Ուրբ­բաթ, 10 ­Հոկ­տեմ­բեր 2025-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 8։30-ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ պա­տա­րագ, ­Թարգ­ման­չաց Ս. ­Վար­դա­պե­տաց տօ­նին առ­թիւ։
Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան եւ նա­խա­գա­հեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան։
Ներ­կայ էին ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ազգ. վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ա­շա­կեր­տու­թիւնն ու հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։
Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, Ս. խո­րա­նին ծա­ռա­յե­ցին ­Կա­րա­պետ սրկ. ­Քէօ­սէեան եւ վար­ժա­րա­նի բարձր դա­սա­րան­նե­րու խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ։ Իսկ եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին դպրու­հի տիկ. ­Շա­քէ ­Քէօ­սէեան եւ Դ. Ե. Զ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Հայ­կան ­Մի­նա­սեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։
Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, Տ. ­Պա­րէտ քա­հա­նայ ­Հայ­րը ներ­կա­նե­րուն ուղ­ղեց օ­րո­ւան պատ­գա­մը։
Ան նախ պատ­մա­կա­նը ը­րաւ ­Թարգ­մա­նիչ Ս. ­Վար­դա­պետ­նե­րու կեան­քին ու ա­ռա­քե­լու­թեան։ Ա­պա, շեշ­տը դրաւ հայ լե­զո­ւի կա­րե­ւո­րու­թեան։ Ան յայտ­նեց, թէ ա­նուն ու մա­կա­նու­նին, հայ­րե­նի­քին ու կրօն­քին կող­քին, մայ­րե­նի լե­զուն՝ հա­յե­րէ­նը, իւ­րա­քան­չիւր հա­յու գո­յու­թեան ու գո­յա­տեւ­ման հի­մե­րէն մին կը հան­դի­սա­նայ։ ­Հայ լե­զուն մեր ինք­նու­թիւնն է։ Ա­պա քա­հա­նայ ­Հայ­րը քա­ջա­լե­րեց բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը, որ­պէս­զի հա­յե­րէն լե­զուն լա­ւա­պէս իւ­րաց­նեն ու խօ­սին ի­րենց տու­նե­րուն մէջ եւս։
Ետ­քը, բո­լոր դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը, գլխա­ւո­րու­թեամբ ու­սուց­չու­հի­նե­րուն, հեր­թա­բար ներ­կա­յա­ցու­ցին օ­րո­ւան տօ­նին առ­թիւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան գե­ղե­ցիկ յայ­տա­գիր մը։
Ա­ւար­տին, ­Գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը ուղ­ղե­լով յայտ­նեց, թէ ­Թարգ­ման­չաց Ս. ­Վար­դա­պե­տաց տօ­նը, մեր ժո­ղո­վուր­դի կա­րե­ւոր ու ի­մաս­տա­լից տօ­նե­րէն մին է։ Այդ օ­րը, իւ­րա­քան­չիւր հա­յու եւ մաս­նա­ւո­րա­բար հայ ա­շա­կեր­տի տօնն է, որ պէտք է ար­ժե­ւո­րո­ւի լա­ւա­գոյն ձե­ւով։
Ա­պա Սր­բա­զան ­Հայ­րը, գնա­հա­տեց ա­շա­կերտ­նե­րու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տագ­րի ներ­կա­յա­ցու­մը եւ մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն։

ԹՂԹԱԿԻՑ