Այցելութիւն Սարօ Տէմիրճեանի ցուցահանդէսին

0
30

­Մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու գի­տու­թեան կը յանձ­նենք, թէ յու­նա­հայ ծա­նօթ ա­րուես­տա­գէտ ­Սա­րօ ­Տէ­միր­ճեան կը կազ­մա­կեր­պէ հայ եւ բիւ­զան­դա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ցու­ցա­հան­դէս մը, ո­րուն մէջ նե­րառ­նո­ւած են ­Հա­յաս­տա­նի, ­Յու­նաս­տա­նի ու ­Լի­բա­նա­նի հայ­կա­կան եւ բիւ­զան­դա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձր ո­րա­կի նկար­ներ։ Իր բո­վան­դա­կու­թեամբ իւ­րա­յա­տուկ ցու­ցադ­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ա­թէն­քի «­Մե­լի­նա ­Մեր­քու­րի» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նէն ներս (Ηρακλειδών 66, Αθήνα) եւ կը վա­յե­լէ նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։
Այս ա­ռի­թով, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 10 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6-էն մին­չեւ 8։30, ցու­ցա­հան­դէ­սը յա­տուկ բաց պի­տի մնայ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք կը փա­փա­քին այ­ցե­լել ցու­ցադրա­վայ­րը եւ մօ­տէն ճանչ­նալ հայ­կա­կան հո­գե­ւոր ճար­տա­րա­պե­տու­թեան գան­ձե­րը։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ