Քանի մը օրէ ի վեր հրապարակի վրայ է յունալեզու եռամսեայ «Արմենիքա» պարբերաթերթի 122-րդ թիւը, որ կը ներկայանայ ճոխ բովանդակութեամբ եւ նիւթերու այլազանութեամբ։
Խմբագրականին մէջ կը կարդանք պարբերաթերթին կողմէ տարիներէ ի վեր մշակուող ծրագիրի մը մասին, որ արդէն մտած է իրականացման փուլ։ Խօսքը «Հայկական ուսումնասիրութեանց եւ մշակոյթի կեդրոն»-ի մը հիմնադրութեան մասին է, որուն համար իբրեւ վայր նախատեսուած է Գարէայի ազգապատկան ակումբը։ Խմբագրականը կը ներկայացնէ այս նախաձեռնութեան իրագործման ուղղութեամբ նախատեսուած քայլերը, ինչպէս նաեւ անոր հիմնական նպատակները։
Վերջին ամիսներուն հայաշխարհի գլխաւոր լուրերու ներկայացումէն ետք, աչքի կը զարնէ քաղաքական վերլուծումներու շարքը՝ նախ «Թրամփի ուղի»-ին մասին ընդհանուր գնահատականով, ապա՝ Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի հետ մերձեցման ուղղութեամբ Երեւանի վարած քաղաքականութեան անդրադարձով։ Առանձնակի ուշադրութեան արժանի է նաեւ հայկական Սփիւռքի պատմական ուղիին եւ ներկայ իրականութեան նուիրուած ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը։
Գիտութեան, գրականութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներէն ներս ներկայացուած յօդուածները եւս ուշագրաւ են։ Յունահայ երիտասարդութեան եւ մշակոյթին միջեւ գոյութիւն ունեցող անքակտելի կապին անդրադարձը, UCLA համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ Փիթըր Քաուիի հետ հարցազրոյցը, Տիտիմոթիքոյի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մասին պատմական ակնարկը եւ այլ գրութիւններ ընթերցողին առջեւ կը բանան մեր պատմամշակութային բազմերես աշխարհին տարբեր բաժինները։
Հետաքրքրական հարցազրոյց մը ներկայացուած է Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» երկը յունարէնի թարգմանած Արա Մանկոյեանին հետ, որ կը խօսի իր թարգմանական աշխատանքներուն եւ հայ գրականութեան անդաստանին մէջ իր կատարած թարգմանութիւններուն մասին։
Անմահանուն երգչուհիներ Լուսինէ Զաքարեանի, Ռաիսա Մկրտչեանի, ինչպէս նաեւ յունահայ հանրածանօթ երգիչ Հայկ Եազըճեանի մասին ծաւալուն անդրադարձները ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնեն մեր երաժշտական հարուստ ժառանգութեան արժէքաւոր մէկ մասը։
Հետաքրքրական նիւթերու շարքին աչքի կը զարնէ նաեւ Հայաստանի գիւղերուն մէջ տղամարդոց բացակայութեան հետեւանքով ստեղծուած ընկերային իրականութեան անդրադարձը։ Ապրուստի միջոցներ որոնելու նպատակով արտագաղթող տղամարդիկ իրենց ետին կը ձգեն կիներ, որոնք ստիպուած կ՚ըլլան առանձին ստանձնելու գիւղական առօրեային ծանր պարտաւորութիւններն ու դժուարութիւնները։ Նոյնքան հետաքրքրական է Յունաստանի Թեսալիա շրջանին մէջ 18-րդ դարու սկիզբէն ի վեր հայերու ներկայութեան եւ գործունէութեան նուիրուած պատմական ուսումնասիրութիւնը։
Պարբերաթերթի 70 մեծադիր էջերուն մէջ տեղ գտած են բազմաթիւ այլ յօդուածներ, գաղութային, մշակութային եւ մարզական լուրեր, որոնք իրենց ամբողջութեամբ բազմազան եւ հետաքրքրական ընթերցանութեան առիթ կ՚ընծայեն։
Յատկանշական է նաեւ խմբագրութեան գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը՝ ներկայացնելու պարբերաթերթին կողմէ մինչեւ օրս հրատարակուած գիրքերուն ամբողջական ցանկը՝ համապատասխան կողքի նկարներով։ Այս ձեւով ընթերցասէր հասարակութեան կը ծանօթացուի հրատարակութիւններու ստուար շարքը, որ այսօր կը կազմէ «Արմենիքա»ի գործունէութեան կարեւոր երեսներէն մէկը։
Պարբերաթերթը կարելի է ստանալ՝ դիմելով անոր խմբագրութեան, ինչպէս նաեւ «Ազատ Օր»ի խմբագրատունը։










