Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2025-ին առաւօտուն, թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան մասնակցեցաւ «Այիոս Տիմիթրիոս»-ի եկեղեցական արարողութեան, Թեսաղոնիկէի համանուն եկեղեցւոյ մէջ: Ներկայ էին նաեւ Յունաստանի եւ Կիպրոսի նախագահները եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր ու ներկայացուցիչներ:
Այցելութիւն Նէափոլիի մետրոպոլիտին
Երկուշաբթի, 27 Հոկտեմբերին, Սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեանի եւ համայնքի թաղական խորհուրդի ատենապետ պրն. Քրիս Ղալիլէայի, այցելեց Նէափոլիի մետրոպոլիտ Վարնաւային:
Յոյն հոգեւորականը ջերմօրէն դիմաւորեց Սրբազան հայրն ու իր պատուիրակութիւնը, ապա ողջունեց Առաջնորդի անդրանիկ այցելութիւնը Նէափոլիի առաջնորդարան: Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազանը ուրախութիւն յայտնեց եղբայրական հանդիպման համար: Մետրոպոլիտը խօսեցաւ Նէափոլի շրջանի մասին, նաեւ յայտնեց քաղաքէն ներս մեծ թիւով հայերու ներկայութեան մասին:
Հանդիպումի աւարտին, Սրբազանները փոխանակեցին յուշանուէրներ եւ ծրագրեցին յառաջիկային հանդիպիլ Աթէնքի մէջ:
Նէա Քրինիի եւ Քալամարիայի մետրոպոլիտին հիւրընկալումը
Առաջնորդ Սրբազան հայրը շարունակելով Թեսաղոնիկէի պաշտօնական այցելութիւնները, ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւին եւ Թաղական խորհուրդի ատենապետին, այցելեց Նէա Քրինիի եւ Քալամարիայի մետրոպոլիտ Իուսթինոսին:
Այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ եւ գործակցութեան նոր միջոցներ գտնել հետզհետէ աճող հայկական համայնքի եւ քաղաքին միջեւ:
Յունաստանի ազգային տօնի նշում
28 Հոկտեմբերի օրը, Առաջնորդ Սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէի Թաղային խորհուրդի ատենապետին, մասնակցեցաւ Յունաստանի ազգային տօնի զինուորական տողանցքին եւ հանդիսութեան: Միջոցառումին ներկայ էին Յունաստանի նախագահը, վարչապետը, պաշտպանութեան նախարարը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ու ներկայացուցիչներ:
28 Հոկտեմբերին նշուող ազգային տօնը կը յիշատակէ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ իտալացիներու ներխուժման մերժումը: Յունաստանի կողմէ արտասանուած մերժումը իտալական զօրքերու ներխուժման դիմաց, սկիզբը դրաւ հայրենիքի պաշտպանութեան: Տօնը կը նշուի որպէս յունական քաջութեան եւ դիմադրութեան խորհրդանիշ, երկրի ամբողջ տարածքին կատարելով շքերթներ ու հանրային յիշատակի հանդիսութիւններ:
Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց
Թեսաղոնիկէի Թաղային խորհուրդի ժողովին
29 Հոկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Թեսաղոնիկէի Թաղային խորհուրդի ժողովին: Սրբազան հայրը նախ շնորհաւորեց նորանշանակ խորհուրդը եւ օրհնեց անոր յառաջիկայ առաքելութիւնը: Իր կարգին, ատենապետ Քրիս Ղալիլէաս յայտնեց, թէ մեծ պատիւ եւ ուրախութիւն է Սրբազան հօր ներկայութիւնը ժողովին եւ Սրբազանին մատնանշումները կարեւոր կը նկատուին յառաջիկայ ծրագիրներու վերաբերեալ: Ժողովէն ետք, խորհուրդը Սրբազանին պատուեց սիրոյ սեղանով:
Այցելութիւն Թեսաղոնիկէի պետական համերգասրահ
30 Հոկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, այցելեց Թեսաղոնիկէի պետական համերգասրահը:
Սրբազանին դիմաւորեց համերգասրահի գեղարուեստական ղեկավար եւ տնօրէն Քրիս Ղալիլէաս։ Իր գրասենեակին մէջ, Սրբազան հօր ընդունեց համալիրի նախագահ Եւկենիա Ալեքսանտրոփուլուն, իսկ հանդիպումին ներկայ էին նաեւ փոխնախագահը եւ համալիրի հոգաբաձութեան անդամներ:
Սրբազան հայրը նախ մատնանշեց եւ գնահատեց մշակութային հսկայ աշխատանքը, որ կը կատարուի հաստատութեան կողմէ: Ապա, նախագահուհին խնդրեց որոշ առիթներ ստեղծել հայ ծագումով երաժիշտներուն համար, մանաւանդ նոր մասնագիտացած երիտասարդներուն ընդգրկել երաժշտական ծրագիրներուն մէջ:
Կողմերը նաեւ քննարկեցին յառաջիկայ տարուան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած 24 Ապրիլի ելոյթներու ծրագրումը:
Այցելութիւն Սերէս
Սերէսի հայ համայնքին կատարած այցելութեան առիթով, Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբերին, Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, Սերէսի Թաղային խորհուրդի ատենապետ պրն. Վազգէն Յարութիւնեանի եւ Թեսաղոնիկէի Թաղային խորհուրդի փոխատենապետ պրն. Արամ Էսքիճեանի, այցելեց Սերէսի Մետրոպոլիտ Թէոլոկոսին:
Հանդիպումի առանցքը եղաւ Սերէսի հայկական համայնքին հաւանական աջակցութեան հնարաւորութիւնները:
Թէոլոկոս Մետրոպոլիտը իր խօսքին մէջ Սրբազան հօր ներկայացուց Սերէսի հոգեւոր կեանքի բնագաւառները եւ անոր շուրջ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրները: Իր կարգին, Սրբազան հայրը, ընդհանուր գիծերու մէջ, ներկայացուց Յունաստանի թեմի հայկական համայնքներու պատկերը՝ ի մասնաւորի Սերէսի համայնքը:
Մտերմիկ զրոյցէ մը ետք փոխանակուեցան նուէրներ, ապա Մետրոպոլիտը Սրբազան հօր ծանօթացուց Առաջնորդարանի մատուռը եւ ընհանուր տարածքը:
Եպիսկոպոսական ս. պատարագ
Սերէս կատարած այցելութեան ընթացքին Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան հայրը, 1 Նոյեմբերին, հանդիպում ունեցաւ Սերէսի Թաղային խորհուրդի եւ տիկնանց մարմնոյ հետ։
Կիրակի, 2 Նոյեմբերին, Սերէսի Սուրբ Սարգիս մատրան մէջ մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական պատարագ, մասնակցութեամբ Թեսաղոնիկէէն ժամանած ուխտաւորնրու եւ Սերէսի հաւատացեալ ժողովուրդի։ Քարոզի ընթացքին, Սրբազան հայրը բարձրօրէն կարեւորեց այն հաւատքը, որ ժողովուրդը կը տածէ իր Արարիչին հանդէպ։ Վերառնելով օրուան Աստուածաշունչի ընթերցումէն «մայրս եւ եղբայրներս անոնք են, որ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ կը գործադրեն» ասացուածքը, Սրբազանը հրաւիրեց հաւատացեալները ճշմարիտ ինքնութեան, ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու կեանքի ընդմէջէն արժեւորման: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նաեւ աւանդական մատաղօրհնութիւն, որուն յաջորդեց գեղարուեստական միջոցառում Թեսաղոնիկէի Համազգայինի պարախումբին կողմէ, ապա ճաշկերոյթ ժողովուրդի մասնակցութեամբ։










