Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ամսուան մէջ, Յունաստանի Համազգայինի կողմէ իրագործուած «Զարթօնք» հերոսական վէպի թատերականացուած ներկայացումը պայքարի հրաւէր մը հանդիսացաւ, յատկապէս սերունդներուն համար վէպի առթած վսեմագոյն գաղափարներու ու հայ ազատագրական պայքարի ոգիին մարմնաւորումը արտայայտող իր կոչական ուժգնութեամբ։
Այս անգամ, Կիրակի, 13 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, Համազգայինի «Ա. Գազանճեան» թատերախումբը, բեմադրութեամբ Յակոբ Պարսամեանի եւ մասնակցութեամբ հին ու երիտասարդ ուժերու, «Զարթօնք»-ը վերածեց զարթնումի հրաւէրի, բոլոր հանդիսատեսները համակելով հայոց լեռներու ու հայու արեամբ ոռոգուած հողին անժամանցելի խորհուրդներով։
Հայ ազատագրական պայքարի երգը հիւսած Մալխասի «Զարթօնք» հսկայածաւալ երկը, թատերականացուած Կարապետ Գալֆայեանի կողմէ եւ յաջողապէս յունարէնի թարգմանուած Սերգօ Աղապատեանի կողմէ, Քալիթէայի «Իզոլա» թատերասրահի բեմին վրայ, խիզախ հնչումներով համակեց բոլորին սիրտերը եւ յիշեցուց, թէ հայութեան ներկայ իրավիճակը կարիքը ունի վերաիմաստաւորուելու արութեան գործերու երեւումով ու իրաւունքի ձեռքբերման աննկուն կամքով։
Իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մը եղած է «Զարթօնք»-ի բեմականացումը, որ կատարուեցաւ անցեալ դարու 50-ական թուականներուն եւ քանի մը անգամ ներկայացուեցաւ յունահայ բեմերուն վրայ։ Իսկ, եթէ ոմանց համար — որոնք արդէն իսկ վարժ եղած են հայերէն բնագիրին ու անկէ բխած վեհութեան — տարբեր հնչում մը տուաւ յունարէնի թարգմանութիւնը, կարելի է ըսել, թէ նման պատմական հերոսապատումներ նոյնիսկ ներկայ եղած յոյն հանդիսատեսներուն առջեւ ներկայացնելը, կրնայ աւելի խոր ացդեցութիւն թողել նուազ հայախօս սերունդներու, որոնք ծարաւը ունին վերադառնալու հայկական հերոսական ակունքներուն։ Արդէն, մեծ թիւով պատանիներու եւ երիտասարդներու ներկայութիւնը հանդիսատեսներուն մէջ կու գայ ապացուցելու հայ թատրոնին ճամբով դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը եւ մեր փառահեղ պատմութեան մատուցումը պատկերաւոր ու մատչելի միջոցներով։
Բոլոր դերակատարները իրենց լաւագոյն արտայայտութիւնը ունեցան բեմին վրայ։ Նոյնիսկ աննշան երեւցող դերեր մարմնաւորած երիտասարդ ուժերը խոստումնալից յաջորդականութիւն մը յայտնաբերեցին։ Իսկ թատերական ներկայացումներուն մէջ արդէն փորձառութիւն ձեռք ձգած շարք մը դերակատարներ, կարողացան արտայայտչական տարբեր երանգներով իմաստաւորել երկի փոխանցած պատգամները։
Վէպի հերոսի՝ Վարդան Արսէնեանի գլխաւոր դերը վերցուց Նշան Սավուլեան, որ մարմնաւորեց հայ ազատագրական պայքարի հերոսացման իտէալը եւ ազատատենչ ոգին։ Իր վերցուցած դժուար դերը յաջողութեամբ դուրս եկաւ ու տարածեց ոգեւորիչ պատգամներ։ Անոր կողքին, լաւապէս ներկայացաւ Մարօ Մաթեան՝ Սոնիա Քարփովայի դերով, որ թօթափելով քաղքենի եւ անտարբեր կնոջ մը կերպարը, դարձաւ հայ յեղափոխութեան հաւատաւոր բժշկուհին, վերագտնելով իր վաղեմի սէրը։ Տպաւորութիւն թողեց Վակելիս Կեքասի ստանձնած դերը որպէս Մոսօ, հաւատարիմ դռնապանը եւ յեղափոխական մարտիկը։ Յայտնութիւն մը եղաւ երիտասարդ Անայիս Բարսեղեանի դերը որպէս Եւգին Արսէնեան, հերոսի քոյրը, որ խոստումնալից ապագայ մը կը ցուցաբերէ յունահայ թատերական յաջորդ փորձարկումներուն համար։ Սերգօ Մինասեան եւ Լուսի Քէհէյեան արդէն փորձառութիւն նուաճած են տարիներու վրայ, իսկ այս անգամ եւս, որպէս Վարդանի ծնողները, անոնց ինքնավստահ ներկայացումը արժէք մը եւս աւելցուց երկին վրայ։ Որքա՜ն հաճելի ու միաժամանակ դաստիարակիչ եղաւ Յակոբ Արըճեանի եւ Խաչիկ Սափրիչեանի երկխօսութիւնը հայոց լեռներուն վրայ, որպէս Առիւծ Գեւօ եւ Թոփալ Սատանա, որ մերթ զուարճախօսութեամբ, մերթ պայքարի ազդանշանով, ցոյց տուաւ ֆետայական տիպարը եւ անոր հերոսական պատումները։ Ժագ Տամատեան, որ քանիցս ներկայացած է հայ բեմերէն, ունի ինքնավստահութիւնը մարմնաւորելու զանազան տիպարներ, այս անգամ ալ մարմնաւորելով մեծահարուստ Պորիս Քարփովիչի քաղքենի կերպարը։ Կարօ Աղապատեան Գալուստի դերով, Ալպեր Մարտիկեան Գէորգի դերով, Ալեքս Բարսեղեան Վահրամի դերով, Ալքինոոս Մանիատաքիս Քաչալի դերով, ինչպէս նաեւ Կարէն Խաչերեան եւ Նիքոս Ցիցոս ֆետայիի կերպարով կարողացան յստակ եւ հարկ եղած բեմական շարժումներով արժանացնել իրենց վստահուած պարտականութիւնը եւ դերերու այլազանութիւնը։
Գեղեցիկ ներկայացման համադրումը կը պարտինք տարիներով թատերական բեմերուն վրայ հաստատուած եւ այժմ բեմադրութեան փորձերուն մէջ յաջող քայլեր կատարող Յակոբ Պարսամեանին։ Իր բեմադրական երկրորդ ներկայացումը կու գայ ապացուցելու, թէ ապագային եւս հայ բեմին վրայ տարբեր տեսակի ներկայացումներ հրամցնելու խոստումնալից ճամբուն վրայ կը գտնուի, իսկ յոյժ քաջալերելի պէտք է ըլլայ իր բեմադրական յղացումներուն նեցուկ կանգնելու ամէն տեսակի վարչական եւ գործնական մտածում։
Յուշարարի պարտականութիւնը ձեռնհասօրէն ստանձնեց Կիւլա Գարապաճաքեան, որուն տարիներու փորձառութիւնը մեծապէս կը սատարէ դերակատարներու անթերի ներկայացման։ Երաժշտական յօրինումի եւ համադրումի զարդարումը կատարուեցաւ ծանօթ երաժիշտ Ստեփան Թեքիրեանին եւ Տիգրան Աբրահամեանին կողմէ։ Բեմայարդարումը ստանձնած էր Անայիս Գազանճեան, որ տարիներու իր փորձառութիւնը ի գործ դրաւ բեմին վրայ։ Զգեստներու ընտրութիւնը ստանձնած էին Կիւլա Գարապաճաքեան եւ Ալիս Ֆուրունճեան, իսկ վերջինը հանդէս եկաւ պատմողի դերով, որու բովանդակութեան պատրաստութիւնը կատարած էր Արշալոյս Սափրիչեան։ Դերակատարներու շպարումը եղաւ Լուիզա Պօղոսեանի եւ Թամար Պարսամեանի կողմէ, նկարահանումը Կարօ Աղապատեանի ջանքերով, յայտագիրի գրութիւնը պատրաստուեցաւ Ժագ Տամատեանի ձեռամբ, իսկ անոր ձեւաւորումը Սարին Մանոյեանի կողմէ։ Բեմի ետին գտնուող բոլոր աշխատակիցները լաւապէս սատարեցին երկի անթերի ու յաջող մատուցումին։
Թատերական ներկայացման ներկայ եղան Առաջնորդ Սրբազան հայրը, Ազգային վարչութիւնը, գաղութի գործօններու ներկայացուցիչները եւ ստուար հանրութիւն մը, որ իր շարունակական ծափահարութիւններով գնահատեց արդիւնքը։
Համազգայինի վարչական պատասխանատուներուն եւ «Ա. Գազանճեան» թատերախումբին կը մնայ մաղթել սրտագին շնորհաւորութիւններ։ Թատերական յաջող նախաձեռնութիւնը պէտք է երաշխաւորէ շարունակութիւն մը՝ թատերասէր հանրութեան ծարաւը յագեցնելու համար։ Հայ թատրոնի անդաստանին մէջ գոյութիւն ունին ծանօթ արդի եւ դասական կտորներ, որոնք կը սպասեն ներկայացման։ Բեմին վրայ երեւցած երիտասարդ ուժերու խոստումնալից ներկայութիւնը թող իր ընթացքը ապահովէ, ոչ միայն Աթէնքի թատերասէր հանրութեան համար, այլեւ յունահայ տարբեր համայնքներու թատերասիրական հաճոյքը գոհացնելու համար։
Վարձքը կատար բոլոր դերակատարներուն՝ բեմին վրայ ու անոր ետին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Համազգայինի «Զարթօնք» թատերական ներկայացումը՝ ինքնութեան ու պահանջատիրութեան հրաւէր (նկարներ)










