­Սօս-­Վանիի անտիպ գործերը՝ Սիմոն Վրացեանի եւ Օննիկ Զաքարեանի նամակներուն մէջէն

0
109

ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ

28 ­Մա­յիս 1966-ին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման տա­րե­դար­ձի նո­ւի­րա­կան օ­րը, ­Փի­րէա­յի հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ իր աչ­քե­րը յա­ւի­տե­նա­պէս կը փա­կէր յու­նա­հայ գա­ղու­թի մեծ ե­րախ­տա­ւոր, հայ գի­րի ու դպրու­թեան մշտա­ջան բա­նո­ւոր մը՝ ­Սօս-­Վա­նին, աշ­խար­հա­կան ա­նու­նով՝ ­Կա­րա­պետ ­Յով­հան­նէ­սեան։
­Վաս­պու­րա­կան աշ­խար­հի հպարտ զա­ւա­կը իր բո­վան­դակ կեան­քը ապ­րե­ցաւ հայ գիւ­ղին կա­րօ­տով, բռնի թո­ղած հո­ղին անձ­կու­թեամբ, ո­րուն ա­մէն մէկ ափ ու թիզ հա­րա­զա­տօ­րէն իր ար­ժա­նի տե­ղը գտաւ նո­ւի­րեա­լի եր­կա­րա­շունչ գրա­կան վաս­տա­կին մէջ, եր­գե­լով ա­նոր փառքն ու հիւ­սե­լով հայ­կա­կան հա­րա­զատ, բայց ընդ­միշտ ան­հե­տա­ցած գեղջ­կա­կան կեն­ցա­ղի գով­քը։
Ինչ­պէս իր ժա­մա­նա­կա­կից­ներն ու ա­շա­կերտ­նե­րը կը հաս­տա­տէին, ­Սօս-­Վա­նին եր­բեք չկա­րո­ղա­ցաւ հաշ­տո­ւիլ գաղ­թա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան հետ։ Իր մէջ բո­ցա­վա­ռե­ցաւ ի՛ր իսկ ապ­րած «ի­րա­կան» ­Հա­յաս­տա­նը, այն աշ­խար­հը՝ ուր իր աչ­քե­րը բա­նա­լով շնչեց եւ ապ­րե­ցաւ հայ­կա­կան ա­րե­ւին ու քա­միին կեն­սա­տու շուն­չը, մշտա­պէս իր տա­ռա­պած հո­գիի խո­ցուած ծալ­քե­րուն մէջ պա­հե­լով գան­ձեր, ապ­րում­ներ, հա­յու ի­րա­կան ար­ժէ­քը, ո­րոնց հա­ւա­տա­րիմ պա­հա­պա­նը մնաց իր գոր­ծով, ու­սուց­չա­կան վաս­տա­կով, բայց մա­նա­ւանդ գրա­կան հա­րուստ ար­տադ­րու­թեամբ, որ ա­ւա՜ղ՝ այ­սօր մո­ռա­ցու­թեան մէջ ին­կած է, ան­հե­տա­ցած է…։

ՍՕՍ-ՎԱՆԻԻ ԳՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԱՆՅԱՅՏ ԲԱԽՏԸ

­Կարճ ժա­մա­նակ ա­ռաջ, վաս­տա­կա­ւոր մտա­ւո­րա­կան եւ հան­րա­յին գոր­ծիչ, Հ.Յ.Դ. եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ար­խիւ­նե­րուն ան­խոնջ պրպտող ընկ. Ե­րո­ւանդ ­Փամ­պու­քեա­նի ու օգ­նա­կան քար­տու­ղար ընկ. ­Թա­մար Ս­նա­պեան-­Սուր­ճեա­նի ջան­քե­րով, ձեռքս հա­սաւ յու­նա­հայ ե­րախ­տա­շատ վար­ժա­պետ ու գոր­ծիչ, հան­գու­ցեալ Օն­նիկ ­Զա­քա­րեա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վեր­ջին վար­չա­պետ ու «Ն­շան ­Փա­լան­ճեան» ճե­մա­րա­նի եր­կա­րա­մեայ վաս­տա­կա­ւոր տնօ­րէն ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի մի­ջեւ փո­խա­նա­կո­ւած նա­մակ­նե­րուն պատ­ճէ­նը։
Ա­նոնց մէջ մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ կար­դա­ցի ­Սօս-­Վա­նիի գրա­կան գոր­ծե­րու ամ­բող­ջա­կան ցան­կը, որ խղճմտու­թեամբ ար­ձա­նագ­րած է Օ. ­Զա­քա­րեան։ ­Նա­մակ­նե­րու ըն­թեր­ցու­մը՝ յու­նա­հայ գա­ղու­թին հետ առնչո­ւած ար­ժէ­քա­ւոր տո­ւեալ­ներ ար­ձա­նագ­րե­լու կող­քին, յու­զում ու ափ­սո­սանք պատ­ճա­ռող ի­րո­ղու­թիւն մը կը դառ­նայ, դառ­նօ­րէն մտա­ծե­լու հա­մար, թէ ի՜նչ ե­ղաւ բախ­տը ­Սօս-­Վա­նիի գրա­կան գան­ձե­րուն։ Օն­նիկ ­Զա­քա­րեա­նի հո­գե­կան տա­ռա­պան­քը, զա­նոնք ա­պա­հով տեղ մը հասց­նե­լու տան­ջա­լից հեւ­քը, կո­րուս­տէ փրկե­լու տագ­նա­պա­լի ար­ձա­նագ­րու­թիւնն է, որ կ­՚ար­տա­ցո­լայ գրո­ւած տո­ղե­րուն մէ­ջէն։
­Սօս-­Վա­նին մա­հա­ցաւ 28 ­Մա­յիս 1966-ին։ ­Հա­զիւ ե­րեք ա­միս ան­ցած է անն­ման կրթա­կան մշա­կի մա­հէն, երբ 2 ­Սեպ­տեմ­բեր 1966 թո­ւա­կիր նա­մա­կին մէջ Օն­նիկ ­Զա­քա­րեան հե­տե­ւեալ տո­ղե­րը կը գրէ իր սի­րե­լի բա­րե­կամ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նին։
«­Քա­նի մը օ­րեր ա­ռաջ, ­Սօս ­Վա­նիին կնո­ջը այ­ցե­լե­ցի եւ գրի ա­ռի իր ձե­ռա­գիր­նե­րու ցու­ցա­կը։ ­Բո­լորն ալ տրա­մադ­րե­լի են ­Ձե­զի։ ­Ցու­ցա­կը կը ներ­փա­կեմ։ Ե­թէ հա­մա­ձայն էք՝ սնտու­կով մը կը ղրկեմ ­Ձե­զի ճե­մա­րա­նա­կան­նե­րուն հետ։ ­Կը կար­ծեմ, որ հրա­տա­րա­կե­լի նիւ­թեր կրնաք գտնել։ ­Ձե­ռա­գիր­նե­րը ա­ւե­լի քան ըն­թեր­նե­լի են եւ բո­լորն ալ վե­րա­նա­յո­ւած ու սրբագ­րո­ւած։ Այս­պէս որ, հրա­տա­րա­կու­թեան պա­րա­գա­յին զերծ կը մնաք տաղ­տուկ­նե­րէ։ Կրկ­նեմ, որ ձեռ­քի գա­լիք շատ բա­ներ կրնաք գտնել։ ­Ձե­ռա­գիր­նե­րը, այ­սինքն ղրկե­լիք­ներս վե­րա­դարձ­նե­լու հար­կին մէջ պի­տի չգտնո­ւիք։ Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի նիւ­թա­կան ակն­կա­լու­թեան մը իր այ­րիին կող­մէ, այդ տե­սա­կէ­տէ ալ կրնաք հան­գիստ ըլ­լալ։ ­Ձեր ու­զած ձե­ւով կրնաք կար­գադ­րել։ ­Սօս-­Վա­նին, իր 50 տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թեամբ՝ բա­ւա­կան ըն­դար­ձակ շրջա­նակ մը ու­նի նախ­կին սան-սա­նու­հի­նե­րու, այս պա­րա­գան ալ հարկ է հա­շո­ւի առ­նել հրա­տա­րա­կե­լի գրքե­րու սպառ­ման մէջ»։
­Նոյն նա­մա­կին կցո­ւած է մէկ է­ջի վրայ մե­քե­նագ­րո­ւած ցան­կը ­Սօս-­Վա­նիի գոր­ծե­րուն։
Օն­նիկ ­Զա­քա­րեան կը շա­րու­նա­կէ տագ­նա­պիլ ան­տիպ գոր­ծե­րու բախ­տով։ Ան կը հա­ւա­տայ, թէ ա­նոնց տե­ղը ­Հա­մազ­գա­յի­նի գրա­դա­րա­նին մէջն է միայն, հրա­տա­րա­կու­թեան ար­ժա­նա­նա­լու ե­րա­զան­քով։ Այս նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ, իր 17 ­Յու­նիս 1967 թո­ւա­կիր նա­մա­կին մէջ կը պնդէ տետ­րակ­նե­րը ղրկել ­Ճե­մա­րան։
«­Քա­նի մը ա­ռիթ­նե­րով գրած էի ­Ձե­զի ­Սօս-­Վա­նիի գրա­կան վաս­տա­կին մա­սին։ ­Տի­կի­նը տրա­մա­դիր է ամ­բող­ջու­թեամբ զա­նոնք տրա­մադ­րել ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻՆ. ձեռ­քի գա­լիք բա­ներ կան։ Այս մա­սին պի­տի ու­զէի ­Ձեր պա­տաս­խա­նը։ ­Բա­ցա­սա­կան ըլ­լա­լու պա­րա­գա­յին տար­բեր կար­գադ­րու­թիւն մը ը­նե­լու հա­մար»։
­Ծա­նօթ է, որ ար­դէն այդ տա­րի­նե­րը (իր մա­հէն հա­զիւ ե­րեք տա­րի ա­ռաջ), ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան կը դի­մագ­րա­ւէր ա­ռող­ջա­կան լուրջ խնդիր­ներ, միա­ժա­մա­նակ կը փոր­ձէր նաեւ հաս­նիլ ճե­մա­րա­նի տնօ­րէ­նի պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն։ ­Զար­մանք չի պատ­ճա­ռեր ու­շա­ցած նա­մա­կը Վ­րա­ցեա­նէն՝ 30 ­Յու­նիս 1967 թո­ւա­կիր նշու­մով, ո­րուն մէջ մեծ հա­յը կը փոր­ձէ տար­բեր լու­ծում տալ՝ ան­տիպ գոր­ծե­րը ­Հա­յաս­տան ու­ղար­կե­լու թե­լադ­րան­քով, գու­ցէ իր միտ­քին մէջ ու­նե­նա­լով այն հա­մո­զու­մը, թէ նման գանձ մը ա­ւե­լի լաւ բախ­տի կրնայ ար­ժա­նա­նալ հայ­րե­նի գրա­կան աշ­խար­հին մէջ։ Վ­րա­ցեան կը պա­տաս­խա­նէ։
«­Սօս-­Վա­նիի գրու­թիւն­նե­րը, իմ կար­ծի­քով լաւ է ու­ղար­կել ­Հա­յաս­տան։ Կ­՚են­թադ­րեմ, թէ սի­րով կ­՚ըն­դու­նին։ Ե­թէ այդ­պի­սի հնա­րա­ւո­րու­թիւն չկայ, ու­ղար­կե­ցէք ­Ճե­մա­րան մեր թան­գա­րա­նի գրա­կան բաժ­նում զե­տե­ղե­լու հա­մար։ Ու­րա­խու­թեամբ եւ շնոր­հա­կա­լու­թեամբ կ­՚ըն­դու­նինք»։
­Յայտ­նի չէ, թէ ինչ պա­տա­հե­ցաւ ան­կէ ետք։ Ո՞ւր մնա­ցին գոր­ծե­րը, ո­րո՞նց մօտ պա­հո­ւե­ցան։ ­Հե­տա­գայ նա­մակ­նե­րուն մէջ, Օն­նիկ ­Զա­քա­րեան կը խօ­սի ­Պէյ­րութ այ­ցե­լու­թեան մա­սին, որ ե­ղած է հա­ւա­նա­բար 1967-ի վեր­ջե­րը կամ 1968-ի ա­ռա­ջին օ­րե­րը։ Ու­րիշ նշում չկայ ­Սօս-­Վա­նիի գոր­ծե­րուն մա­սին։ Ար­դեօ՞ք ­Զա­քա­րեան ա­նոնք իր հետ տա­րաւ ­Պէյ­րութ եւ յանձ­նեց ­Ճե­մա­րա­ն։ ­Պէ՛տք է ո­րո­նել։ Ար­դեօ՞ք մնա­ցին իր այ­րիին մօտ ու կորս­տեան մատ­նո­ւե­ցան։ Ար­դեօ՞ք տար­բեր կար­գադ­րու­թին մը ե­ղած է։
­Կար­ճա­տեւ հա­մեստ պրպտում­ներս ար­դիւնք չտո­ւին։ «Ա­զատ Օր»-ի, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի գրա­դա­րան­նե­րուն մէջ նման գոր­ծեր չկան, միայն նմուշ­ներ՝ ­Սօս-­Վա­նիի լոյս տե­սած սա­կա­ւա­թիւ հա­տոր­նե­րէն, ո­րոնց­մէ «Ա­զատ Օր»-ը բա­ժին­ներ հրա­տա­րա­կեց յա­ջոր­դա­կան թի­ւե­րով՝ քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ։
­Մեր գրա­կան գան­ձա­րա­նը որ­քա՜ն ա­ւե­լի հա­րուստ պի­տի ըլ­լար ե­թէ ժա­մա­նա­կին այդ ար­ժէ­քա­ւոր գոր­ծե­րը ար­ժա­նա­ցած ըլ­լա­յին հրա­տա­րա­կու­թեան։ ­Վար­ժա­պե­տի հա­մեստ ռո­ճի­կով ապ­րած, հա­մես­տու­թեան մարմ­նա­ցու­մը ե­ղած մեծ հայ մար­դու՝ ­Սօս-­Վա­նիի գոր­ծե­րուն վի­ճա­կո­ւած այս­պի­սի ճա­կա­տա­գի­րը ափ­սո­սանք մըն է…։

***

ՍՕՍ-ՎԱՆԻԻ ԳՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ
(ար­ձա­նագ­րո­ւած Օն­նիկ ­Զա­քա­րեա­նին կող­մէ)

1. «­Հին ­Յու­նաս­տա­նի լե­գենդ­ներն ու ա­ռաս­պել­նե­րը», Ա. գիրք՝ էջ 255, Բ. գիրք՝ էջ 230, ձե­ռա­գիր։
2. «­Սա­սու­նա­կան» – ­վի­պերգ — էջ 60։
3. ­«Հայ­կա­կան պա­րերգ­ներ». գրքոյկ 42 է­ջով, տպագ­րո­ւած 1912-ին, Ա­տա­բա­զար։
4. «­Կա­նա­չենց հար­սը» — վէպ — իբ­րեւ թեր­թօն հրա­տա­րա­կո­ւած ԱԶԱՏ ՕՐ-ի եւ ՅԱՌԱՋ-ի մէջ։
5. «Ա­ւան­դու­թիւն­ներ-պատ­մո­ւածք­ներ եւ հե­քեաթ­ներ». թեր­թե­րու մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած ըլ­լա­լով՝ ամ­փո­փած է եւ կազ­մած գիրք մը. էջ 119։
6. «­Կի­լի­կիա–­հոն՝ ուր ­Ռու­բի­նեանց շու­քը եր­կա­րե­ցաւ». ձե­ռա­գիր. էջ 85։
7. «­Մեր երկ­րի ջրա­յին խա­ղե­րէն». ձե­ռա­գիր, էջ 94. նկա­րա­զարդ։
8. «­Հայ­կա­կան հար­սա­նի­քը, հայ ըն­տա­նի­քը եւ տու­նին խոր­հուր­դը». ձե­ռա­գիր, էջ 66, գեղջ­կա­կան, տոհ­միկ նկար­նե­րով։
9. «­Հայ դի­ցա­բա­նու­թիւն». թեր­թե­րու մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած ու ամ­փո­փո­ւած տետ­րա­կի մէջ, էջ 17։ Իւ­րա­քան­չիւր էջ՝ թեր­թի եր­կու սիւ­նակ։
10. «­Մեր երկ­րի քա­րայր­նե­րը-մեր երկ­րի ծակ քա­րայր­նե­րը»։ ­ձե­ռա­գիր, էջ 132։
11. «­Մէկ ազգ եւ մէկ ­Հայ­րե­նիք». եր­կու մա­սե­րէ բաղ­կա­ցած թա­տե­րակ. Ա. մա­սը՝ էջ 15, Բ. մա­սը՝ էջ 21։
12. «Սր­բա­զան ծա­ռեր». ձե­ռա­գիր, էջ 76։
13. «Ա­ւան­դու­թիւն­ներ». 17 հատ. ձե­ռա­գիր, էջ 63։
14. «­Վաս­պու­րա­կանն ու վաս­պու­րա­կան­ցին». ձե­ռա­գիր, էջ 47։
15. «­Մեր լեռ­նե­րու խոր­հուր­դը». ձե­ռա­գիր, էջ 83։
16. «Բ­նու­թիւն եւ Հ­րա­շա­լիք-­Վաս­պու­րա­կան եւ վաս­պու­րա­կան­ցին», էջ 57։
17. «­Հայ ըն­տա­նե­կան բար­քերն ու նա­խա­պա­շա­րում­նե­րը». ձե­ռա­գիր, էջ 147։
18. «­Քեր­թո­ւած­ներ». ձե­ռա­գիր, էջ 69։
19. «Ա­ւան­դու­թիւն­ներ եւ վի­պերգ­ներ». թեր­թե­րու մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած եւ ամ­փո­փո­ւած տետ­րա­կի մը մէջ. էջ 99։
20. «­Հե­քեաթ­ներ պա­տա­նի­նե­րու հա­մար». ձե­ռա­գիր, էջ 149։
21. «­Պատ­մո­ւածք­ներ՝ հպար­տան­քի եւ տխրու­թեան». ձե­ռա­գիր, էջ 160։
22. «­Կան­չեր՝ մեր լա­ցի պա­տէն». ձե­ռա­գիր, էջ 64։
23. «­Ծո­ցիս տետ­րա­կէն». Ա. գիրք՝ էջ 263, Բ. գիրք՝ էջ 293, Գ. գիրք՝ էջ 52, բո­լո­րը ձե­ռա­գիր։
24. «­Շա­տախ-պատ­կեր եւ նշխար». ձե­ռա­գիր, էջ 240, պատ­կե­րա­զարդ։
25. «­Պատ­մո­ւածք­ներ գիւ­ղէն». ձե­ռա­գիր, էջ 205։
26. «­Դա­րեր ա­ռաջ», տա­ղա­չա­փեալ. Ա. տետ­րակ՝ էջ 234, Բ. տետ­րակ՝ էջ 278, Գ. տետ­րակ՝ էջ 199։
27. «Այ­գես­տան». ձե­ռա­գիր, էջ 265։
28. «­Հա­ւա­տոյ հան­գա­նա­կէս». ձե­ռա­գիր, էջ 245։
29. «­Վի­պերգ­ներ». Էջ 191։
30. «­Հայ­րե­նի յու­շեր». Ա., Բ., Գ., Դ. տետ­րակ­ներ, իւ­րա­քա­նիւ­րը 240, 260, 210, 150 էջ։
31. «Նշ­խար եւ պատ­կեր». ձե­ռա­գիր, էջ 191։
32. «Ա­ւան­դու­թիւն­ներ». ձե­ռա­գիր, էջ 206։
33. «Հ­նա­մա­տեան». ձե­ռա­գիր, էջ 254։
34. «­Հայ­րե­նի սա­րեր». ձե­ռա­գիր, էջ 350, պատ­կե­րա­զարդ։
35. «­Ճանչ­նանք մեր հայ­րե­նի­քը». ձե­ռա­գիր, էջ 1600։