ԵՂԻԱ ՎՐԴ. ՄԱԼԽԱՍԵԱՆ

­Մեծ ­Պա­հոց ոս­կեայ շղթա­յին հին­գե­րորդ օ­ղա­կին ա­նունն է «­Դա­տա­ւո­րի ­Կի­րա­կի», ո­րուն ա­ռա­կը կը գտնենք ­Ղու­կա­սու Ա­ւե­տա­րա­նին 18.1-8 հա­մար­նե­րուն մէջ։
­Յի­սուս Ք­րիս­տոս, Իր երկ­րա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան ըն­թաց­քին, Իր գա­ղա­փար­նե­րը ա­շա­կերտ­նե­րուն ա­ռակ­նե­րով կը պար­զա­բա­նէր, որ­պէս­զի հասկ­նա­լի դառ­նա­յին ա­նոնց եւ ա­ւե­լի ուշ՝ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին։ ­Հե­տե­ւա­բար, այս ա­ռա­կին մէջ, ­Յի­սուս Ք­րիս­տոս Իր ա­շա­կերտ­նե­րուն կը պատ­մէ «Այ­րի կնոջ եւ դա­տա­ւո­րին» ա­ռա­կը՝ ցոյց տա­լու հա­մար ա­ղօթ­քին ու­ժը եւ սոր­վեց­նե­լու, թէ պէտք է ա­ղօ­թել ա­ռանց վհա­տե­լու. Ան կը թե­լադ­րէ ա­ղօթ­քի մէջ ըլ­լալ հաս­տա­տա­կամ եւ հա­ւատ­քի մէջ` ա­մուր:
Այ­րի կին մը կար, որ ան­դա­դար օգ­նու­թեան կը դի­մէր քա­ղա­քի մէջ ապ­րող դա­տա­ւո­րի մը, որ ո՛չ Աս­տուծ­մէ կը վախ­նար, ո՛չ ալ մար­դոց­մէ կ­՚ամչ­նար։ Այ­րի կի­նը, ա­ռանց վհա­տե­լու, կ­՚եր­թար դա­տա­ւո­րին քով ու ա­նոր կ­՚ը­սէր. «Ի­րա­ւունքս պաշտ­պա­նէ՛ հա­կա­ռա­կոր­դէս»։ ­Դա­տա­ւո­րը եր­կար ժա­մա­նակ մեր­ժե­լէ ետք զայն, ի վեր­ջոյ կ­՚ո­րո­շէ տես­նել ա­նոր դա­տը։
Այս հա­կիրճ, սա­կայն բազ­մի­մաստ ա­ռա­կէն կ­՚ու­զենք կարգ մը մտա­ծում­ներ բաժ­նեկ­ցիլ մեր ըն­թեր­ցա­սէր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին հետ, որ­պէս­զի ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի այս ա­ռա­կը ա­ւե­լի պար­զա­բա­նենք եւ հասկ­նա­լի դարձ­նենք։
Ա­ռա­ջին հեր­թին, պէտք է հասկ­նալ, որ այս աշ­խար­հի վրայ ոե­ւէ մէ­կը իր դա­տը պաշտ­պա­նող մը պի­տի չգտնէ, ե­թէ խնդրոյ ա­ռար­կայ ան­ձը ա­նոր ե­տին շահ մը չու­նե­նայ։ ­Մեր մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ, մեր ի­րա­ւուն­քը ոե­ւէ մէ­կը պի­տի չպաշտ­պա­նէ։ ­Մեր հայ­րե­նի­քին կեն­դա­նի օ­րի­նա­կը ե­թէ առ­նենք, մենք մե­զի հարց պի­տի տանք. «Ար­դեօք կա՞յ ի­րա­ւուն­քի պաշտ­պա­նու­թիւն»։ ­Բո­լորն ալ շահ կը հե­տապն­դեն. նոյ­նիսկ ներ­կայ ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը։ Ո՛չ միայն մեր ի­րա­ւունք­նե­րը չեն պաշտ­պա­նուիր, այ­լեւ՝ կը յափշ­տա­կո­ւին։ Որ­քա՜ն հա­յոր­դի­ներ ան­պաշտ­պան ու ա­նի­րա­ւո­ւած են. իսկ ո՞վ ա­նոնց դա­տը կը պաշտ­պա­նէ ու ա­նոնց ի­րա­ւուն­քը կու տայ։
Այս ա­նար­դար կեան­քին մէջ, նա­մա­նա­ւանդ մենք՝ իբ­րեւ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ճշմա­րիտ հե­տե­ւորդ­ներ, պի­տի հան­դի­պինք տար­բեր տե­սա­կի ա­նի­րա­ւու­թեանց, յա­ճախ պի­տի ըլ­լանք ան­պաշտ­պան, պի­տի խլեն մեր ձեռ­քէն մեր ի­րա­ւունք­նե­րը, բայց այս բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու մի­ջո­ցը ա­ռանց վհա­տե­լու ա­ղօ­թելն է։ Ա­ղօթ­քի զօ­րու­թեան շնոր­հիւ է, որ մին­չեւ այ­սօր կը տո­կանք դժո­ւա­րու­թեանց դի­մաց։ Ե­թէ նա­յինք մեր շուր­ջը, կը տես­նենք Ք­րիս­տո­սի հե­տե­ւորդ­ներ, ո­րոնք հա­ցի կա­րօտ են բայց ո՞վ է մե­ղա­ւո­րը՝ Աս­տո­ւա՞ծ, թէ՞ ան­գութ մար­դը, որ իր «ես»-էն ան­դին ո­չինչ կը տես­նէ։
­Հե­տե­ւա­բար, վստա­հէ՛ Աս­տու­ծոյ եւ կի­սուէ՛ Ի­րեն հետ օ­րո­ւան մտա­հո­գու­թիւն­ներդ, դժուա­րու­թիւն­ներդ եւ մի՛ մոռ­նար միշտ գո­հու­նակ եւ շնոր­հա­կալ ըլ­լալ ու­նե­ցա­ծիդ հա­մար։
­Սի­րե­լի՛ ըն­թեր­ցող, միտ­քիդ մէջ ու­նե­ցիր ­Պօ­ղոս ա­ռա­քեա­լին հե­տե­ւեալ խօս­քը, որ կ­՚ը­սէ. «Եր­բե՛ք մի վախ­նաք հա­կա­ռա­կորդ­նե­րէն. այդ հա­կա­ռա­կու­թիւ­նը ի­րենց կո­րուս­տին եւ ձեր փրկու­թեան ա­պա­ցոյցն է» (Փլպ 1.28)։
­Մեր ­Տէ­րը ցոյց կու տայ, թէ մեր կեան­քի բո­լոր խո­չըն­դոտ­նե­րուն, ի­րա­ւազր­կու­թեանց եւ հա­կա­ռա­կու­թեանց պա­րա­գա­նե­րուն, պէտք է ա­ղօ­թել եւ Աս­տու­ծոյ մխի­թա­րու­թիւ­նը հայ­ցել։ Այս կեան­քի դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը միայն ա­ղօթ­քով կա­րե­լի է տա­նիլ։ ­Մի՛ յու­սա­հա­տիր, այլ ա­ռա­կին մէջ նշո­ւող կնոջ պէս, ան­դա­դար խնդրէ՛, որ­պէս­զի ի­րա­ւունքդ պաշտ­պա­նո­ւի եւ վստա՛հ ե­ղիր, որ ­Տէ­րը քեզ պի­տի չլքէ, այլ ճիշդ ժա­մա­նա­կին դատդ պի­տի պաշտ­պա­նէ եւ համ­բե­րու­թեանդ հա­մար քեզ պի­տի վար­ձատ­րէ։