​Ս. ­Ղե­ւոն­դեանց քա­հա­նա­յից տօ­նին ա­ռի­թով, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վը Ե­րեք­շաբ­թի, 10 ­Փետ­րո­ւար 2026-ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պեց կղե­րա­կան դա­սու միօ­րեայ հա­մա­գու­մար, ո­րուն նա­խա­գա­հեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան։ ­Ներ­կայ էին հոգշ. Տ. Ե­ղիա վրդ. ­Մալ­խա­սեան, հոգշ. Տ. Եզ­րաս վրդ. ­Թէ­նէ­քէ­ճեան, արժ. Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, արժ. Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան եւ արժ. Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեան։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր հրա­ւէ­րով, կէ­սօրո­ւան ճա­շին ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի պետ գերպ. Տ. ­Մի­քա­յէլ Ծ. վրդ. ­Պա­սա­լէ։ Իսկ ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի պետ վերպ. ­Վի­հէն ­Չո­լա­քեան, ար­տա­սահ­ման մեկ­նու­մի պատ­ճա­ռով չկա­րո­ղա­ցաւ ներ­կայ ըլ­լալ։ ​
­Հա­մա­գու­մա­րը բաժ­նո­ւած էր հինգ մա­սե­րու։ Աշ­խա­տան­քա­յին զե­կոյց­ներ, ե­րեք դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, նե­րա­ռեալ դա­դար­ներ ա­պա ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն։ ­Հա­մա­գու­մա­րի ա­տե­նա­պետ ընտ­րո­ւե­ցաւ արժ. Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան եւ ա­տե­նադ­պիր՝ հոգշ. Տ. Ե­ղիա վրդ. ­Մալ­խա­սեան։ Ըստ կար­գի, նախ իւ­րա­քան­չիւր հո­գե­ւոր հո­վիւ զե­կոյց տո­ւաւ իր շրջա­նի աշ­խա­տանք­նե­րուն, ծրա­գիր­նե­րուն եւ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ա­ռա­ջին նիւ­թը ներ­կա­յա­ցուց թե­միս Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան։ Ան նախ ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րեց քա­հա­նա­յից տօ­նը եւ բո­լո­րին մաղ­թեց քա­ջա­ռող­ջու­թիւն ու բե­ղուն ծա­ռա­յու­թիւն։ ​­Պաս­տա­ռի վրայ ու մաս­նա­գի­տա­կան յա­տուկ ձե­ւով ան ներ­կա­յա­ցուց հո­գե­ւոր ու վար­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րէն ներս «­Վեր­լու­ծա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն» նիւ­թը։ ­Սոյն նիւ­թը կ’ընդգր­կէր զա­նա­զան կէ­տեր, օ­րի­նակ՝ ա­րագ հա­կազ­դե­ցու­թիւն, դան­դաղ ար­ձա­գանգ, ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու ճիշդ ու ա­րագ ար­ժե­ւո­րում, յա­րա­փո­փոխ եւ զար­գա­ցող ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ ճիշդ ու ա­րագ կողմ­նո­րո­շում, եւ այլն։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն տո­ւաւ նիւ­թի կէ­տե­րուն մա­սին, իւ­րա­քան­չիւ­րին հա­մար օ­րի­նակ­ներ մէջ­բե­րե­լով կղերա­կա­նու­թեան ա­ռօ­րեայ կեան­քէն։ ​
Երկ­րորդ նիւթն էր, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սի 2026 տա­րո­ւան հռչա­կա­գի­րը՝ «­Հո­գե­ւոր վե­րա­նո­րո­գու­թեան տա­րի»։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր փա­փա­քին հա­մա­ձայն, հոգշ. Տ. Ե­ղիա վրդ. ­Մալ­խա­սեան ման­րա­մասն բա­ցատ­րեց ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի մտա­հո­գու­թե­նէն ու ա­պա­գա­յի տես­լա­կա­նէն բխած վե­րոն­շեալ հռչա­կա­գի­րը։ Ան յայտ­նեց, թէ գի­տու­թեան զար­գա­ցու­մին եւ այլ պատ­ճառ­նե­րով, աշ­խար­հի վրայ հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րը ար­դէն բա­ւա­կա­նա­չափ նա­հանջ ար­ձա­նագ­րած են եւ մարդ­կու­թիւնն ամ­բողջ վտան­գի են­թար­կո­ւած է։ ­Հո­գե­ւոր վե­րա­նո­րո­գում կը նշա­նա­կէ Ս. ­Գիր­քի ճա­նա­չում, ե­կե­ղե­ցա­կան ծէ­սե­րու հաս­կա­ցո­ղու­թիւն ու կա­տա­րում, ինչ­պէս նաեւ քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւն։ Այս բո­լո­րին մէջ, ե­կե­ղե­ցա­կա­նը պէտք է մե­ծա­գոյն օ­րի­նա­կը ըլ­լայ։ ​
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր փա­փա­քին ըն­դա­ռա­ջե­լով, հա­մա­գու­մա­րին Zoom–ի ճամ­բով միա­ցաւ ­Նիւ Եոր­քի Ս. ­Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ արժ. Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. Թրթ­րեան։ Ան ներ­կա­յա­ցուց եր­րորդ նիւ­թը՝ «Ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին մէջ ծրագ­րու­մի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը» խո­րա­գի­րով։ ​Իր նիւ­թը սկսաւ Ք­րիս­տո­սի պատ­գա­մով. «­Գա­ցէք եւ բո­լոր ազ­գե­րը ին­ծի ա­շա­կերտ դար­ձու­ցէք»։ Ա­պա յայտ­նեց, թէ ե­կե­ղե­ցին ու ե­կե­ղե­ցա­կա­նը կը գոր­ծեն ծրա­գիր­նե­րու հի­ման վրայ։ ­Կան մնա­յուն եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր ծրա­գիր­ներ։ ­Կան օգ­տա­կար եւ ըն­թա­ցիկ ծրա­գիր­ներ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ ծէ­սը եւս ծրա­գիր է, որ կը կա­տա­րո­ւի տօ­նի կամ ա­ռի­թի հա­մա­ձայն։ ­Շա­տեր ծրա­գի­րը եւ ձեռ­նար­կը ի­րար հետ կը շփո­թեն։ ­Ձեռ­նար­կը ժա­մա­նակ մըն է, որ իր ա­ւար­տին կը հաս­նի եւ կը լրա­նայ։ ­Մինչ ծրա­գի­րը դէ­պի ա­պա­գայ շա­րու­նա­կո­ւող ճա­նա­պարհ մըն է։ Բ­նա­կա­նա­բար, ծրա­գիր­ներն ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին փո­փո­խու­թեանց կ’են­թար­կո­ւին, ժա­մա­նա­կի կամ վայ­րի օ­րո­ւան յար­մա­րու­թեան պատ­ճա­ռով։ ­Ներ­կա­յա­ցու­մի ա­ւար­տին, ­Քա­հա­նայ հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր՝ սոյն ա­ռի­թին հա­մար, եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց հա­մա­գու­մա­րի աշ­խա­տանք­նե­րուն։ ​Իւ­րա­քան­չիւր նիւ­թի ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք, ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն հարց ու պա­տաս­խա­նի ա­ռի­թը տրո­ւե­ցաւ։ ​
Ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6։30-ին, հա­մա­գու­մա­րը իր ա­ւար­տին հա­սաւ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թեամբ։

ԹՂԹԱԿԻՑ