Յու­նաս­տա­նի սկաու­տա­կան ֆե­տե­րա­սիո­նի «­Սա­րո­նի­քոս» ընդ­հա­նուր խնա­մա­կա­լու­թեան խմբա­պե­տու­թեան կող­մէ, ­Կի­րա­կի, 13 ­Նո­յեմ­բեր 2022-ին, ­Ֆիք­սի «Ա. ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մախմ­բա­պե­տա­կան 65-րդ ­հան­դի­պու­մը։ ­Ներ­կայ ե­ղան Ընդհ. խնա­մա­կա­լու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան խմբա­պետ­նե­րը, Ատ­տի­կէի ֆե­տե­րա­սիոն­նե­րու եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու խմբա­պե­տա­կան կազ­մե­րը, ինչ­պէս նաեւ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Ֆիս­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու խմբա­պե­տա­կան կազ­մե­րը եւ Շր­ջա­նա­յին խմբա­պե­տը։
­Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ար­ծար­ծո­ւե­ցան սկաու­տա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ հա­ւա­քա­կան կեան­քի զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րը, յա­տուկ ծան­րու­թիւն տա­լով պա­տա­նի­նե­րու ամ­բող­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թեան սկաու­տա­կան կեան­քի բազ­մաբ­նոյթ գոր­ծու­նէու­թեան մէջ։ ­Մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ար­դի հա­ղոր­դակ­ցա­կան եւ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու գոր­ծա­ծու­թեան, յատ­կա­պէս ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով։
­Ժո­ղո­վը նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ կազ­մա­կեր­պա­կան հար­ցե­րուն, շրջա­գի­ծի մէջ առ­նե­լով կա­ռոյ­ցի զա­նա­զան ձե­ւե­րու կի­րար­կու­մը իւ­րա­քան­չիւր մա­կար­դա­կի վրայ։