«Յիսուս կեդրոնն է, անկիւնաքարը, որ պիտի միացնէ
բոլոր ազգերը՝ պաշտամունքի մէջ, Մսուրին շուրջ՝ բոլոր մարդերը։ Հաւատքը մեր ամենամեծ գանձն է։
… Հաւատացեալը ունի հոգւոյն մէջ ճառագայթներ,
որոնցմով կը տեսնէ գերբնական իրողութիւնը,
Աստուածութիւնը եւ կը զանազանէ զայն՝ մարդկային կեանքի իրողութիւններէն» Աստուծոյ Ծառան
Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան
***
Կիրակի, 24.12.2023՝ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ
(100 տարի առաջ, 24.12.1923-ին Կիւրեղ Եպս. Զօհրապեան կը նուիրէ իր առաքելութիւնը Յունաստանի մէջ Ս. Թերեզայի բարեխօսութեան) Երեկոյեան ժամը 7-ին Ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ – Նէոս Գոզմոս, ապա Մանուկ Յիսուսի թափօրը, Կաղանդ Պապան նուէրներ պիտի տայ բոլոր մանուկներուն։ Հիւրասիրութիւն եւ Սուրբ Ծննդեան ճոխ երգեր։
Երկուշաբթի, 25.12.2023՝ ՏՕՆ ԾՆՆԴԵԱՆ Տ. Մ. ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Առաւօտեան ժամը 11-ին Ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ Սրբուհի Թերեզայի եկեղեցւոյ մէջ – Գոքինիա։ Ապա շնորհաւորութիւններ եկեղեցւոյ «Զօհրապեան» սրահին մէջ, Կաղանդ Պապան նուէրներ պիտի տայ բոլոր մանուկներուն։ Հիւրասիրութիւն եւ Սուրբ Ծննդեան ճոխ երգեր։
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
Հայր Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեան
Առաքելական կառաւարիչ
Յունաստանի Հայ կաթողիկէ Համանյքի









