
Մեր մանկապարտէզի սրտառուչ ու ստեղծագործ տարեշրջանը
Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջանի աւարտ երախտագիտութեան ու յուզումնախառն խնդութեան զգացումներ կ՚արթնցնէ մեր սիրտերուն մէջ։ Այս յուզումը աննկարագրելի այն հիացումն է, որ կը ծնի՝ դիտելով մեր փոքրիկներուն ամէնօրեայ աճն ու զարգացումը։ Բացառիկ ուրախութիւն եւ հպարտանք է ականատես ըլլալ, թէ ինչպէս անոնք օրէ օր կը ծաղկին, նոր հմտութիւններ կը մշակեն ու ինքնավստահ քայլեր առնելով կը կերտեն իրենց ապագայի հիմերը։
Արդարեւ, մեր հայ կրթօճախի կեանքը կը սկսի այն գուրգուրանքէն, որով կը շրջապատենք իւրաքանչիւր փոքրիկ։ Այս հարազատ միջավայրին մէջ է, ուր երեխան բնական ու սիրալիր ձեւով կը բացայայտէ իր ինքնութիւնը, լեզուն ու շրջապատը։
Մեր սիրելի մանկապարտէզը ջերմութեամբ ու գոյներով լեցուն նուիրական անկիւն մըն է, ուր մեր հարուստ մշակոյթը, պատմութիւնն ու լեզուն կը բացայայտուին բնականօրէն՝ խաղի ու կենդանի փորձառութեան ընդմէջէն, իսկ մեր փոքրիկներուն վառ ժպիտներն ու զուարթ ձայները կը շնչաւորեն մեր առօրեան:
Մեր ամենամեծ տենչանքն է, որ երեխաները, կանուխ ու փափուկ տարիքէն, արձակեն իրենց առաջին քաղցր արմատները, որոնք պիտի ջերմացնեն իրենց սիրտերն ու լուսաւորեն իրենց կեանքի ճանապարհը։
Մանաւանդ հոս՝ սփիւռքեան իրականութեան մէջ, ճիշդ այս արմատներն են, որոնք հայ դպրոցը կը վերածեն ջերմիկ ու հարազատ օճախի մը։ Հոն, մեր փոքրիկները կը սորվին սիրել իրենց ծագումը, պահել մեր աւանդութիւնները, զորս սիրով պիտի փայփայեն ու ապրեցնեն։
Այս տեսլականը պարզապէս գեղեցիկ գաղափար մը չմնաց, այլ դարձաւ մեր ամէնօրեայ ներշնչման ուղեցոյցը՝ վերածելով կրթական կեանքը արդիւնաւէտ, լեցուն ու ծաղկուն ընթացքի մը, զոր ապրեցանք որպէս մեծ ու հարազատ ընտանիք:
Մեծ մայրիկին աւանդական երգերն ու բակի խաղերը
Այս գեղեցիկ ճանապարհին խորհրդանշական պսակումը կատարուեցաւ 2025-2026 տարեշրջանի աւարտական հանդէսով՝ «Մեծ մայրիկին աւանդական երգերն ու բակի խաղերը» նիւթով։ Այս ձեռնարկը մեզ վերադարձուց մեր մանկութեան ակունքներուն, ուր «Ծաղիկ» եւ «Կոկոն» դասարաններու զոյգ խումբերը, ձեռք-ձեռքի տուած, բեմականացումներու եւ թատերական պատառիկներու միջոցով՝ թէ՛ հայերէնով եւ թէ՛ յունարէնով, կենդանացուցին բակի զանազան խաղեր։ Անոնք փաստեցին, որ խաղը լաւագոյն կամուրջն է ուսուցման եւ ընկերայնացման համար։
Յատկանշական է, որ այս գեղեցիկ նիւթը պարզապէս բեմականացման համար չստեղծուեցաւ։ Ընդհակառակը, այս բոլոր աւանդական խաղերն ու երգերը, յատկապէս Անահիտ Սարգիսեանի կրթական ծրագիրին ընդմէջէն,ներկայ էին մեր ամբողջ տարուան ընթացքին։ Ուսումնական տարեշրջանի իւրաքանչիւր օր, այս ծրագիրը, ինչպէս նաեւ մեր շօշափած բազմաթիւ այլ նիւթերը, վերածուեցան ստեղծագործական հարուստ ներշնչարանի մը։
Անոնք լուսաւոր հորիզոններ բացին թէ՛ մեզի՝ դաստիարակներուս համար՝ մեր մանկավարժական մօտեցումները հարստացնելու, եւ թէ՛ երեխաներուն համար՝ իրենց երեւակայութիւնը ծաղկեցնելու ու նոր, ինքնաբուխ խաղեր յօրինելու։ Մեր մանկապարտէզի ամենօրեայ այս ապրումները փաստեցին, որ ուսումը ամենախորունկ ձեւով կ՚արմատաւորուի, երբ ան կը մատուցուի խաղային մթնոլորտի մէջ։
Միաժամանակ, բեմականացման այս նիւթը մեզի յիշեցուց, թէ որքա՜ն կարեւոր է մեր ազգային աւանդութիւնները կտակել սերունդէ սերունդ. անոնք ո՛չ միայն պէտք է պահպանուին, այլեւ դառնան կենսատու աղբիւր՝ նոր ու ստեղծագործ խաղեր ծնունդ տալու համար փոքրիկներուն առօրեային մէջ։ Ահա՛ հոն է, ուր մեր քաղցր հայերէնը կը վերածուի ստեղծագործութեան ու գիտութեան գանձարանի՝ սատարելով հայորդիի ազգային կազմաւորման երկար ու նուիրական ճանապարհին։
Մեր բազմակողմանի եւ հարուստ կրթական յայտագիրը
Այս բոլորին զուգահեռ, մեր մանկապարտէզի կրթական յայտագիրը այս տարի եւս եղաւ բազմակողմանի, հարուստ ու հաւասարակշռուած.
- Յունարէն լեզու. Կրթութեան նախարարութեան պաշտօնական հրահանգներուն համաձայն, մեր երեխաները ստացան անհրաժեշտ գիտելիքներն ու հիմքերը՝ նախակրթարան մուտք գործելու համար։ Այս ծիրէն ներս, յատուկ կարեւորութեամբ իրագործուեցան նաեւ «Հմտութիւններու աշխատանոցները» (Eργαστήρια Δεξιοτήτων), որոնց շնորհիւ մանուկները զարգացուցին իրենց քննադատական միտքն ու շնորհքները։
- Հայերէն լեզու. Հիմնուելով Անահիտ Սարգիսեանի «Ձեռք-ձեռքի»՝ կրթական յատուկ ծրագրին վրայ, հայերէնի պահերը վերածուեցան ներշնչումի, խաղի եւ արդիւնաւէտ ուսուցման աղբիւրի, որուն նպատակն է արեւմտահայերէնը կենդանի ու հնչեղ պահել մեր նոր սերունդի սիրտերուն մէջ։ Մեր մանուկները անկեղծ հրճուանքով գրկեցին սոյն ծրագիրը, իսկ անոնց լեզուական յառաջդիմութիւնը ամբողջ տարուան ուսումնական աշխատանքին անբաժան ու գեղեցիկ արդիւնքն է։
- Անգլերէն լեզու. Որպէս առաջին հաղորդակցութիւն եւ ծանօթութիւն, անգլերէնի պահերը նոյնպէս ընդունուեցան մեծ հետաքրքրութեամբ՝ ստեղծելով եռալեզու բնական ու ջերմ մթնոլորտ մը։
Մեր յատուկ կրթական ծրագիրները
Լեզուական ուսուցման զուգահեռ, մեր առօրեան հարստացաւ իմաստալից յատուկ ծրագիրներով, որոնց միջոցով մշակեցինք երեխաներուն ստեղծագործ միտքը, ընկերային ոգին, այլազանութեան ընդունումը եւ փոխադարձ յարգանքը։
Յիշատակելի են Համահելլէնական դպրոցական մարմնամարզի օրը, Կենդանիներու պաշտպանութեան օրուան նուիրուած միջոցառումը, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւնը Համահելլէնական մրցոյթին՝ Հաշմանդամութեան միջազգային օրուան առթիւ՝ ներառական տարածքի յատուկ նախատիպի մը պատրաստութեամբ:
Մեր մանուկներուն ջանքն ու ստեղծագործական ոգին պսակուեցան գեղեցիկ յաջողութիւններով, քանի որ մեր բոլոր մասնակցութիւններն ու ծրագիրները արժանացան յատուկ գնահատանքի ու մրցանակներու։
Ամենագեղեցիկն այն էր, որ այս բոլոր ծրագիրները հաւասարապէս իրագործուեցան նաեւ հայերէն լեզուով։ Այսպիսով, մեր մանուկները սորվեցան համամարդկային արժէքներու շուրջ մտածել, արտայայտուիլ ու զգալ իրենց մայրենիով` իսկ մենք անգամ մը եւս անդրադարձանք, որ մեր լեզուով անոնք կրնան այնքա՜ն շատ բաներ իրագործել, ստեղծագործել ու բացայայտել։
Փոքրիկ գրասէրները եւ ընթերցասիրութիւնը
Յատուկ յիշատակութեան արժանի է ընթերցասիրութեան ծրագիրը։ Տարուան ընթացքին մեր առօրեային անբաժան մասնիկ եղան հայկական ու յունական հեքիաթներու ընթերցումները։ Իսկ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներէն ետք, կանոնաւոր յաջորդականութեամբ գործեց գրադարանի գիրքերու փոխատուութիւնը. մեր մանուկները փոխնիփոխ տուն կը տանէին հայերէն եւ յունարէն գիրքեր։
Աւելի ուշ, օրիորդ Էֆիի Քիրիաքիտուի ջանքերով, մեր աշակերտները դարձան «Փոքրիկ գրասէրներ» (Νηπιοβιβλιοσκώληκες), մասնակցեցան յատուկ ծրագիրի եւ արժանացան գեղեցիկ մրցանակներու: Թէ՛ գրադարանի փոխատուութեան կանոնաւոր ընթացքը եւ թէ՛ այս յատուկ յայտագիրը մեծապէս սատարեցին մեր մանուկներուն մէջ արթնցնելու եւ կերտելու սէրը գիրքին հանդէպ:
Ընթերցասիրութեան արժէքաւոր ճանապարհը գեղեցիկ պահ մը ապրեցաւ Դեկտեմբեր ամսուն, երբ մանկապարտէզի փոքրիկները եւ «Զաւարեան» նախակրթարանի բոլոր դասարաններու աշակերտները այցելեցին Ծնողական միութեան կողմէ գիրքի տարեկան ցուցահանդէսը։ Հոն, գիրքերու հարուստ բազմազանութեան առջեւ, մանուկները մեծ ոգեւորութեամբ ընտրեցին իրենց նախասիրած գիրքերը՝ տուն տանելու եւ ընթերցանութեան քաղցրութիւնը վայելելու համար։
Տօներ, աւանդութիւններ եւ դաստիարակչական այցելութիւններ
Միւս կողմէ, մեր ազգային, պետական ու եկեղեցական տօնակատարութիւնները իմաստալից եւ ջերմ առիթներ եղան, որպէսզի երեխաները՝ իրենց տարիքին համապատասխան, ապրին, հաղորդուին ու ճաշակեն մեր հարուստ պատմութիւնն ու աւանդութիւնները։
Բոլոր այս տօները, «Տարոսիկի»՝ եղանակներու եւ տօներու տարեկան ծրագրին ներշնչումով, համեմուեցան նաեւ եկեղեցական արարողութիւններով ու պատշաճ եկեղեցասիրութեամբ, դառնալով ստեղծագործ տօնախմբութիւններ մեր մանուկներուն համար։
Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առթիւ, ներշնչուելով ծրագրի համահունչ երգէն, փոքրիկները ստեղծեցին «Հայկական տառերու ծառ» մը, որ ամբողջ տարեշրջան մը զարդարեց մանկապարտէզի մուտքը՝ իբրեւ մայրենի լեզուի կենդանի խորհրդանիշ։
Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, մեր մանուկները խաղային ու գրաւիչ ձեւով ծանօթացան Վարդանանց հերոսներուն։ Անոնք, ո՛չ միայն գծեցին հերոսները եւ Հայաստանի լեռները, այլեւ մեծ խնդութեամբ երգեցին զանոնք փառաբանող երգը, որուն քաղցր կշռոյթը կ՚ապրէր մեր առօրեային մէջ մինչեւ ուսումնական տարեշրջանի վերջին օրը։
Մայիս 28-ի առիթով, Հայաստանի Անկախութեան տօնի ծիրէն ներս, փոքրիկները ապրեցան մեր ազգային ուրախութիւնը՝ ճաշակելով մեր հարուստ մշակոյթն ու աւանդոյթները։
Իսկ կրթական պտոյտներն ու այցելութիւնները զբօսանքներ չեղան, այլ՝ գործնական ուսուցման միջոց մը։ Անոնք անմիջականօրէն ամրապնդեցին տարուան ընթացքին մանկապարտէզէն ներս մշակուած բոլոր նիւթերը՝ փոքրիկներուն առիթ տալով ճանչնալու շրջապատող աշխարհը, բնութիւնը, արուեստն ու մշակոյթը։ Այս փորձառութիւնները ընդլայնեցին անոնց աշխարհայեացքը, սրեցին անոնց հետաքրքրասիրութիւնը եւ ուսումը վերածեցին ուրախ բացայայտումներով լեցուն անմոռանալի ճամբորդութեան մը։
Մեր մեծ ընտանիքը․ «Ծանօթացման օրը»
Քաղցր ու անմոռանալի յուշով կը մտաբերենք նաեւ Ս. Զատիկէն առաջ նորեկ ծնողներուն հետ մեր կազմակերպած «Բաց դռներու-ծանօթացման օրը»։ Այս գեղեցիկ առիթով, հին ու նոր ընտանիքները դարձան մէկ ամբողջութիւն՝ միասնաբար դիմաւորելով այն փոքրիկները, որոնք յաջորդ տարի պիտի յաճախեն մեր մանկապարտէզը։
Մեր մանուկները․ «Ծաղիկ» եւ «Կոկոն» դասարանները
Այս բոլոր իրագործումներուն կորիզը մեր երեխաներն էին։ Այս տարուան խումբը բացառիկ էր իր համերաշխութեամբ։ Մեր շրջանաւարտները՝ Ծաղիկ դասարանի սիրուն աշակերտները, ցուցաբերեցին հասունութիւն եւ սէր. անոնք արդէն պատրաստ են թեւածելու դէպի նախակրթարան՝ դառնալով մեր վաղուան պայծառ յոյսն ու ապագան։
Կոկոն դասարանի անուշիկ փոքրիկները, ունենալով մեծերուն գեղեցիկ օրինակը, ինքնաբերաբար բացուեցան, զարգացան եւ բարձր տրամադրութեամբ մասնակցեցան Ծաղիկ դասարանի աւարտական հանդիսութեան: Անոնք յաջորդ տարի պիտի շարունակեն շնչաւորել մեր մանկապարտէզին հարազատ յարկը։
Այս բոլոր ծրագիրները իրականութիւն չէին դառնար առանց մեր ուսուցչական կազմին՝ Էֆի Քիրիաքիտուի, Էլսա Փեսեքսիտուի եւ ամբողջ կրթական ընտանիքին միջեւ գոյութիւն ունեցող ներդաշնակ գործակցութեան ու նուիրումին։
Մեր սրտագին շնորհակալութիւններն ու երախտագիտութիւնը
Մեր խորին երախտագիտութիւնն ու յարգանքը կը յայտնենք․
- Յունահայոց թեմի Առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանին, Ազգային վարչութեան, ինչպէս նաեւ Ուսումնական, Տնտեսական եւ Կալուածային խորհուրդներուն:
- Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային խարչութեան եւ Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան՝ իրենց մայրական ներկայութեան եւ արժէքաւոր նեցուկին համար, որով միշտ կը շրջապատեն մեր փոքրիկներն ու դպրոցը։
- Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանին, ինչպէս նաեւ Թաղային ու Տիկնաց մարմիններուն․ մեր սրտագին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք այն գեղեցիկ գործակցութեան, անմիջական հաղորդակցութեան համար, որ կը վայելենք թէ՛ մեր տօնակատարութիւններու ընթացքին եւ թէ՛ ամբողջ տարուան ընթացքին։
- «Զաւարեան» նախակրթարանի տնօրէնութեան՝ տիկ. Հայկանուշ Մինասեանին, որուն մշտական քաջալերանքն ու նեցուկը անկիւնադարձային եղան մեր բոլոր ձեռնարկներուն յաջող իրագործման համար։
- Մեր սիրելի Ծնողական միութեան, որ ամբողջ տարուան ընթացքին նիւթապէս եւ բարոյապէս՝ անդադար կանգնեցաւ մեր կողքին։
- Մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մեր բոլոր ծնողներուն՝ առանց բացառութեան, իրենց գեղեցիկ գործակցութեան եւ այն սիրալիր մթնոլորտին համար, որով շրջապատեցին մեզ։
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ․
- Ծնողներ՝ Քենտիկեան Վարդին՝ իր անսակարկ աջակցութեան համար,
- Թաշճեան-Շեմմաս Արթոյին՝ դպրոցին լուսարձակ (projector) նուիրելուն համար,
- Յովհաննիսեան Թագուհիին՝ իր շարունակական քաջալերանքին համար,
- Տիկին Սիւզան Տատամեանին, Տիկին Լուիզա Աւագեանին եւ Տիկին Կարինէ Խաչատրեանին՝ իրենց ցուցաբերած մարդկային ջերմութեան եւ ամէնօրեայ պատրաստակամութեան համար,
- «Զաւարեան» նախակրթարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Էմիլիա Ֆոլիային՝ հայկական մեղեդիներու գեղեցիկ ընկերակցութեան համար։
Սրտանց կը շնորհաւորենք մեր բոլոր ընտանիքները․ թող մի՛շտ մեծ խնդութեամբ վայելէք ձեր զաւակներուն յաջողութիւնները։
Պայծառ գալիքի մաղթանքներ
Ինչպէս Յովհաննէս Թումանեան կ’ըսէր․ «Մանուկները մեր վաղուան մեծերն են, մեր յոյսն ու ապագան․ եթէ կ’ուզենք պայծառ գալիք մը կերտել, պէտք է անոնց հոգիները լեցնենք լոյսով ու սիրով»։
Սփիւռքի տարածքին, մեր փոքրիկներուն ուրախութիւնն ու յառաջդիմութիւնը լաւագոյնս կը ծաղկին մեր մանկապարտէզին այն հարազատ ու ջերմ միջավայրին մէջ, ուր քաղցրութեամբ կը տրուին իրենց կեանքի առաջին գեղեցիկ քայլերը։ Որքան աւելի սիրով, հոգատարութեամբ ու ջերմութեամբ շրջապատենք մեր կրթօճախները, այնքան աւելի վստահ կրնանք ըլլալ, որ նոր սերունդները վաղը պիտի շարունակեն մեծնալ երջանիկ, կազմակերպուած ու միշտ կապուած՝ իրենց հարազատ արմատներուն։
Բարի՛ երթ դէպի «Զաւարեան» ազգային վարժարան՝ մեր սիրելի շրջանաւարտներուն եւ բարի վերամուտ՝ մեր անուշիկ փոքրերուն։ Մեր անսահման սէրն ու մաղթանքները մի՛շտ պիտի ընկերակցին ձեզի:
Մանկապարտիզպանուհի ԱՆԻ ԱԲԻԿԵԱՆ









