Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան 135-ա­մեայ տա­րե­դար­ձը ար­ժա­նա­ւա­յել հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։ Եր­կու օ­րե­րու վրայ եր­կա­րող ե­լոյթ­նե­րով, յու­նա­հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեամբ, հրա­պա­րա­կա­յին ձեռ­նարկ­նե­րը ընդգր­կե­ցին վեր­լու­ծա­կան խօս­քեր, զրոյց, բա­նա­խօ­սու­թիւն եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր։ Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Ա­թէն­քի մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւած հրա­պա­րա­կա­յին զրոյ­ցի թղթակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մեր թղթա­կի­ցին նկա­րագ­րա­կան գրու­թիւ­նը։

***

Հ­րա­պա­րա­կա­յին զրոյց եւ քննար­կում Ա­թէն­քի մէջ

­Տար­բեր բնոյթ ու­նե­ցող ե­լոյ­թի մը կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէն հան­դէս ե­կաւ հրա­պա­րա­կա­յին զրոյ­ցով մը՝ «Ե­րէկ, այ­սօր, վա­ղը՝ միշտ միա­սին» խո­րա­գի­րով, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու հա­մար Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան դե­րը իր հիմ­նադ­րու­թեան օ­րե­րէն, հաս­նե­լով մին­չեւ մե­րօ­րեայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, ո­րոնք կանգ­նած են հայ ազ­գի եւ հայ պե­տու­թեան առ­ջեւ։
­Շա­բաթ, 28 ­Փետ­րո­ւար 2026-ի ե­րե­կո­յեան, յու­նա­հայ հայ­րե­նա­կից­նե­րու ամ­փոփ­ման վայ­րը ե­ղաւ ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նը, ո­րուն զոյգ սրահ­նե­րը լե­ցո­ւած էին ժո­ղո­վուր­դի ստո­ւար թի­ւով։
Ե­լոյ­թը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տուե­ցին ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը եւ ան­դամ­նե­րը, Ազ­գա­յին ­Կեդր. վար­չու­թեան ան­դա­մը, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի ներկայացուցիչը, շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թիւն­նե­րը եւ տե­ղա­կան միու­թե­նա­կան գոր­ծօն­նե­րը։
Ե­րե­կոն սկսաւ տե­սաե­րի­զի ցու­ցադրու­թեամբ, որ կա­տա­րեց Հ.Յ.Դ. հիմ­նադ­րու­թեան օ­րե­րէն մին­չեւ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րը կու­սակ­ցու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թեան ար­ժե­ւո­րու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին մէջ, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան, Ար­ցա­խի հե­րո­սա­պա­տու­մին եւ վեր­ջին տա­րի­նե­րու քա­ղա­քա­կան եւ ազ­գա­յին ի­րա­վի­ճա­կին կա­պակ­ցու­թեամբ։
­Յա­ջոր­դա­բար, բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ զրու­ցա­վար ընկ. ­Յո­վիկ ­Պա­պօղ­լեան, որ իր նա­խա­բա­նին մէջ հարց դրաւ, թէ ինչ­պէս կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար պատ­կե­րաց­նել հայ ժո­ղո­վուր­դի վեր­ջին 135 տա­րի­նե­րու պատ­մա­կան ըն­թաց­քը ա­ռանց Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յու­թեան հայ կեան­քէն ներս եւ ա­ռանց բո­լոր այն պա­տում­նե­րուն, ո­րոնց դե­րա­կա­տար ե­ղաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, հու­նա­ւո­րե­լով հայ ազ­գի եր­թը եւ պատ­մա­կան հո­լո­վոյ­թը։ ­Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն ան յայտ­նեց. «ե­կէ՛ք բո­լորս միա­սին յան­գինք մէկ ան­խու­սա­փե­լի եզ­րա­կա­ցու­թեան. հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան վեր­ջին 135 տա­րի­նե­րը պի­տի ըլ­լա­յին ա­ռանց բո­վան­դա­կու­թեան, դա­տարկ ու պա­րապ է­ջեր, շատ հա­ւա­նա­բար ա­ռանց պե­տա­կա­նու­թեան, ա­ռանց ե­ռա­գոյն դրօ­շի եւ զի­նան­շա­նի, իսկ հա­յու­թեան վի­ճա­կը՝ ող­բա­լի եւ ա­նո­րոշ»։
Ան նաեւ ա­ւել­ցուց. «Իսկ ե­թէ խո­րա­նանք, պի­տի տես­նենք աշ­խար­հա­տա­րած, ժրա­ջան եւ ան­խոնջ աշ­խա­տանք տա­նող հա­մա­հայ­կա­կան ցանց մը, որ իր ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րով, հա­մա­կիր­նե­րով եւ ան­դամ­նե­րով, ա­մէ­նօ­րեայ անձ­նա­զոհ ճի­գով, շատ ան­գամ շրջան­ցե­լով նոյ­նիսկ տրա­մա­բա­նու­թեան սահ­ման­նե­րը, ան­շա­հախն­դիր նո­ւի­րու­մով եւ խոր հա­մես­տու­թեամբ կը ծա­ռա­յէ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ հայ­րե­նի­քին»։
Զ­րու­ցա­վա­րը մատ­նան­շեց, թէ վեր­ջին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հայ ժո­ղո­վուր­դը՝ թէ՛ ­Հա­յաս­տա­նի եւ թէ՛ Ս­փիւռ­քի մէջ, կը գտնո­ւի խոր ճգնա­ժա­մի առ­ջեւ։ Ար­ցա­խի ա­զա­տագր­ման փա­ռա­ւոր եւ յաղ­թա­կան օ­րե­րուն, դժբախ­տա­բար, յա­ջոր­դեց Ար­ցա­խի կո­րուս­տը եւ հա­յա­թա­փու­մը՝ հա­զա­րա­ւոր հա­յոր­դի­նե­րու ա­րիւ­նով։
«Այ­սօր, մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը դրո­ւած է հար­ցա­կա­նի տակ։ ­Յան­ձո­ւո­ղա­կա­նու­թիւնն ու պար­տո­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը սկսած են ծիլ տալ մեր ժո­ղո­վուր­դի մտա­ծո­ղու­թեան մէջ։ Ար­հես­տա­կա­նօ­րէն սեր­մա­նո­ւող այն մտայ­նու­թիւ­նը, որ կը քա­րո­զէ միայն անձ­նա­կան բա­րե­կե­ցու­թիւ­նը եւ հան­գիստ կեանք՝ ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հա­շո­ւոյն, կը ծա­ռա­յէ որ­պէս տրո­յա­կան ձի՝ մեր ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րու­նակ ո­գին թու­լաց­նե­լու եւ ընկ­ճե­լու հա­մար։
­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ յար­մա­րո­ւիլ ստեղ­ծո­ւած պայ­ման­նե­րուն, ըն­դու­նիլ թշնա­միի հա­ւակ­նու­թիւն­նե­րը, մոռ­նալ Ա­րա­րա­տը, հրա­ժա­րիլ պատ­մու­թե­նէն եւ ազ­գա­յին պա­հանջ­նե­րէն, հրա­ժա­րիլ Ար­ցա­խէն, նոյ­նիսկ նա­հան­ջել ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման պայ­քա­րէն եւ ­Հայ դա­տէն, կը յա­ռա­ջաց­նէ խոր մտա­հո­գու­թիւն ա­մէն հա­յու մէջ։ Այ­սօր, հա­յու­թեան ինք­նու­թիւ­նը մեր­ժող մտա­ծե­լա­կեր­պը լուրջ վտանգ կը հան­դի­սա­նայ մեր պե­տա­կա­նու­թեան ա­պա­գա­յին հա­մար»։
Ա­ւե­լի ման­րա­մասն բա­ցատ­րե­լով օ­րուան հրա­պա­րա­կա­յին զրոյ­ցի նպա­տա­կը, բեմ հրա­ւի­րեց ­Լի­բա­նա­նէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թի խմբա­գիր ընկ. ­Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան, ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար ի­րենց վեր­լու­ծա­կան միտ­քե­րը նիւ­թին առն­չու­թեամբ։
Ընկ. ­Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեան իր խօս­քի մեկ­նար­կին անդ­րա­դար­ձաւ հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած ներ­կայ մար­տահրա­ւէր­նե­րուն, շեշ­տը դնե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի հրա­տապ խնդիր­նե­րուն վրայ եւ նշեց. «Այ­սօ­րո­ւան պայ­ման­նե­րուն մէջ հա­մա­հայ­կա­կան ե­րեք օ­րա­կարգ իր շուրջ կրնայ հա­մախմ­բել բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, հա­մա­կար­գուած եւ նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած ձե­ւով հե­տապնդե­լու հա­մար ­Հայ դա­տի ներ­կայ ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը.
Ա. ­Պա­քո­ւի մէջ պա­հո­ւող Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու ա­զատ ար­ձա­կու­մը։
Բ.Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին հա­ւա­քա­կան վե­րա­դար­ձը։
Գ. ­Հայ հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան դէմ կի­րար­կո­ւող բնաջն­ջու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կա­սե­ցու­մը։
Ատր­պէյ­ճա­նը ­Թուր­քիոյ նման, ինչ­պէս ­Նա­խի­ջե­ւա­նի, այն­պէս նաեւ Ար­ցա­խի մէջ կազ­մա­կեր­պեց եւ գոր­ծադ­րեց մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն քան­դե­լով հայ­կա­կան գե­րեզ­մանն­ներն ու խաչ­քա­րե­րը բնաջն­ջե­լով ա­մէն հայ­կա­կան վանք, ե­կե­ղե­ցի  եւ հա­յա­պատ­կան ա­մէն հետք։
­Մեր խնդի­րը պի­տի ըլ­լայ մշա­կու­թա­յին այս ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րուն մօտ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք տա­նիլ, որ­պէս­զի ճնշում բա­նեց­նեն Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ։ ­Դա­տա­պար­տեն քա­ղա­քակր­թու­թեան դէմ այս ձեռ­նար­կո­ւած ար­շա­ւը եւ պար­տադ­րեն կանգ­նեց­նել այս քան­դիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը»։
­Յա­ջոր­դա­բար, ըն­կե­րը ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րեց ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ու­նե­ցած ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն, ընդգ­ծե­լով նաեւ Ար­ցա­խի հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան մա­սին պատ­կե­րա­զարդ ո­րա­կեալ եւ պատ­մա­կան ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րով հա­րուստ թղթած­րա­րի պատ­րաս­տու­թիւ­նը։
Ապա, խօ­սո­ղը վեր­լու­ծեց Հ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ամ­բող­ջա­կան եւ հա­մա­պար­փակ յայ­տա­րու­թիւ­նը Հ.Հ. նա­խա­գա­հի Ա­թէնք այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով, ընդգ­ծե­լով սահ­մա­նադ­րա­կան խախ­տում­նե­րու, պե­տու­թեան հե­ղի­նա­կազրկման եւ հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կարգ­նե­րուն ամ­րօ­րէն կառ­չե­լու պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։
­Շա­րու­նա­կե­լով, ան մէկ առ մէկ քննու­թեան նիւթ դար­ձուց ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը Ար­ցա­խի մէջ ա­պօ­րի­նա­բար բան­տար­կո­ւած մնա­ցած հայ գե­րի­նե­րուն մա­սին, Ատր­պէյ­ճա­նի ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն եւ յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թեան նկատ­մամբ, ինչ­պէս նաեւ հայ եւ յոյն միջ­պե­տա­կան զար­գաց­ման մէջ յու­նա­հայ գոր­ծօն­նե­րու ան­մի­ջա­կան քա­ղա­քա­կան նեդ­րու­մը, ամ­րապն­դե­լով եր­կու եր­կիր­նե­րու բազ­մա­տե­տակ գոր­ծակ­ցու­թիւնն ու զար­գա­ցու­մը։ ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, ան նշեց հե­տե­ւեալ­նե­րը.
«­Միեւ­նոյն հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կար­գե­րու ուղ­ղու­թեամբ սկզբուն­քա­յին կե­ցո­ւածք­նե­րու նկա­տա­ռու­մով էր, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը իր բո­ղո­քի ձայ­նը լսե­լի դար­ձուց այն խորհր­դա­րա­նականնե­րուն, ո­րոնք ըն­դա­ռա­ջած էին ­Պա­քուի  հրա­ւէ­րին մեկ­նե­լով Ար­ցախ։
Ա­զա­տու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հե­տա­մուտ,  այդ ար­ժէ­քա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան տէր  երկ­րի խորհր­դա­րա­նակն­նե­րը գործ ու­նէին ա­զա­տու­թեան հի­ման վրայ եւ ա­մէ­նէն ժո­ղովր­դա­վար կար­գե­րով ան­կա­խա­ցած Ար­ցա­խի բո­լոր ի­րա­ւունք­նե­րը ոտ­նա­կո­խած ­Պա­քո­ւի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ։ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան բո­լոր ա­զա­տու­թիւն­նե­րը ճզմած, զի­րենք բռնի կեր­պով տե­ղա­հա­նած, մար­դոց ա­զատ տե­ղա­շար­ժը ար­գե­լած Ատրպէյ­ճա­նին հետ։ ­Տա­կա­ւին։ Ա­նոնց ա­զա­տու­թիւ­նը խլած, շրջա­փա­կած, սո­վի մատ­նած, ցե­ղա­յին զտու­մի են­թար­կած նոյն Ատրպէյ­ճա­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ի­րա­ւամբ էր, որ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը գրա­ւոր կը ներ­կա­յաց­նէր իր բո­ղո­քը  եւ կ­՚ակն­կա­լէր մի­ջամ­տու­թիւն։ Այս բո­լո­րը նշե­լէ ետք բո­ղո­քի նա­մա­կը կ­՚անդ­րա­դառ­նար նաեւ ­Պա­քո­ւի մէջ ա­պօ­րի­նա­բար  ար­գե­լա­փա­կո­ւած, Ար­ցա­խի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան եւ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու ե­րե­ւոյ­թին։ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը ի­րենց սահ­մա­նադ­րա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով եւ դա­ւա­նած ար­ժէք­նե­րով իսկ չէին կրնար հան­դուր­ժել ա­զա­տա­խեղդ այս բո­լոր ճնշում­նե­րը ժո­ղո­վուր­դի մը, որ կը մա­քա­ռէր ա­զատ ապ­րե­լու իր մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար»։
Ըն­կե­րը իր խօս­քը եզ­րա­փա­կեց նհե­տե­ւեալ բա­նա­ձե­ւու­մով. «­Դաշ­նակ­ցու­թեան օ­րա­կար­գե­րը շատ ընդ­հա­նուր են, Եւ­րո­պա­յէն ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­մաս, Աւստ­րա­լիա եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւելք։ ­Քա­ղա­քա­կան քար­տէս­նե­րը հիմ­նո­վին կը փո­խո­ւին եւ այն ալ շատ ա­րագ։
Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը շատ ա­րագ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու կ­՚են­թար­կուի։ Ոչ միայն մի­ջոց­նե­րը փո­խո­ւած են.­փո­խո­ւած են եւ ա­րա­գօ­րէն կը փո­խո­ւին պայ­ման­նե­րը։ ­Բո­լորս այդ ա­րա­գու­թեան կա­նոն­նե­րուն եւ նոր պայ­ման­նե­րուն հա­մա­պատաս­խան  մեր հա­մազ­գա­յին օ­րա­կար­գե­րը ճշդե­լու եւ ա­նոնց ցան­ցա­յին հա­մա­կար­գով աշ­խա­տե­լու հրա­մա­յա­կա­նին առ­ջեւ կանգ­նած ենք։ ­Յու­նա­հայ հա­մայն­քը այս ա­ռու­մով կա­րե­ւո­րա­գոյն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն վեր­ցու­ցած է եւ պա­տո­ւով կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծը։  ­Ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող գործ, որ հիմ­նո­վին կը նպաս­տէ մեր պե­տա­կա­նու­թեան հզօ­րաց­ման եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ կի­րար­կո­ւող քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րու նկա­տա­ռու­մով նոր դե­րա­կա­տա­րու­թեան ստանձ­նու­մին»։
­Խօս­քը ա­ռաւ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան, որ իր նե­րա­ծա­կա­նի սկիզ­բին կա­տա­րեց բաղ­դա­տա­կա­նը Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մա­կան ներ­կա­յու­թեան, նշե­լով թէ աշ­խար­հի ա­մե­նէն եր­կա­րա­մեայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ, իր պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թեամբ եւ ա­նառար­կե­լի դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ որ­պէս խորհր­դա­նիշ գա­ղա­փա­րա­կան հա­ւա­տար­մու­թեան, կազ­մա­կեր­պա­կան ամ­րու­թեան եւ ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան։ Ար­ժե­ւո­րե­լով Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան կեն­սա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մա­ւոր­ման եւ յա­րա­տեւ­ման գոր­ծին մէչջ, ներ­կա­յա­ցուց հա­ւա­քա­կան կեան­քի այն ի­րա­գոր­ծում­նե­րը, ո­րոնք այ­սօր կը կազ­մեն մեր ինք­նու­թեան պահ­պահ­ման գլխա­ւոր բա­ղադ­րիչ­նե­րը։ Ըն­կե­րը մատ­նան­շեց հե­տե­ւեալ­նե­րը.
«- ­Հա­յակր­թու­թիւն: Ա­թէն­քի մէջ կը պա­հենք ա­մէ­նօ­րեայ եր­կու ման­կա­պար­տէզ­ներ, եր­կու նա­խակր­թա­րան­ներ եւ միջ­նա­կարգ վար­ժա­րան մը, իսկ ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ կը գոր­ծեն շա­բա­թօ­րեայ դպրոց­ներ։
— ­Մա­մուլ: Ա­ւե­լի քան մէկ դար,կը շա­րու­նա­կենք հրա­տա­րա­կել հա­յե­րէն օ­րա­թերթ: ­Նո­րա­գոյ­նը՝ «Ա­զատ Օր»-ն­ է որ, 82 տա­րի­ներ շա­րու­նակ, կը մնայ մեր գա­ղու­թի ձայ­նը եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան հիմ­նա­կան աղ­բիւ­րը։
— Ու­ղե­կից կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ: ­Հայ ­Կա­պոյտ եւ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խաչ, Հ.Մ.Ը.Մ., ­Հա­մազ­գա­յին՝ կը գոր­ծեն մեր գա­ղու­թի ստեղծ­ման ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն, եւ կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց ազ­գա­նո­ւէր բազ­մա­ճիւղ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ ի­րենց դի­մագ­րա­ւած բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն։
— ­Պա­տա­նե­կան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­ներ: ­Յու­նա­հայ պա­տա­նիին ու ե­րի­տա­սար­դին մօտ, ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն կեր­տե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ, կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը բարդ եւ յա­ճախ ան­բա­րեն­պաստ սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րու տակ, ա­ռանց վհա­տե­լու, ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ պա­հե­լով դաշ­նակ­ցա­կա­նի ե­ռան­դը։ Կ­՚ար­ժէ յա­տուկ նշում ը­նել ա­մառ­նա­յին բա­նա­կում­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ­Խալ­քի­տի­քիի «Ա­մա­րա­նոց»-ին, ո­րոնք ազ­գա­յին ո­գիով սե­րունդ­ներ պատ­րաս­տե­ցին:
­- Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­ներ: ­Տաս­նա­մեակ­նե­րու յա­րա­բե­րա­կան աշ­խա­տանք քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու մօտ եւ ձեռ­նարկ­ներ, ­Հայ դա­տը յոյն հան­րու­թեան ծա­նօ­թաց­նե­լու նպա­տա­կով: Աշ­խա­տանք, ո­րու գա­գաթ­նա­կէ­տը ե­ղան 1979-ին՝ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նի զե­տե­ղու­մը ­Նէա Զ­միռ­նիի մէջ, եւ 1996-ին՝ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չու­մը ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ։
— Ազ­գա­յին կեանք: ­Գա­ղու­թա­յին կեան­քը աշ­խոյժ, ա­ռողջ եւ կազ­մա­կերպ պա­հե­լու նպա­տա­կը, ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցած է միշտ մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մար: Այդ նպա­տա­կին յա­ջո­ղու­թեան հա­մար, սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նի միշտ ­Թե­մի Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ:
— Օգ­նու­թեան ա­ռա­քե­լու­թիւն­ներ դէ­պի ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ: Սկ­սե­լով 1988-ի երկ­րա­շար­ժէն, եւ հաս­նե­լով մին­չեւ 2020-ի Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մը, մեր գա­ղու­թը միշտ իր ներ­կան տո­ւած է հա­մազ­գա­յին զօ­րա­շար­ժին, իր գոր­ծով եւ իր ներդ­րում­նե­րով։ ­Հոս ալ յա­տուկ նշու­մի ար­ժա­նի է, մեր մէկ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը՝ ա­ւե­լի քան եր­կու տաս­նա­մեակ, շա­րու­նակ ա­մէն ա­մառ, Ար­ցա­խէն ե­րե­խա­ներ հիւ­րըն­կա­լել ար­ձա­կուր­դի հա­մար, ­Սի­րոս կղզիի եւ Ա­թէն­քի մէջ:»
­Խո­րաց­նե­լով իր մտա­ծում­նե­րը, ըն­կե­րը բնու­թագ­րեց ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հա­յու­թեան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը եր­կու հի­մա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով՝
ա) ­Շա­րու­նա­կել իր հա­մա­հայ­կա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Ս­փիւռ­քի մէջ՝ պա­հե­լով իր կազ­մա­կերպ­չա­կան կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, ա­պա­հո­վե­լով նոր սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, ա­պա նաեւ ա­ռաջ­նոր­դե­լով ու ծա­ւա­լե­լով ­Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րը։
բ) ­Գոր­ծել ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, որ­պէս քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն՝, երկ­րի սահ­մա­նադ­րու­թեան եւ օ­րէնք­նե­րուն հա­մա­ձայն։
­Նաեւ, իր հա­յեաց­քը նե­տե­լով գա­ղու­թի ա­պա­գա­յի հե­ռան­կար­նե­րու վրայ, շարք մը կէ­տե­րով ան շրջա­գի­ծի մէջ ա­ռաւ մեր առ­ջեւ ցցո­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, ինչ­պէս՝ ա­ւան­դա­կան գա­ղու­թի թի­ւի նօս­րա­ցու­մը, այս­պէս կո­չո­ւած՝ նոր գա­ղու­թի, այ­սինքն ­Հա­յաս­տա­նէն կամ այլ եր­կիր­նե­րէ, ­Յու­նաս­տան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հաս­տա­տո­ւած հայ մար­դոց ներգ­րաւ­ման դժո­ւա­րու­թիւ­նը, Ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի օ­տա­րա­ցու­մը, մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւի նո­ւա­զու­մը, հա­յա­խօ­սու­թեան նա­հան­ջը, նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րու նօս­րա­ցումն ու սահ­մա­նա­փա­կու­մը եւ նոր տես­լա­կա­նի մը բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը, որ պի­տի միաց­նէ սե­րունդ­նե­րը եւ ուղ­ղու­թիւն մը գծէ մեր ա­պա­գա­յին հա­մար։
Իր խօս­քի վեր­ջա­բա­նին, ան ներ­կա­յա­ցուց ար­հես­տա­կան բա­նա­կա­նու­թեան գոր­ծիք­նե­րու հետ երկ­խօ­սու­թեան մը ար­դիւն­քը եւ ար­ժե­ւո­րու­մը Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­պա­գայ դե­րին ու կա­րե­ւոր ներ­կա­յու­թեան հա­մար հայ կեան­քէն ներս, որ­պէս ու­ժեղ պատ­մա­կան հիմք, կա­յուն սփիւռ­քեան հա­մա­կարգ եւ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան յստա­կու­թիւն ու­նե­ցող հա­մա­հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն, միշտ եւս կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նե­նա­լով յար­մա­րո­ւե­լու հա­յու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից խնդիր­նե­րուն եւ ա­նոնց հա­մար լու­ծում ա­ռա­ջադ­րե­լու ու­ժին։
­Ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն յա­ջոր­դեց զրոյց ժո­ղո­վուր­դին հետ, ուր ար­ծար­ծո­ւե­ցան հա­յու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից խնդիր­նե­րը եւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան տե­սա­կէտ­ներն ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հայ­րե­նի­քի եւ Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին։ ­Խօ­սող­նե­րը եւս ի­րենց պա­տաս­խան­նե­րով եւ յա­ւե­լեալ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, ընդգ­ծե­ցին ներ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու հրա­տա­պու­թիւնն ու հայ ժո­ղո­վուր­դի միաս­նա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րը հա­մազ­գա­յին հիմ­նախն­դիր­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման մէջ։
Օ­րուան մթնո­լոր­տը ա­ւե­լի տօ­նա­կան դար­ձաւ երբ բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցան ե­րէց եւ նո­րա­հաս սե­րուն­դի ըն­կեր­ներ, ո­րոնք միաս­նա­բար հա­տե­ցին 135-ա­մեա­կի տա­րե­դար­ձի կար­կան­դա­կը եւ բա­րե­մա­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար։
Զե­կու­ցա­վա­րը եզ­րա­փա­կեց ե­լոյ­թը նշե­լով, թէ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փար­նե­րը ան­ժա­ման­ցե­լի են ու այժ­մէա­կան, ու­նին շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն եւ գա­ղա­փա­րա­կան կուռ են­թա­հող, ու­նին ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ա­ռա­ջադ­րանք­ներ ո­րոնք կ՚ ար­տա­ցո­լան հայ ան­հա­տի եւ հա­մայն հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նու­թիւ­նը:
Հ.Յ.Դ.-ն­ ար­ժէք է ու պի­տի շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ, այն­քան ժա­մա­նակ, որ­քան ան հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­հան­գիստ խիղճն է, գործ ու ապ­րում է, զգա­ցում ու հա­ւատք:
Ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ, ուր մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ, զրոյց­նե­րու եւ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նակ­ման ա­ռիթ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ։

­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս նշո­ւե­ցաւ
Հ.Յ.Դ.-ի հիմ­նադ­րու­թեան 135-ա­մեա­կը

­Կի­րա­կի, 1 ­Մարտ 2026-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, ազ­գա­յին բարձր ո­գիով եւ ժո­ղո­վուր­դի լայն մաս­նակ­ցու­թեամբ, հան­դի­սա­ւո­րա­պէս նշո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 135-ա­մեա­կը։ ­Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ յո­բե­լե­նա­կան հա­ւա­քի մը, ուր ներ­կա­նե­րը ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գե­ցին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մա­կան ու­ղիին, գա­ղա­փա­րա­կան ժա­ռան­գու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ծա­ռա­յու­թեան ան­խախտ ա­ռա­քե­լու­թեան հան­դէպ։ ­Սոյն մի­ջո­ցառ­ման, ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ե­ղիա վրդ. ­Մալ­խա­սեան, քա­ղաքս հիւ­րա­բար գտնո­ւող ­Լի­բա­նա­նի «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թի խմբա­գիր ընկ. ­Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեան, որ նաեւ օ­րո­ւան բա­նա­խօսն էր, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ.-ի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ք­րիս ­Ղա­լի­լէաս: ­Յատ­կան­շա­կան էին ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­մարդ ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ խան­դա­վառ զգա­ցում­նե­րը։
Ե­րե­կոն սկսաւ բաց­ման խօս­քով ընկ. ­Մարգ­րիտ ­Գոս­տի­կեա­նի կող­մէ, ո­րուն ըն­թաց­քին ընդգ­ծո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. բազ­մա­դի­մակ ու բազ­մա­պի­սի դե­րը հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին մէջ՝ սկսեալ իր հիմ­նադ­րու­թեան օ­րե­րէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը։ Ն­շո­ւե­ցաւ, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կի փոր­ձու­թիւն­նե­րը դի­մագ­րա­ւած գա­ղա­փա­րա­կան կա­ռոյց մըն է, որ սե­րունդ­ներ կրթած է ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեամբ, հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ եւ անձ­նու­րաց ծա­ռա­յու­թեան ո­գիով։
Այ­նու­հե­տեւ, խօսք ա­ռաւ Հ.Յ.Դ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Յա­կոբ ­Գա­սա­պեան» կոմիտէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Տիգ­րան Պ­լէ­ճեան, որ իր ե­լոյ­թին մէջ շեշ­տեց ե­րի­տա­սար­դու­թեան կեն­սա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման, կազ­մա­կեր­պո­ւած կեան­քի շա­րու­նակ­ման եւ ­Հայ դա­տի յա­ռաջմղ­ման ճամ­բուն վրայ։ Ան ընդգ­ծեց, որ կազ­մա­կեր­պո­ւած ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան վա­ղո­ւան ա­մուր ե­րաշ­խիքն է։
Այ­նու­հե­տեւ ­Հայր սուր­բը իր սրտի խօս­քը ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն՝ ընդգ­ծե­լով հա­ւատ­քի, ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ միաս­նա­կա­նու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի նշա­նա­կու­թիւ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դի գո­յա­տեւ­ման ու վե­րա­զար­թօն­քի ու­ղիին վրայ։ Ան օրհ­նեց յո­բե­լե­նա­կան այս տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը եւ մաղ­թեց, որ դառ­նայ նոր ներշնչ­ման ու ծա­ռա­յու­թեան աղ­բիւր հա­մայն­քին հա­մար։
­Բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ընկ. ­Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեան, որ­պէս­զի ներ­կա­նե­րուն հրամց­նէ իր խօս­քը։ Ան սկզի­բին կա­տա­րեց հա­կիրճ պատ­մա­կան անդ­րա­դարձ ­Թե­սա­ղո­նի­կէ քա­ղա­քին մէջ Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պա­կան ներ­կա­յու­թեան եւ պատ­մա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան հա­մար։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ան անդ­րա­դար­ձաւ ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան եւ ընդգ­ծեց. «­Պէտք է ար­ձա­նագ­րել, որ բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու մէջ չէ, որ կը նշենք ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան տա­րե­դար­ձը։ ­Հա­յա­թա­փո­ւած ու բռնագ­րա­ւո­ւած Ար­ցախ, ­Հա­յաս­տա­նեան ներ­խու­ժո­ւած տա­րածք­ներ, ռազ­մա­գե­րի­ներ ­Պա­քո­ւի բան­տե­րուն մէջ։
­Ներ­քին ա­ռու­մով պա­ռակ­տո­ւած վի­ճակ, իշ­խա­նու­թիւն­ներ-ե­կե­ղե­ցի սուր հա­կա­մար­տու­թիւն։
Թշ­նա­միին յո­խոր­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին.­պա­հանջ ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւն փո­խե­լու, ատր­պէյ­ճան­ցի­ներ ­Հա­յաս­տան վե­րաբ­նա­կեց­նե­լու։ ­Մինչ Ատրպէյ­ճա­նի պա­հան­ջով կը լու­ծա­րո­ւի Ե.Ա.Հ.Կ.-ի ­Մինս­քի խում­բը, որ մի­ջազ­գա­յին ո­րո­շու­մով լիա­զօ­րո­ւած էր վա­րե­լու ար­ցա­խեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, Ե­րե­ւան կը հրա­ժա­րի մի­ջազ­գա­յին դա­տա­կան ա­տեան­նե­րու մօտ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու դէմ բա­ցած դա­տե­րէն։ ­Խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նա­գի­րը ստո­րագ­րե­լու հա­մար ­Պա­քուն կը շա­րու­նա­կէ նոր պայ­ման­ներ դնել ­Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան»։
Ըն­կե­րը ման­րա­մասն նկա­րագ­րա­կա­նով վեր­լու­ծեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հա­մա­հայ­կա­կան խնդիր­նե­րու եւ միջ­պե­տա­կան հար­ցե­րու ար­ծարծ­ման մէջ, ար­ժե­ւո­րե­լով ձեռք­բե­րում­նե­րը եւ ար­դիւնք­նե­րը ­Հայ դա­տի ի­րա­գործ­ման ճամ­բուն վրայ։
Այս շրջա­գի­ծէն ներս, ան հա­մա­ռօ­տա­բար բա­նա­ձե­ւեց հե­տե­ւեալ եզ­րակա­ցու­­թիւ­նը. «­Վե­րը նշո­ւած­նե­րը քա­նի մը օ­րի­նակ են ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ քա­ղա­քա­կան գոր­ծօ­նի հան­գա­ման­քով մեր հա­մա­հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւե­լի օ­րա­կար­գե­րուն ըն­դա­ռաջ հա­մա­հայ­կա­կան նոր քար­տէ­սին մէջ ­Յու­նաս­տա­նի եւ յու­նա­հա­յու­թեան անշր­ջան­ցե­լի դիրքն ու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը տես­նե­լու։ ­Յու­նաս­տա­նը աշ­խուժ ան­դամ է Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան, ­Մի­ջերկ­րա­կա­նեան տա­րած­քին մէջ նոր գոր­ծա­ռոյթ­ներ կը ստանձ­նէ ե­ռա­կող­մա­նի տար­բեր դա­շինք­նե­րու մէջ ա­ռանց­քա­յին դեր կը ստանձ­նէ։
­Յու­նա­կան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ­Թուր­քիոյ հետ խնդիր­նե­րը դի­մա­կա­յե­լու, պե­տու­թիւն-ե­կե­ղե­ցի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ւան­դա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան հի­ման վրայ կա­նո­նա­կար­գած ըլ­լա­լու, իր պատ­մա­կան ա­կունք­նե­րուն հի­ման վրայ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն, ա­զա­տու­թիւն եւ մար­դու ի­րա­ւունք­ներ կեր­տած ըլ­լա­լու, եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կարգ-պե­տու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­մուր հի­մե­րու վրայ դրած ըլ­լա­լու հան­գա­մանք­նե­րով ա­ւե­լի քան անհ­րա­ժեշտ է մե­զի հա­մար մա­նա­ւանդ այս օ­րե­րուն։­ներ­կայ ճգնա­ժա­մա­յին պայ­ման­նե­րուն մէջ։
Եր­կու ժո­ղո­վուրդ­ներն ու պե­տու­թիւնն­նե­րը տա­կա­ւին բազ­մա­թիւ ո­լորտ­ներ եւ ու­ղի­ներ ու­նին հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու։ Իսկ այս կամր­ջու­մին մէջ ան­փո­խա­րի­նե­լի դեր կը կա­տա­րէ եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ կա­տա­րել յու­նա­հայ հա­մայն­քի, քա­ղա­քա­կան գոր­ծօ­նը։ Այս պա­րա­գա­յին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը»։
­Խօս­քե­րէն ետք «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ­Ծաղ­կոց շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը եր­գե­րով հան­դէս ե­կան՝ հա­ղոր­դե­լով տօ­նա­կան ու ջերմ շունչ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան, իսկ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ե­րե­խա­նե­րու «­Կի­լի­կիա» պա­րա­խում­բը իր ներ­կա­յա­ցու­ցած ազ­գա­յին պա­րե­րով ո­գե­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը եւ ար­ժա­նա­ցաւ ջերմ ծա­փող­ջոյ­նի։
­Մի­ջո­ցա­ռու­մի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ ճաշ­կե­րոյթ, ո­րուն ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ շա­րու­նա­կե­լու տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը, փո­խա­նա­կե­լու տպա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ վե­րա­հաս­տա­տե­լու ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փար­նե­րուն ու ազ­գա­յին ի­տէալ­նե­րուն հան­դէպ։
­Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը ան­ցաւ բարձր ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեամբ եւ ժո­ղո­վուր­դի կող­մէ մեծ թի­ւով մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ հաս­տա­տե­լով, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան 135-ա­մեա­կը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­յու­թեան հա­մար դար­ձաւ ոչ միայն յի­շա­տա­կի օր, այլ նաեւ նոր ուխ­տի եւ նոր յանձ­նա­ռու­թեան պահ։

ԹՂԹԱԿԻՑ