Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած միօ­րեայ պտոյ­տը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Համ­բարձ­ման օ­րը, ­Հինգ­շաբ­թի, 21 ­Մա­յի­սին: ­Շուրջ 50 ըն­կե­րու­հի­ներ հա­ւա­քո­ւած էին հա­ճե­լի օր մը ան­ցը­նե­լու տրա­մադ­րու­թեամբ, Է­վիա­յի գե­ղե­ցիկ բնու­թեան ծո­ցին մէջ:
­Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը լայն ժպի­տով դի­մա­ւո­րե­ցին եւ հիւ­րըն­կա­լե­ցին պտոյ­տին մաս­նակ­ցող­նե­րը: Երբ հան­րա­կառ­քը ըն­թացք ա­ռաւ, ըն­կե­րու­հի Ալ­մաստ ­Մե­լի­քեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լէ ետք ա­ռաջ­նոր­դեց ըն­կե­րու­հի­նե­րը ­Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քով սկսե­լու օ­րը, ան­փոր­ձանք տեղ հաս­նե­լու մի­տու­մով:
Ա­պա, ընկ.հի Ա­լիս ­Յա­րու­թիւ­նեան ներ­կա­յա­ցուց ­Համ­բարձ­ման օ­րո­ւան ի­մաս­տը եւ ա­նոր կա­պո­ւած հե­տաքրք­րա­կան, օգ­տա­շատ ա­ւան­դա­պա­տում­ներ փո­խան­ցեց, ո­րոնք ար­մա­տա­ցած են մեր ժո­ղո­վուր­դին մէջ:
­Հան­րա­կառ­քը սուր­ճի դա­դա­րի մը հա­մար կանգ ա­ռաւ ­Նէա Ար­թա­քիի ծո­վա­փը: Ըն­կե­րու­հի­նե­րուն հա­մար հա­ճե­լի ա­նակն­կալ ե­ղան թթե­նի­նե­րը, ուր­կէ հա­սուն թու­թե­րը քա­ղե­լով հիւ­րա­սի­րե­ցին զի­րար: ­Յա­ջորդ հանգ­րո­ւանն էր «Ա­յիա ­Քի­րա­քի»ի մա­տու­ռը: ­Ժայ­ռա­փոր գե­ղե­ցիկ մա­տուռ մըն էր, ո­րուն ներ­քե­ւէն հան­դար­տօ­րէն կը հո­սէր լեռ­նե­րէն իջ­նող ջու­րը, եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ այդ ջու­րով կը լո­ւա­ցո­ւէին: Ըն­կե­րու­հի­նե­րը մա­տու­ռին կող­քէն հո­սող գե­տա­կին շուրջ յի­շա­տա­կի նկար­ներ առ­նե­լով հե­ռա­ցան:
­Վեր­ջա­պէս հան­րա­կառ­քը ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի ճա­շա­րան, որ գե­տին ե­զեր­քը բար­տի­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած բնու­թեան մէջ հիաս­քանչ վայր մըն էր: ­Ճա­շէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ այն­քան սպա­սո­ւած վի­ճա­կա­խա­ղը, համ­բարձ­ման յա­տուկ եր­գե­րով: Ըն­կե­րու­հի­նե­րը ու­րախ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­ցին երգ ու պա­րով, որ­մէ ետք հան­րա­կառ­քը բռնեց վե­րա­դար­ձի ճամ­բան, որ նոյն­քան հե­զա­սահ ըն­թա­ցաւ:
Ըն­կե­րու­հի ­Վարդ Մկր­տի­չեան շնոր­հա­կա­լու­թեան եւ գո­հու­նա­կու­թեան խօս­քեր ար­տա­յայ­տեց վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած ձեռ­նար­կին հա­մար, ո­րուն ձայ­նակ­ցե­ցան ըն­կե­րու­հի­նե­րը ծա­փող­ջոյն­նե­րով:
­Վար­չու­թեան կող­մէ ըն­կե­րու­հի Ալ­մաստ իր կար­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ըն­կե­րու­հի­նե­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թեան եւ գնա­հա­տան­քին հա­մար:
­Յա­ռա­ջի­կա­յին նման պտոյտ­նե­րու ծրագր­ման խոս­տու­մով պտոյ­տը հա­սաւ իր ա­ւար­տին:

Ա­նի Պ.