Ա­կա­դե­մա­կան նոր տա­րեշր­ջա­նէն սկսեալ, յու­նա­հայ հայ­րե­նա­կից Ար­թին ­Հա­ճի­քէօ­սէ­յեան նշա­նա­կո­ւած է որ­պէս փո­խա­նորդ դա­սա­խօս Ա­թէն­քի ­Բազ­մա­րո­ւես­տից բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նի մե­տա­ղա­գի­տու­թեան բա­ժան­մուն­քէն ներս։
Ար­թին ծնած է ­Գո­քի­նիա եւ ու­սա­նած է ­Քի­միա­կան մե­քե­նա­բա­նու­թիւն ­Բազ­մա­րո­ւես­տից վար­ժա­րա­նին մէջ՝ 1985-1990 տա­րի­նե­րուն։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ան բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւած է Անգ­լիոյ մէջ։
Որ­պէս գի­տա­կան գոր­ծա­կից, աշ­խա­տած է ­Բազ­մա­րո­ւես­տից վար­ժա­րա­նէն ներս, մաս կազ­մե­լով յու­նա­կան եւ եւ­րո­պա­կան գի­տա­զօ­տա­կան ծրա­գիր­նե­րու։ Ա­ւե­լի վերջ, իր ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծած է ­Գեր­մա­նիոյ մէջ, իսկ 2008-ին ստա­ցած է դոկ­տո­րա­կան աս­տի­ճան ­Բազ­մա­րո­ւես­տից վար­ժա­րա­նէն։
­Բա­ւա­կան տա­րի­ներ դա­սա­ւան­դած է ­Բազ­մա­րո­ւես­տից վար­ժա­րա­նի տա­րրա­լու­ծա­րան­նե­րուն մէջ, իսկ 2001-2017 տա­րի­նե­րուն դա­սա­ւան­դու­թիւն­ներ կա­տա­րած է TEI բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­րան­նե­րու հան­րա­յին ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան մաս­նա­գի­տու­թեան բա­ժին­նե­րէն ներս՝ քի­միա­գի­տու­թեան, կեն­սո­լոր­տի ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան եւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան ա­ռար­կա­նե­րուն վրայ։
Ան­ցեալ տա­րո­ւան ­Դեկ­տեմ­բե­րին ան փո­խա­նորդ դա­սա­խօս ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Բազ­մա­րո­ւես­տից վար­ժա­րա­նի ­Մե­տա­ղա­գի­տու­թեան բա­ժան­մուն­քէն ներս եւ պի­տի դա­սա­ւան­դէ «­Թա­փօն­նե­րէն մե­տաղ­ներ վերս­տա­նա­լու կեն­սա-ար­հես­տա­գի­տա­կան մի­ջոց­ներ»-ու նիւ­թը։
Ար­թի­նի ա­կա­դե­մա­կան մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը կը ծան­րա­նայ մե­տաղ­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան վրայ՝ կեն­սո­լոր­տա­յին ար­հես­տա­գի­տու­թեան մար­զէն ներս։ Իր ու­նե­ցած ըն­դար­ձակ ա­կա­դե­մա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ծի­րին մէջ, ան մաս­նակ­ցած է բազ­մա­թիւ յու­նա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­զօ­տա­կան ծրա­գիր­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ստո­րագ­րած է մօտ 60 աշ­խա­տու­թիւն­ներ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­կան պար­բե­րա­կան­նե­րու եւ գի­տա­ժո­ղով­նե­րու մէջ, հա­մա­հե­ղի­նակն է մաս­նա­գի­տա­կան եր­կու գիր­քե­րու։ Ար­թի­նի գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը ստա­ցած են մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում՝ ա­ւե­լի քան 680 ան­գամ անդ­րա­դարձ ու­նե­նա­լով գի­տա­կան տար­բեր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու մէջ։
Ա­մուս­նա­ցած է ­Մա­յա ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի հետ եւ բախ­տա­ւո­րո­ւած է եր­կու զա­ւակ­նե­րով։
­Յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք Ար­թին ­Հա­ճի­քէօ­սէ­յեա­նին՝ իր ա­կա­դե­մա­կան նոր նո­ւա­ճում­նե­րուն հա­մար։