Պր­կո­ւած ու­շադ­րու­թեամբ կը դի­տեմ առ­ջեւս կանգ­նած մեր կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ստո­ւար խում­բը, ո­րոնք ան­դի­մադ­րե­լի մղու­մէ մը ներշն­չո­ւած, ի­րենց պա­հան­ջա­տի­րա­կան ո­գին ու կո­րո­վը կ­՚ար­տա­յայ­տեն ատր­պէյ­ճա­նա­կան դես­պա­նա­տան առ­ջեւ։
27 ­Սեպ­տեմ­բեր 2021: ­Տա­րի մը ան­ցաւ ա­զե­րիեւ­թուրք բա­նա­կի ու ա­նոնց վարձ­կան­նե­րու յար­ձա­կու­մէն մեր ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խին վրայ։ 44 օր ետք, ու հա­կա­ռակ ­Հա­յաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­կան բե­րան­նե­րէն շա­րու­նա­կա­բար լսո­ւող «­Յաղ­թե­լու ենք» կար­գա­խօ­սին, հայ ժո­ղո­վուր­դը գտնո­ւե­ցաւ կա­տա­րո­ւած ի­րո­ղու­թեան առ­ջեւ, երբ պար­տո­ւո­ղա­կան հա­մա­ձայ­նա­գիր մը կը ստո­րագ­րո­ւէր, մինչ մար­տե­րու դաշ­տե­րուն եւ ժայ­ռե­րուն վրայ հա­զա­րա­ւոր հա­յոր­դի­ներ ի­րենց կեան­քը մա­տաղ տո­ւած էին ազ­գի բա­գի­նին։
­Տա­րի մը ան­ցած է պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քէն, որ ա­րիւ­նա­քամ դար­ձուց հայ­րե­նիք մը ամ­բողջ, իր ե­տին թո­ղե­լով ան­թիւ վի­րա­ւոր ու հաշ­ման­դամ հա­յոր­դի­ներ, սե­րունդ մը լման ան­հե­տա­ցաւ կեան­քի ան­դաս­տա­նէն, ան­դին՝ որ­դե­կո­րոյս մօր լա­ցը, լուռ ու զուսպ ար­տա­սու­քը՝ հա­յու նկա­րա­գի­րին յատ­կա­նի­շը, կը շա­րու­նա­կէ բարձ­րա­նալ եր­կինքն ի վեր, որ­պէս ողբ ու ար­դար բո­ղոք՝ ժո­ղո­վուր­դի մը կոր­սո­ւած զա­ւակ­նե­րու դա­հի­ճին վրայ ա­նէծք կար­դա­լով։
­Կը դի­տեմ մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը. ա­նոնց պա­տաս­խա­նա­տու խօս­նա­կին բամբ ձայ­նը կը ճեղ­քէ օ­դը ու իր բեր­նէն ե­լած բա­ռե­րը մէկ առ մէկ կը խո­յա­նան դէ­պի վեր։ ­Պոռթ­կում, ցա­սում, բայց եւ պայ­քա՜ր, արթ­նու­թեան ղօ­ղա՜նջ։ Ըմ­բոստ ե­րի­տա­սար­դին էու­թե­նէն բխող ցե­ղին ձայ­նը ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի «Ու պայ­քա՜ր, պայ­քա՜ր, պայ­քա՜ր եր­գե­ցի, ­Ձե­զի ըն­ծայ՜, հայ մար­տիկ­ներ»ու ձօնն է, որ հա­մա­կած է ի­րենց կեան­քի ար­շա­լոյ­սին գտնուող այդ թարմ տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը։
­Կը մտա­ծեմ՝ «Ին­չո՞ւ միայն ա­նոնք, ո՞ւր են ի­րենց տա­րե­կից­նե­րը, ո՞ւր է բո­վան­դակ ժո­ղո­վուր­դը, ո՞ւր է իմ հայ­րե­նա­կի­ցը»։
­Հա­յը տա­կա­ւին կ­՚ող­բայ։ ­Հա­յը իր տան չորս պա­տե­րուն մէջ նստած, գլխի­կոր, իր ար­տա­սու­քով կը թրջէ ան­հե­տա­ցած մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու չապ­րո­ւած գա­րուն­նե­րը։
­Հա­յը իր մղձա­ւան­ջը կ­՚ապ­րի դար­ձեալ։ ­Կը ճամ­բոր­դէ դէ­պի ետ, կը թա­փա­ռի կի­զիչ ա­նա­պատ­նե­րուն մէջ, ո­սո­խի ան­գութ սու­րը կը տես­նէ, կոր­սո­ւած օ­ճա­խը կը փնտռէ, կը կան­չէ՝ ­Մուշ, ­Վան, ­Կարս, Ար­ցախ…։ ­Կը մտա­ծէ, որ պատ­մու­թեան ա­նո­ղոք պա­հը դար­ձեալ իր առ­ջեւ ցցո­ւած, կը խլէ իր կեան­քի վեր­ջին յոյ­սը՝ իր Ար­ցա­խը, իր ­Սիւ­նի­քը…։
Այդ­պէս է հա­յը։ Ողբն ու կո­րուս­տը իր պատ­մու­թեան մաս­նիկ­նե­րը ե­ղած են։
­Տո­ւած է, սա­կայն գիտ­ցած է նաեւ ետ առ­նել այն ինչ որ իրն է, իր կեանքն է։
«…­Գի­տենք դեռ չան­ցած վէր­քե­րից տնքալ… գի­տենք քո­ւէար­կել մեր կեան­քով նաեւ, իսկ ե­թէ պէտք է խա­ւա­րը ցրել, գի­տենք մոխ­րա­նալ որ­պէս վար կե­րոն» կը պատ­գա­մէր անն­ման ­Սե­ւա­կը։
­Հա­յոր­դի՛, ոտ­քի կանգ­նի՛ր, միա­ցի՛ր տա­րե­կի­ցիդ. ան մին­չեւ այ­սօր չէ կքած։ ­Ձայնդ բարձ­րա­ցո՛ւր, բռունցքդ ճօ­ճէ՛։ ­Տե՛ս, թշնա­մին իր շէն­քի պա­տու­հան­նե­րուն ե­տե­ւը կանգ­նած՝ սար­սա­փա­հար քեզ կը դի­տէ։ Ցն­ցո­ւած է, ան­հոգ չէ։ ­Գի­տէ, որ հոն ես, Ար­ցա­խէն ու ­Սիւ­նի­քէն մղոն­ներ հե­ռու, բայց սիրտդ ան­վե­հեր կանգ­նած է սուրբ հո­ղիդ վրայ, որ քուկդ է, ի­րը չէ, ինք օ­տար է այդ հո­ղին վրայ, գի­տէ որ դուրս պի­տի շպրտո­ւի, բաւ է, որ դուն ոտ­քի կանգ­նիս, եղ­բօրդ միա­նաս։
Ար­ցա­խի վրայ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած ա­նարգ պա­տե­րազ­մի 44 օ­րե­րը, մէկ առ մէկ, մին­չեւ 9 ­Նո­յեմ­բեր, թող դառ­նան ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան օ­րեր, կոտ­տա­ցող ցա­ւը թող վե­րա­ծո­ւի ի­րա­կան «­Յաղ­թե­լու ենք» հա­մազ­գա­յին կո­չի։
Ան­սանք կո­չին, ցե­ղի ձայնն է, որ կը կան­չէ։ ­Պի­տի հա­մախմ­բո­ւինք, մար­մին ու բռունցք մէ­կի վե­րա­ծած՝ պի­տի բարձ­րաց­նենք յաղ­թու­թեան պա­տը։ ­Հայ­րե­նի հո­ղին վրայ մարտն­չող մեր ա­րիւ­նա­կի­ցին ցոյց պի­տի տանք, որ սփիւռ­քա­ցած հա­յը կանգ­նած է ա­նոր կող­քին, ինչ­պէս 44 ա­հա­ւոր օ­րե­րուն ան իր եղ­բօր մի­նակ չթո­ղեց։
­Հայ­րե­նա­կի՛ց, յա­ջորդ կո­չին այ­լեւս հե­րիք է ար­ցունք թա­փել։ Ե­կո՛ւր եւ միա­ցի՛ր պայ­քա­րող ե­րի­տա­սար­դին։
­Մեր սրտի պարտքն է. պայ­քա­րը հա­յու ճա­կա­տա­գիրն է։ ­Պի­տի չհաշ­տո­ւինք ցա­ւին հետ։

ԴԻՏՈՂ