Մեր հայրենակիցներու գիտութեան կը յանձնենք, թէ յունահայ ծանօթ արուեստագէտ Սարօ Տէմիրճեան կը կազմակերպէ հայ եւ բիւզանդական եկեղեցական ճարտարապետութեան ցուցահանդէս մը, որուն մէջ ներառնուած են Հայաստանի, Յունաստանի ու Լիբանանի հայկական եւ բիւզանդական եկեղեցիներու գեղարուեստական բարձր որակի նկարներ։ Իր բովանդակութեամբ իւրայատուկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Աթէնքի «Մելինա Մերքուրի» մշակութային կեդրոնէն ներս (Ηρακλειδών 66, Αθήνα) եւ կը վայելէ նաեւ Յունաստանի Հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը։
Այս առիթով, Չորեքշաբթի, 10 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-էն մինչեւ 8։30, ցուցահանդէսը յատուկ բաց պիտի մնայ մեր հայրենակիցներուն համար, որոնք կը փափաքին այցելել ցուցադրավայրը եւ մօտէն ճանչնալ հայկական հոգեւոր ճարտարապետութեան գանձերը։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ









