Հ.Յ.Դաշնակցութեան Յունաստանի 87-րդ Շրջանային ժողովի
20 եւ 21 Սեպտեմբեր 2025-ին, Աթէնքի մէջ կայացաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Յունաստանի կառոյցի 87-րդ Շրջանային ժողովը, որ լուսարձակի տակ առաւ շրջանի կուսակցական, կազմակերպական եւ գաղութային գործունէութեան ոլորտները եւ յանգեցաւ որոշումներու, նոր թափ եւ աւիւն հաստատելով յունահայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն համար։ Հայ դատի հետապնդման, ազգային առաջնահերթութիւններու ամրագրման, կազմակերպական վերընձիւղման, գաղութային կառոյցներու գործելաձեւի վերանորոգման ու վերակենսաւորման, հասարակական զարգացման, մամուլի կարեւորութեան, հայեցի կրթութեան ու երիտասարդութեան ներգրաւման անյետաձգելի պահանջները յաջորդաբար դարձան կիզակէտը ժողովի աշխատանքներուն, եւ համապատասխան բանաձեւումներու ընդմէջէն գաղութի ապագան հունաւորելու հրամայականը շեշտադրաբար գտնուեցաւ առաջնակարգ օրակարգի վրայ։
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 34-րդ տարեդարձի լոյսին տակ գումարուած ժողովի ընթացքին, շեշտուեցան հայրենի աշխարհի եւ համայն հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները, որոնք այսօր ցցուած են հայ ազգին առջեւ։
Շրջանային ժողովը կարեւորութեամբ մատնանշեց օրուան իշխանութեան ապազգային քաղաքական ուղղութիւնը, որ վտանգի տակ կը դնէ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական եւ հոգեմտաւոր գոյութիւնը։ Վերջին տարիներու պարտուողական ընթացքը, Արցախի կորուստը եւ գերիներու ողբերգութիւնը, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու գրաւումը Ատրպէյճանի կողմէ, հայութեան խորհրդանիշերու արժեզրկումը, Հայոց ցեղասպանութեան հետապնդման նսեմացումը, թշնամիի նկրտումներուն դիմաց սարսափի մթնոլորտի ստեղծումը, տարածաշրջանէն ներս մեծապետական ուժերու ախորժակներուն կամակատար գոհացումը, հասարակութեան պառակտումը մէկական օրինակներն են վտանգաւոր այն փակուղիին, որ այսօր կը պարտադրուի հայ ժողովուրդին վրայ։ Առաւել, սփիւռքի ներուժը մեկուսացնելու սին փորձերը, աշխարհասփիւռ հայութեան պորտակապը հայրենիքէն անջատելու իշխանական վարչակարգի քաղաքականութիւնը ըստ ամենայնի մերժելի կը դառնան հայրենիքով սնանող հայաշխարհին կողմէ։
Հայրենի եւ սփիւռքի հայութեան միասնական կեցուածքը կը դառնայ ազգային հրամայական, որուն իրագործման համար նախապայման են ուժերու գերլարումը եւ հաւաքական մշակոյթի ստեղծումը։ Շրջանային ժողովը կը հաստատէ, թէ յունահայութիւնը պիտի շարունակէ կառչած մնալ հայ ժողովուրդի միասնական ջանքերուն՝ թօթափելու վտանգաւոր խաղի պարտադրուած կանոնները եւ վերագտնելու մէկ եւ ամբողջական հայրենիքի գաղափարական ուղին։ Այդ մէկը կը պահանջէ հաւաքական միաւորում հայ ժողովուրդի ազգային օրակարգին շուրջ՝ հայ քաղաքական միտքի ու մտաւորական ուժերու համատեղ առաջնորդութեամբ։ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը մնայ իր պատմական ու քաղաքական առաջնորդող դերին մէջ, դառնալով արտայայտիչը հայ ժողովուրդի իղձերուն եւ անկաշկանդ գոյատեւելու առաջադրանքին։
Շրջանային ժողովը իր աշխատանքներու աւարտին ընտրեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ ընկերներէն. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան՝ ներկայացուցիչ, Տիգրան Չիչէքեան, Արման Գրիգորեան, Սերգօ Գույումճեան, Կարօ Նատեան, Յարութիւն Սերոբեան եւ Յարութիւն Սպարթալեան։
Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ
87-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ