­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ու ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Կի­րա­կի, 7 ­Դեկ­տեմ­բեր 2025-ին, փա­ռա­շուք կեր­պով տօ­նա­կա­տա­րո­ւե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը։
Ուր­բաթ, 5 ­Դեկ­տեմ­բեր 2025-ի կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 4­-ին, ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան օրհ­նեց տօ­նի մա­տա­ղի ա­ղը։ Ա­պա ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րը, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի շրջա­նի վար­չա­կան ան­դամ­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ տի­կին­ներ լծո­ւե­ցան մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թեան աշ­խա­տան­քին։
­Տօ­նի նա­խոր­դող օ­րե­րուն, ­Տիկ­նանց մար­մի­նը ձեռնարկեց նաեւ տօ­նի ա­ւան­դա­կան նո­ւի­րա­հա­ւա­քի աշ­խա­տան­քին։ ­Մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ծխա­կան­նե­րը, ինչ­պէս միշտ, կա­տա­րե­ցին սրտա­բուխ ի­րենց նո­ւէր­նե­րը։
­Կի­րա­կի, 7 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9։15­-ին, Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մեր­գու­թիւն։ Իսկ ժա­մը 10-ին սկսաւ Ս. պա­տա­րա­գը։
­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի հրա­ւէ­րին մա­տու­ցեց ս. պա­տա­րա­գը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան քա­ռա­ձայն եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց մեր ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սը, խմբա­վա­րու­թեամբ՝ դպրա­պետ պրն. ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նի, իսկ եր­գե­հո­նի վրայ տիկ. ­Լիա­նա ­Սա­րեա­նի։ ­Խո­րա­նին վրայ սպա­սար­կե­ցին սար­կա­ւագ­ներ պրնք. ­Կա­րա­պետ ­Քէօ­սէեան, ­Պետ­րոս ­Կա­րա­պե­տեան, ­Յա­կոբ Էվ­հան եւ դպիր­ներ ­Տիգ­րան ­Կա­րա­պե­տեան, ­Կա­րէն Է­քի­զեան, ­Նա­րեկ ­Պէ­քա­րեան եւ ­Կա­րօ ­Գա­սար­ճեան։
Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի յղած տօ­նի հրա­ւէր­նե­րուն, Ս. պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազ­գա­յին ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան ան­դամ տոքթ. Ար­մէն ­Տէ­րեան, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Նա­զար Ա­ւա­գեան, ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քա­պետ ­Վե­րա­պա­տուե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, Ա­թէն­քի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Հո­գա­բար­ձու­թեան եւ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խորհր­դոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, կա­ռոյց­նե­րու ու միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ուխ­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը։ ­Գո­քի­նիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ­ներ ներ­կայ գտնո­ւե­ցան պատո­ւոյ շար­քը կազ­մա­կեր­պե­լու։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, իր քա­րո­զը սկսաւ «ա­մէն բան պատ­րաստ է հրամ­մե­ցէք» նշա­նա­բա­նով։ Ան նախ անդ­րա­դար­ձաւ օ­րո­ւան ա­ւե­տա­րա­նի հա­տո­ւա­ծին։ ­Մե­ծա­հա­րուստ մը կը կազ­մա­կեր­պէ ընթ­րիք եւ կը հրա­ւի­րէ իր ազ­գա­կան­ներն ու բա­րե­կամ­նե­րը։ Երբ ա­նոնք զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով կը մեր­ժեն ներ­կայ գտնուիլ, մե­ծա­հա­րուս­տը կը հրա­ւի­րէ աղ­քատ­ներն ու կա­րօ­տեալ­նե­րը։
Ան ը­սաւ, թէ մեր ­Տէ­րը Աս­տո­ւած, մեզ տար­բեր ստեղ­ծեց միւս­նե­րէն, մե­զի ըն­ծա­յե­լով յա­տուկ շնորհք։ Ուս­տի մար­դը ե­ղաւ Աս­տու­ծոյ նման եւ Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը։
­Տէրն Աս­տո­ւած, այս աշ­խար­հի վրայ մե­զի հա­մար ա­մէն ինչ պատ­րաս­տեց եւ մե­զի հրա­ւի­րեց որ­պէս­զի ապ­րինք ու վայ­լենք։ Ընթ­րի­քի պատ­րաս­տու­թիւ­նը ինք­նին ­Տի­րոջ ներ­կա­յու­թիւնն ու կապն է մեր հետ։ Ա­ռա­կին հրա­ւի­րեալ­նե­րը մար­դիկն են։ ­Մենք ենք։
Եւ ­Տէրն Աս­տո­ւած հրա­ւի­րեց մար­դոց, որ­պէս­զի քրիս­տո­նէա­վա­յել կեանք մը ապ­րին։
Հ­րա­ւի­րեց եւ ոչ թէ պար­տադ­րեց։ ­Հար­ցը այն է սա­կայն, թէ որ­քա՞ն մար­դիկ կ’ըն­դա­ռա­ջեն եւ կամ կը մեր­ժեն։ Երբ կը մեր­ժենք հրա­ւէ­րը, կը նշա­նա­կէ փա­խուստ կու տանք Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թե­նէն եւ օրհ­նու­թե­նէն։
Ան փառք տո­ւաւ Աս­տու­ծոյ, որ միշտ մեր մօտ ներ­կայ է, մեր կա­րիք­նե­րուն կը հաս­նի ու մեզ կ’օրհ­նէ։
­Քա­րո­զի ա­ւար­տին, պա­տա­րա­գիչ Սր­բա­զան ­Հայ­րը գնա­հա­տեց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը, ­Տիկ­նանց մար­մինն ու ­Գո­քի­նիոյ ժո­ղո­վուր­դը, մաղ­թե­լով ա­նոնց Ս. Յա­կո­բի նման, ըն­դա­ռա­ջե­լու ­Տի­րոջ հրա­ւէ­րին եւ հե­տե­ւե­լու ա­նոր օ­րի­նա­կին։
Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը եւ հո­գե­հան­գիս­տը։ Այս տա­րի, նկա­տի ու­նե­նա­լով 1988-ի Ս­պի­տա­կի ա­հա­ւոր երկ­րա­շար­ժի թո­ւա­կա­նի զու­գա­դի­պու­թի­նը, կա­տա­րո­ւե­ցաւ յա­տուկ յի­շա­տա­կու­թիւն։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին եր­գո­ւե­ցան «­Կի­լի­կիա» եւ «­Մեր հայ­րե­նիք» ո­գերգ­նե­րը, ա­պա Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­հայ­րը օրհ­նեց հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։ Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը ե­կե­ղեց­ւոյ գրա­սե­նեա­կէն ներս ըն­դու­նեց պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ու ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ յա­տուկ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներն ու բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը։ Այդ մի­ջո­ցին, ­Տիկ­նանց մար­մի­նը յա­տուկ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ պա­տո­ւեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայրն ու հիւ­րե­րը։
Ետ­քը ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուրդն ու ­Տիկ­նանց մար­մի­նը, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր պա­տո­ւե­ցին պաշ­տօ­նա­կան ճա­շով մը «­Թէ­սե­րա Ալ­ֆա» հայ­կա­կան ճա­շա­րա­նէն ներս։

Թղ­թա­կից