Թրակիոյ հայահոծ շրջանի հայութիւնը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով, հրապարակային ոգեկոչական ելոյթի իրագործումով Գավալայի մէջ, Կիրակի, 26 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան։ Ելոյթը կազմակերպուած էր Հայ դատի յանձնախումբի եւ Գավալայի մարզպետարանի գործակցութեամբ։
Քաղաքի «Ափոլոն» հանդիսասրահին մէջ ներկայ եղան խորհրդարանի ներկայացուցիչ երեսփոխան Նիքոս Փանայոթոփուլոս, նաեւ երեսփոխաններ Իոաննիս Փասխալիտիս եւ Ակելիքի Տելիքարի։
Բարձր ներկայութիւն ունեցաւ նաեւ շրջանի մետրոպոլիտ Ստեֆանոս եպիսկոպոսը: Տեղական կառոյցներէն իրենց ներկայութիւնը հաստատեցին փոխմարզպետ Թէոտորոս Մարքոփուլոս, Գավալայի քաղաքապետ Թէոտորս Մուրիատիս, շրջանի զինուորական կարգերու բարձրաստիճան սպաներ, մարզպետական եւ քաղաքապետական խորհուրդներու անդամեր, ինչպէս նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հայ գաղութը կը ներկայացնէին հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան, Ազգային վարչութեան անդամ Զապէլ Այվազեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի կեդր. կոմիտէի անդամ ընկ. Կարօ Նատեան, թաղականութիւններու անդամներ եւ Հ.Գ.Խաչի վարչական անդամներ։
Թրակիոյ միացեալ երգչախումբին կողմէ եւ Տ. Դանիէլ քհնյ. հօր ղեկավարութեամբ, հնչեցին հայկական եւ յունական ոգերգները, որոնցմէ ետք օրուան հանդիսավար Խրիսթինա Մատթէւոսեան կատարեց ելոյթի բացումը։ Ան նախապէս ներկայացուց պատմական ժամանակաշրջանի իրադրութիւնը, սկսելով համիտեան ջարդերէն եւ ծանրանալով 1915-ի եղեռնագործութեան վրայ, որուն հետեւանքով կորսուեցան հայութեան պատմական հողերը եւ անոր մշակութային հարստութիւնը։ Խօսողը անդրադարձ կատարեց Արցախի դէմ կատարուած պատերազմին մասին, մատնացոյց ընելով թուրք-ատրպէյճանական յարձակողականութեան երեսը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ մեծ աղէտներ պատճառել տարածաշրջանի ժողովուրդներուն։
Ուղերձներով հանդէս եկան խորհրդարանի ներկայացուցիչը, փոխմարզպետը եւ քաղաքապետը, բոլորն ալ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելով հայ ժողովուրդին եւ դատապարտելով անոր դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը։ Օրուան գլխաւոր խօսողն էր Կիպրոսէն հրաւիրուած, հայ ժողովուրդի գերազանց բարեկամ ու մշտական զօրակից, բժիշկ եւ երեսփոխան Էլէնի Թէոխարուս, որ կուռ բանախօսութեամբ մը լուսարձակի տակ առաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Կիպրոսի աղէտը եւ Արցախի ողբերգութիւնը, իբրեւ նոյն ցեղասպանի ձեռակերտները։ Իր խօսքը նիւթ ունենալով «Պատմութեան մէջ վերապրող շիկացած յիշողութիւնը», ան մատնանշեց ոճիրներու անպատժելիութիւնը, հրաւէր կարդալով միջազգային ընտանիքին եւ Թուրքիոյ, առերեսուելու մեծ ոճիրներուն հետ եւ ստանձնելու պատմական պատասխանատուութիւնը։ Յարգելի խօսողին արտայայտութիւնները արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։
Գեղարուեստական յայտագիրի գործադրութեան ընթացքին, ելոյթ ունեցաւ Գավալայի երաժշտական վարժարանի եւրոպական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Քոնսթանտիա Քիփրուի, որ մեկնաբանեց չորս հայկական եւ յունական երգեր, յուզելով ներկայ հասարակութիւնը։ Թրակիոյ շրջանի հայկական երգչախումբը, խմբավարութեամբ Տ. Դանիէլ քահանայ հօր, յաջողապէս մեկնաբանեց «Ատանա» երգը։
Հուսկ, ժողովրդային թափորով եւ քաղաքապետական նուագախումբի առաջնորդութեամբ, ներկաները ուղղուեցան դէպի քաղաքի հերոսներու յուշադամբանը, ուր կատարուեցաւ դափնեպսակներու զետեղում եւ ոգերգներու հնչում։
Նաեւ, բարեխօսական կարգի արարողութիւններ կատարուեցան Գոմոթինիի, Ալեքսանտրուփոլի եւ Քսանթիի հայկական եկեղեցիներէն ներս, ոգեկոչելով յիշատակը Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն: Հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան իր քարոզներուն մէջ յաւերժացուց զոհերուն յիշատակը, միաժամանակ նշելով յիշողութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, որպէս հայութեան պայքարի կարեւոր բաղկացուցիչ:










