­մէ:
­Հայ լե­զուն կը կոր­սո­ւի, ո­րով­հե­տեւ թո­ւա­յին աշ­խար­հին մէջ, կը պակ­սի ա­նոր թթո­ւա­ծի­նը:
դ.- Ծ­նո­ղա­կան «անձ­նա­տո­ւու­թիւ­նը»…
Ա­մե­նա­հեշտ ար­դա­րա­ցումն է՝ «դժո­ւար է, ե­րե­խան չի հասկ­նար կոր, մեղք է քա սա չո­ճու­խին»ը…:
­Շատ մը հայ­կա­կան տու­նե­րու մէջ, ծնող­նե­րը կը նա­խընտ­րեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն հետ օ­տար լե­զո­ւով խօ­սիլ եւ այս մէ­կը կը պատ­ճա­ռա­բա­նեն ը­սե­լով, որ իբ­րեւ թէ ի­րենց մի­ջեւ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը… ա­ւե­լի դիւր­հասկնա­լի կ­՚ըլ­լայ:
­Բայց սի­րե­լի ծնող­ներս, լե­զուն, նա­մա­նա­ւանդ հա՛յ լե­զուն, շա­րու­նա­կա­կան պայ­քար մըն է…:
Ե­թէ մեր տու­նե­րուն մէջ, մենք հա­յե­րէն խօ­սե­լու կամ­քը չու­նե­նանք, մեր դպրոց­նե­րը շա­բա­թա­կան մէկ քա­նի պահ հա­յե­րէն դա­սա­ւան­դե­լով, չե՛ն կրնար հրաշք­ներ գոր­ծել…:
Ու­րեմն ի՞նչ պէտք է ը­նենք, պէտք է յու­սա­հա­տի՞նք…
Ո՛չ, բնա՛ւ, եր­բեք, ընդ­հա­կա­ռա­կը պէտք է, որ մէ՛կ ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր պայ­քա­րինք…:
­Մեր մե­ծաս­քանչ լե­զուն պա­հե­լը, մեր նախ­նի­նե­րուն ար­ցունք­նե­րուն վրայ ար­ցունք ա­ւելց­նե­լը չէ…:
­Հայ լե­զուն պա­հե­լը… հա­յե­րէ­նով սխա­լիլն է…
­Հայ լե­զուն պա­հե­լը… հա­յե­րէ­նով խնդալ ու լալն է…
­Հայ լե­զուն պա­հե­լը… հա­յե­րէ­նով յա­րա­բե­րո­ւիլն է…
­Հայ լե­զուն պա­հե­լը… փակ­ցո­ւող պի­տակ­ներ, (թղթիկ), ու մշա­կու­թա­յին տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան միա­ւոր­ներ­ներ պատ­րաս­տելն է…:
Ե­թէ կ­՚ու­զենք, որ մեր հայ լե­զուն չկոր­սո­ւի, պէտք է զայն հա­նենք սուր­բե­րու պա­տո­ւան­դան­նե­րէն եւ տե­ղա­ւո­րենք մեր պա­տա­նի­նե­րուն եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն գրպան­նե­րուն մէջ…:
­Տե­ղա­ւո­րենք ի­րենց բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայն­նե­րուն մէջ..:
Ո­րով­հե­տեւ մեր հրա­շա­լի ու մե­ծաս­քանչ հա­յոց լե­զուն, ան­ցեա­լի յու­շար­ձան մը չէ, այլ՝ մե­զի մեր ա­պա­գա­յին հետ միաց­նող կա­մուրջ մը…:

minsar55@gmail.com

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածը­­Թատ­րո­նի ե­րե­կոյ