ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ

«­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ըն­թաց­քին. ­Հա­յեր, Ա­սո­րի­ներ եւ ­Յոյ­ներ, 1913-1922», ­Ճորճ ­Շի­րի­նեան,
­Թե­սա­ղո­նի­կէ՝ 2026

660 է­ջե­րէ բաղ­կա­ցած ըն­դար­ձակ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը անգ­լե­րէ­նէ թարգ­մա­նո­ւած աշ­խա­տու­թիւն մըն է, որ լոյս տե­սած է ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մալ­սա­րա­նի պոն­տա­կան ուս­մանց բա­ժի­նին կող­մէ։ ­Գիր­քը տար­բեր հե­ղի­նակ­նե­րու հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քի ար­դիւնքն է, իւ­րա­քան­չիւ­րը վեր­լու­ծե­լով Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կրած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը նոյն դա­հի­ճին կող­մէ։ Ա­մէն վեր­լու­ծու­թիւն յե­նած է հա­րուստ մա­տե­նագ­րու­թեան վրայ, որ առն­չո­ւած է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու քննա­կան մօ­տե­ցու­մին հետ, մատ­նան­շե­լով տար­բե­րու­թիւն­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թեանց կի­րարկ­ման ու գոր­ծադ­րու­թեան ձե­ւե­րուն։ ­Յա­տուկ անդ­րա­դարձ կ­՚ըլ­լայ նաեւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­կե­րա-հո­գե­բա­նա­կան տա­րո­ղու­թեան մա­սին, նշե­լով ­Թուր­քիոյ նո­րօ­րեայ հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­րար­քը նսե­մա­ցնե­լու փոր­ձե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ ­Գիր­քը իւ­րա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու գի­տա­կան եւ ա­կա­դե­մա­կան հե­տա­զօ­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն հա­մար, որ­պէս կա­րե­ւոր աղ­բիւր քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուդ­նե­րու կրած ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու վեր­լու­ծա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեանց։

***

«Ար­ցախ. վտան­գո­ւած ժա­ռան­գու­թիւն», Ա. եւ Բ. հա­տոր,
­Հա­մազ­գա­յի­նի
հրա­տա­րա­կու­թիւն, Ե­րե­ւան՝ 2023-2025

Երկ­հա­տոր պատ­կե­րա­զարդ ալ­պո­մը, որ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Հա­յաս­տա­նի գրա­սե­նեա­կի եւ ­Հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րող հիմ­նադ­րա­մի հա­մա­տեղ կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րէն մէկն է, կո­չո­ւած է ար­ձա­նագ­րե­լու մեր ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խի վտան­գո­ւած հայ­կա­կան յու­շար­ձան­նե­րը, ո­րոնք ան­ցած են Ատր­պէյ­ճա­նի գրա­ւու­մին տակ։ ­Բո­լոր բազ­մա­դա­րեայ կո­թող­նե­րը, որ կը վկա­յեն Ար­ցա­խի հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը, այ­սօր վտան­գո­ւած են, ա­նոնց­մէ մաս մը ար­դէն փճա­ցած է ա­զե­րիի ձեռ­քով, ցոյց տա­լով թշնա­մի երկ­րի հե­տե­ւո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, իսկ այլ գան­ձեր կը ներ­կա­յա­ցո­ւին իբ­րեւ ա­ղո­ւա­նա­կան մշա­կոյ­թի նմուշ­ներ, նպա­տակ ու­նե­նա­լով բնաջն­ջել ու ան­հե­տաց­նել հայ­կա­կան հա­զա­րա­մեայ ներ­կա­յու­թիւ­նը իր բնիկ օր­րա­նէն։ ­Վան­քեր, ե­կե­ղե­ցի­ներ, ան­թիւ խաչ­քա­րեր, հնա­մեայ ծո­րակ­ներ եւ այլ շի­նու­թիւն­ներ մէկ առ մէկ նկա­րո­ւած են ու կը ներ­կա­յա­ցո­ւին ի­րենց պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րով ու ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րով։ Եր­կու հա­տոր­նե­րու բո­վան­դա­կու­թիւ­նը կը փաս­տէ, թէ որ­քան հա­րուստ ե­ղած է Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քակր­թա­կան գան­ձա­րա­նը, նոյ­նիսկ 10-րդ­ եւ 11-րդ ­դա­րե­րէն ե­կող խաչ­քա­րե­րու տա­րա­ծու­մով Ար­ցա­խի հո­ղե­րուն վրայ, ո­րոնք այ­սօր հիմ­նո­վին կո­րուս­տի վտան­գին տակ են, միա­ժա­մա­նակ դուրս մնա­լով մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ու­շադ­րու­թե­նէն։

***

«­Մեզ տար­բեր կը կան­չեն ճամ­բուն մէջ», ­Լաու­րա ­Չը­վիէրթ­նիա, Ա­թէնք՝ 2025

­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ջար­դե­րը, ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տը եւ 1955-ին ­Պոլ­սոյ ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն բաց վէր­քի նման ան­չա­փե­լի ցաւ պատ­ճա­ռել քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն։ ­Հայ-գեր­մա­նա­ցի հե­ղի­նակ ­Լաու­րա ­Չը­վերթ­նիա կը հիւ­սէ ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թիւն մը, մեկ­նա­կէտ ու­նե­նա­լով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­նե­րը եւ լռու­թեան հա­մա­տա­րած զգա­ցու­մը, որ յատ­կան­շեց այն բո­լոր ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնք վե­րապ­րե­ցան Օս­մա­նեան վայ­րա­գու­թիւն­ներԷն, բայց մնա­ցին ա­հի ու սար­սա­փի մթնո­լոր­տին տակ՝ ­Թուր­քիոյ ըն­կե­րա­յին եւ քա­ղա­քա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ ­Վէ­պի հե­րո­սու­հին կը ճամ­բոր­դէ իր ծնող­նե­րու ծննդա­վայ­րը, ուր իր առ­ջեւ կը բա­ցո­ւի հին աշ­խարհ մը, որ հայ­կա­կան էր, սա­կայն ան­յայտ մնա­ցած էր վա­խի ազ­դե­ցու­թեան տակ։ ­Պո­լի­սէն ­Գեր­մա­նիա, ան­կէ ­Հա­յաս­տան ճամ­բոր­դու­թիւ­նը ի­րա­կան ար­մատ­նե­րը ո­րո­նե­լու եւ զա­նոնք գուր­գու­րան­քով պա­հե­լու ու­ղե­ւո­րու­թիւն մըն է, որ ըն­թեր­ցո­ղին ու­շադ­րու­թիւ­նը պի­տի պա­հէ գիր­քի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։ ­Հա­տո­րը լոյս տե­սած է ­Յու­նա­կան Հ­րա­տա­րակ­չա­կան ըն­կե­րու­թեան կող­մէ, թարգ­մա­նա­կան շար­քէն։

***

«Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեա­նի նա­հա­տա­կու­թեան 120-ա­մեակ»,
հրա­տա­րա­կու­թիւն Հ.Յ.Դ. ­Պուլ­կա­րիոյ ա­ռանձ­նա­կի կո­մի­տէի, ­Սո­ֆիա՝ 2025

Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րի ան­զու­գա­կան դրօ­շա­կիր Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեա­նի մա­հո­ւան 120-ա­մեա­կին ա­ռի­թով լոյս տե­սած գե­ղա­տիպ գրքոյ­կը, կու գայ հան­րու­թեան ծա­նօ­թաց­նե­լու մեծ յե­ղա­փո­խա­կա­նին կեանքն ու նուի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, որ կանգ ա­ռաւ ­Պուլ­կա­րիոյ ­Վի­տոշ շրջա­նի բլուր­նե­րուն վրայ, երբ Ք­րիս­տա­փոր նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ ­Սուլ­թան Ապ­տուլ ­Հա­մի­տի մա­հա­փոր­ձի ռում­բը պատ­րաս­տե­լու ժա­մա­նակ։
Ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի այ­լեւս ուխ­տա­տե­ղիի վե­րա­ծո­ւած Ք­րիս­տա­փո­րի դամ­բա­նը ­Սո­ֆիա­յի մէջ, ո­րուն յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նե­լու փորձ մըն է նաեւ ­Պուլ­կա­րիոյ դաշ­նակ­ցա­կան մար­մի­նին կող­մէ ներ­կայ հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տու­թիւ­նը։ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի խօս­քով եւ տե­ղա­կան կո­մի­տէի գրու­թեամբ շրջա­գի­ծի մէջ կ­՚առ­նո­ւի Ք. ­Մի­քա­յէ­լեա­նի յե­ղա­փո­խա­կան ա­ւան­դը, ո­րուն պատ­գամ­նե­րը այ­սօր եւս «յա­րա­տեւ կռիւ»-ի ու միաս­նա­կա­նու­թեան կո­չեր կը հան­դի­սա­նան նո­րա­նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մաց։ ­Դաշ­նակ­ցա­կան եւ օ­տար ա­նո­ւա­նի ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րու գրու­թիւն­նե­րը, Հ.Յ.Դ. մա­մու­լի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներն ու վեր­լու­ծում­նե­րը լոյս կը սփռեն պատ­մա­կան այն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին վրայ, ուր Ք­րիս­տա­փոր ապ­րե­ցաւ եւ իր անջն­ջե­լի հետ­քը թո­ղեց հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի գա­ղա­փա­րա­կան ու յե­ղա­փո­խա­կան դի­մա­գի­ծին վրայ։

***

«Ու­րո­ւա­գիծ՝ Հ.Յ.Դ. ­Լի­բա­նա­նի կա­ռոյ­ցի պատ­մու­թեան»,
խմբա­գիր՝ ­Ժագ
­Յա­կո­բեան, հրա­տա­րա­կու­թիւն Հ.Յ.Դ.
­Լի­բա­նա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի, ­Պէյ­րութ՝ 2025

Անգ­նա­հա­տե­լի եւ ե­զա­կի է Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան դե­րը սփիւռ­քեան կեան­քին մէջ։ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման ու գաղ­թա­կա­նու­թեան տա­րի­նե­րէն ետք (1915-1923) հա­յա­գա­ղութ­նե­րու մէջ հիմ­նո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րը ղե­կը ա­ռին տա­րագ­րո­ւած ժո­ղո­վուր­դի բախ­տին, ա­ռաջ­նոր­դե­լով հա­յու­թեան բե­կոր­նե­րը դէ­պի վե­րապ­րում ու նո­րա­նոր պայ­քա­րի շղթա­յա­զեր­ծում։
Ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ Հ.Յ.Դ. ­Լի­բա­նա­նի կա­ռոյ­ցի մա­սին պատ­մա­կան անդ­րա­դար­ձը, ո­րուն ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը հա­ւա­սա­րա­պէս լոյս կը սփռէ նաեւ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան պատ­մու­թեան հետ առն­չո­ւող ու­ղիին վրայ։ ­Կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը ու­րո­ւա­գիծ մըն է, որ նպա­տակ ու­նի հա­մա­ռօտ տո­ւեալ­նե­րով կա­տա­րել պատ­մա­կան եր­կար շրջա­նի մը ար­ժե­ւո­րու­մը՝ գա­ղու­թի նախ­նա­կան տա­րի­նե­րէն մին­չեւ ­Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը, հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան պայ­քա­րի մռայլ օ­րե­րը եւ դաշ­նակ­ցա­կան ա­նո­ւա­նի գոր­ծիչ­նե­րու տմար­դի ա­հա­բե­կու­մը, հաս­նե­լով մե­րօ­րեայ տա­րի­նե­րուն։ ­Կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը նշո­ւի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներդ­րու­մը ներ­լի­բա­նա­նեան քա­ղա­քա­կան կեան­քին, ինչ­պէս նաեւ կա­ռոյ­ցի անգ­նա­հա­տե­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը որ­պէս ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պա­հա­պան՝ հա­յու­թեան ծո­ցին մէջ։

***

«­Բա­ռե­րու եւ նկար­նե­րու մեծ գիր­քը», հե­ղի­նակ Օ­լը ­Քէօն­նը­քը, ­
Քո­թոթ
հրա­տա­րակ­չա­տուն, ­Փա­րիզ՝ 2025

­Հայ­կա­կան ման­կա­կան թարգ­մա­նա­կան գրա­կա­նու­թեան մէջ վա­յե­լուչ եւ հե­տաքր­քա­կան հա­տոր մը եւս ա­ւել­ցաւ, այս ան­գամ շնոր­հիւ ­Յաս­միկ եւ ­Շա­ղիկ ­Շա­հի­նեան­նե­րու թարգ­մա­նա­կան փոր­ձին։
­Մե­ծա­դիր եւ գոյնզ­գոյն պատ­կեր­նե­րով ճո­խա­ցած գիր­քը լա­ւա­գոյն ձեռ­նարկ­նե­րէն մէկն է, որ­պէս­զի սփիւռ­քա­հայ մա­նու­կը սոր­վի իր շուր­ջը հան­դի­պած ա­ռար­կա­նե­րու հա­յե­րէն բա­ռերն ու ի­մաս­տը, ա­ռանց դժո­ւա­րու­թեան, միայն խա­ղի ու զբա­ղու­մի ար­դիւ­նա­ւէտ ձե­ւե­րով։ ­Հա­տո­րը պատ­րաս­տո­ւած է մա­նու­կի մը նե­րաշ­խար­հին յար­մար տպագ­րու­թեամբ, ուր խօսքն ու գոյ­նը կը գրա­ւեն մատ­ղաշ տա­րիք­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը եւ հեշ­տու­թեամբ փոք­րի­կի մը ա­ռա­ջին ապ­րում­նե­րուն մէջ կը դրոշ­մեն հայ­կա­կան բա­ռե­րու հարս­տու­թիւնն ու լե­զո­ւի ճո­խու­թիւ­նը։
­Գիր­քը նմա­նա­պէս օգ­տա­կար կը դառ­նայ նաեւ ծնող­քին եւ ու­սու­ցի­չին հա­մար, ա­նոնց առ­ջեւ եւս բա­նա­լով բա­ռե­րու գան­ձա­րա­նը, ման­կա­կան ա­ռա­ջին ծլար­ձա­կում­նե­րուն մէջ լե­զո­ւա­կան պա­շար մը ստեղ­ծե­լով՝ խա­ղի դիւ­րա­հա­ղորդ մի­ջոց­նե­րով։