Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ, որպէսզի տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքը հիւրընկալէ Միութեան համաեւրոպական աստիճանաւորական 3-րդ բանակումը։ Յունական սկաուտական ֆետերասիոնի Այ. Անտրէասի արդիական բանակավայրը, հինգ օրուան տեւողութեամբ, եղաւ ժամանադրավայրը Եւրոպայի զանազան հայագաղութներէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ խմբապետներուն, որոնք ամբողջացուցին «Վկայեալ կարգ»-ի շարքը։ Նշենք, որ դաստիարակչական սոյն ծրագիրը առցանց ձեւաչափով մեկնարկած էր բաւական ամիսներ առաջ։ Թիւ մը հանդիպումներու ընթացքին, սկաուտ աստիճանաւորները հետեւեցան ազգային, սկաուտական, գաղութային եւ պատմական նիւթերու, որոնք կատարուեցան հետեւողական կանոնաւորութեամբ։ Անոնց պսակումը դարձաւ ամառնային բանակումը Աթէնքի մէջ, ուր նաեւ տրուեցան վկայեալ կարգի հաստատագրերը մասնակցողներուն։
Բացի իր դաստիարակչական բնոյթէն, բանակումը իր հայաշունչ ընկերային մթնոլորտով սատարեց հայախօսութեան, փորձառութեան փոխանակման, տարբեր գաղութներու երիտասարդ սերունդի մերձեցման ու ծանօթացման։ Այս համախմբումը յաջողապէս կնքեց բարեկամութիւններ, որոնք սկսած էին ձեւաւորուիլ տարուան առցանց հանդիպումներուն ընթացքին։
Այ. Անտրէասի սկաուտական բանակավայրէն ներս, մoտ 40 աստիճանաւորներ՝ 6 երկիրներէ, միասնաբար գործեցին 11-16 Օգոստոսի օրերուն։ Բանակումը կը վայելէր հոգածութիւնը եւ ներկայութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդր. վարչութեան, իսկ գործնական կազմակերպման աշխատանքը ստանձնած էր Յունաստանի ՀՄ.Ը.Մ.-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդը, գործակցութեամբ Շրջանային վարչութեան։
Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարուեցաւ Երեքշաբթի, 12 Օգոստոսի առաւօտեան, բանակավայրէն ներս, ներկայութեամբ շարք մը հիւրերու։ Ներկայ եղան Յունաստանի Հայոց թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդր. վարչութեան անդամ Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան, «Ազատ Օր»-ի ներկայացուցիչը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան անդամ քոյր Սոֆիա Միքայէլեան, տեղական մասնաճիւղերու վարչականներ եւ անդամներ։
Դրօշակներու պատուանդանին առջեւ, հիւրերուն ներկայութեամբ մասնակից աստիճանաւորները կատարեցին դրօշի արարողութիւն, որուն յաջորդեց բացման հակիրճ բաժինը։
Բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ բանակումի ընդհ. խմբապետ եղբ. Վիգէն Մինասեան որ ողջունեց ներկաները, ապա մէկ առ մէկ հրաւիրեց խօսողները։
Յունաստանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անունով, շրջանային սկաուտ խմբապետուհի քոյր Սիլվա Եզեկիէլեան անդրադարձաւ բանակումին մասին, ապա պաշտօնապէս յայտարարեց անոր բացումը։ Յաջորդաբար, խօսեցաւ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, որ շեշտեց միասնաբար կեդրոնանալու գաղափարը, սատարելու համար հայրենիքին եւ հաւաքական ծառայութեան իտէալին։
Խօսք առաւ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, որ փոխանցեց Յունաստանի Հ.Յ.Դ. կազմակերպութեան ողջոյնները։ Ան շեշտեց, թէ ներկայ բանակումը, բացի իր դաստիարակչական բնոյթէն, պիտի դառնայ նաեւ խթան, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աստիճանաւորները ամրապնդեն իրենց գիտակցութիւնը, մասնակցելով կամաւոր բանակի ծառայական գործին, ի խնդիր Հայաստանի, Արցախի ու բովանդակ հայութեան։ Ան նաեւ մատնանշեց, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը այն կազմակերպութիւնն է, որ հայրենասիրութիւն եւ կարգապահութիւն կը ջամբէ, կազմաւորելով հայ երիտասարդի գիտակցական աշխարհը։
Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վարչութեան խօսքը արտասանեց քոյր Սոֆիա Միքայէլեան, որ մաղթեց, թէ աստիճանաւորական սոյն համախմբումը յաւելեալ պարտաւորութիւն պիտի դնէ երիտասարդ սերունդին վրայ, պահպանելու համար հայ լեզուն եւ մշակոյթը, լուսաւորելով հայ պատանիներու վեհանձնութեան ճամբան ու զարգացումը։ Յունական սկաուտական ֆետերասիոնի ներկայացուցիչը իր բարի գալստեան խօսքով յաջողութիւն մաղթեց սկաուտական բանակումին։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդր. վարչութեան խօսքը արտայայտեց եղբ. Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան։ Ան նախապէս ողջունեց Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կազմակերպութեան 100-ամեակը, որուն անուան տակ այսօր իրականութիւն կը դառնայ նաեւ աստիճանաւորներու բանակումը։ Ան ողջունելով 2025-ի խմբապետական սերունդի միաւորումը բանակավայրէն ներս, յոյս յայտնեց, որ խթան պիտի հանդիսանայ առաւել ծառայելու ազգին ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ին։ Ան հաստատեց, թէ «Վկայեալ կարգ»-ի դաստիարակչական շարքը յատուկ կարեւութիւն կը ներկայացնէ Միութեան համար, սակայն այս բոլորին կողքին համեստութեան եւ պատասխանատուութեան արժանիքները պէտք է մշտապէս ընկերակից դառնան իւրաքանչիւր աստիճանաւորին համար։ Անդրադարձաւ բանակումի յայտագիրին եւ կարեւորութեամբ շեշտեց անոր ընդգրկուն բաժինները, որոնք պիտի սատարեն գիտելիքներու փոխանցման։
Եզրափակիչ խօսքով, իր հայրական պատգամը տուաւ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, որ նախապէս անդրադարձաւ «Բարձրացիր-բարձրացուր» նշանաբանին մասին, նշելով թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եղած է ոգի ջամբող կազմակերպութիւն մը, որովհետեւ Միութիւնը իր աւելի քան 100-ամեայ պատմութեան ընթացքին կարողացաւ կարգապահութեան ոգին վերածել ազգային ինքնութեան մարտահրաւէրի։ Մասնակիցներուն ուղղուելով, նշեց գիտելիքներուն կողքին պատասխանատուութեան գիտակցութեան զարգացումը յաջորդ սերունդներու դաստիարակութեան առաքելութեան մէջ, ի խնդիր ազգային ինքնութեան եւ դիմագիծի կերտման։ Պաշտօնական արարողութենէն ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ մտերմիկ զրոյց։
Բանակումի յայտագիրը իր հարուստ բովանդակութեամբ ընդգրկեց դաստիարակչական բաժիններ, որոնց ընթացքին ի գործ դրուեցան առցանց ծրագիրի գիտելիքները եւ անոնք համալրեցան տարբեր դասախօսութիւններով եւ նիւթերով։ Սկաուտական ծրագիրի կողքին, հաւաքներու օրակարգերը եւ աշխատանոցները շօշափեցին ազգային եւ ընկերային հարցեր, որոնց մէջէն մասնակցող աստիճանաւորները ներկայացուցին իրենց գիտելիքները։
Կ՚արժէ նշել, թէ ընկերային կեանքի գիշերները, խարոյկով եւ երգերով, ճոխացուցին մասնակիցներու առօրեան, իսկ անոնք նաեւ առիթը ունեցան միօրեայ նաւապտոյտի եւ հայկական մթնոլորտի վայելումին, երգիչ Կարօ Պարտաքճեանի հայկական երգացանկով։ Նաեւ բանակող սկաուտները այցելեցին հայկական եկեղեցիները եւ սկաուտական ակումբները, մօտէն ճանչնալու համար գաղութային կեանքի կեդրոններուն։ Անմոռանալի եղաւ այցելութիւնը Աքրոփոլիս, ուր բացի համաշխարհային մշակութային կոթողի ծանօթացումէն, անոր ստուերին տակ բանակողները ստացան նաեւ իրենց դաստիարակչական շարքի վկայագրերը։
Բանակումի փակման հանդիսութեան օրը նախապէս տեղի ունեցաւ խորհրդանշական ծառատնկում բանակավայրէն ներս, ապա մասնակցող պաշտօնական հիւրերու ներկայութեամբ եւ խօսքերով, ինչպէս նաեւ զանազան պատուոյ գիրերու տուչութեամբ իր լրումին հասաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համաեւրոպական 3-րդ բանակումը։
Պարտք կը զգանք դրուատել Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կառոյցին ջանքերը, որ ճիգ չխնայեց հասնելու համար լաւագոյն արդիւնքին։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդր. վարչութեան անմիջական հովանաւորութեան տակ, Յունաստանի Շրջ. Վարչութիւնը, Սկաուտական Շրջ. խորհուրդը, աստիճանաւորական կազմը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նուիրեալները յաջողեցան իր աւարտին հասցնել նման դժուար ձեռնարկ մը։ Համաեւրոպական համախմբումը իր յուսադրիչ մթնոլորտով ցոյց տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական ոգիի գոյատեւումը, հայ լեզուի քաղցրահնչիւն արտայայտութեան առիթ եղաւ, ազգային գիտակցութեան ջերմ պահ մը, որ համակեց Եւրոպայի հայ երիտասարդութեան ոգին, Յունաստանի հիւրընկալ երկինքին տակ։
Վարձքը կատար բոլոր դերակատարներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նուիրեալ ծառայողներուն:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համաեւրոպական աստիճանաւորական 3-րդ բանակումը Աթէնքի մէջ (Նկարներ)