«Թերթ» կը գրէ, որ Թուրքիոյ իշխանաւոր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան եւ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութեան թուրք երեսփոխանները, Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութենէն հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսքը ընդհատած են՝ «դաշնակցականներու ահաբեկչութեան» եւ «հայերու ապստամբութիւններու» մասին վանկարկումներով ու պոյքոթի ենթարկած են անոր խօսքը` սեղաններուն զարնելով:
Փայլան մասնաւորաբար յայտարարած է, որ 1913-1923 թուականներուն երկրին մէջ արձանագրուած հայերը, ասորիները, յոյներն ու հրեաները, «մեծ կոտորածներու եւ ցեղասպանութեան պատճառով, այս հողերէն կա՛մ աքսորուած են, կա՛մ տանջանքներու ենթարկուած»: Թուրք երեսփոխանները դահլիճէն պոռացած են.- «Այս հողերուն վրայ ցեղասպանութիւն չէ եղած, խորհրդարանի ամպիոնէն թուրք ժողովուրդը չես կրնար վիրաւորել, Ապտիւլ Համիտը չես կրնար վիրաւորել, դուն Հայաստանի երեսփոխան չես, Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան ես»:
Սակայն հայ երեսփոխանը շարունակած է իր խօսքը` ըսելով.- «Ժամանակին մենք բնակչութեան 20 տոկոսն էինք, այսօր 1000ի մէջ մէկն ենք: Բան մը եկած է հայ ժողովուրդի գլխուն, ես ատոր ցեղասպանութիւն կ՛ըսեմ, դուք ինչպէս կ՛ուզէք զայն անուանեցէք: Հայ ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ եկած է իր գլխուն: Ասոր դուք անուն տուէք, ես ալ` ընդունիմ, թէ մեր գլխուն ինչ եկած է: Ես նախնիներուս, պապերուս գլխուն ի՛նչ եկած է` շատ լաւ գիտեմ: Մեր գլխուն բան մը եկած է, եւ եկէք դուք զայն անուանեցէք, միասին առերեսուինք»:
Ատկէ ետք թուրք երեսփոխանները Փայլանին չեն արտօնած շարունակել իր խօսքը: Հայ երեսփոխանը դիմած է խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ահմեթ Այտանին.- «Այս ի՞նչ է, յարգելի՛ նախագահ, պիտի չմիջամտէ՞ք»:
Սակայն փոխ-նախագահը նոյնպէս չէ յաջողած հանգստացնել կիրքերը, փոխարէնը՝ ան խնդրած է Փայլանէն «ուշադրութիւն դարձնել իր խօսքերուն եւ չվիրաւորել թուրք ազգը»:
Փայլան պահանջած է յաւելեալ 5 վայրկեան խօսքի համար, սակայն փոխ-նախագահը տրամադրած է ընդամէնը մէկ վայրկեան, որու ընթացքին ալ հայ երեսփոխանը չէ յաջողած շարունակել խօսքը` երեսփոխաններու պոյքոթին պատճառով:
«Ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելուն համար Փայլանը պատժած են` զրկելով երեք նիստի մասնակցելու իրաւունքէն: Փայլանի խօսքերը հանուած են նիստի արձանագրութիւններէն:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իշխանաւոր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան անդամները Փայլանի խօսքը նկատած են «դաւաճանութիւն եւ ստորնութիւն»:
Կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարներէն Նաճի Պոսթանճ Փայլանի քայլը որակած է իբրեւ «ամբողջ կայսրութեան մը կռնակէն հարուած» եւ աւելցուցած.- «Մենք ոչ մէկ խնդիր ունինք Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն եւ արտերկրի մէջ բնակող հայերուն հետ… «Ոմանք ցեղասպանութեան մասին պնդումներով այստեղէն եւ միջազգային ամպիոններէն կը փորձեն ազգայնականութիւն զարգացնել»:
Փայլանի խօսքը քննադատած են նաեւ Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութեան շարք մը անդամներ, քեմալական խմբակցութեան ղեկավար Էնկին Ալթայ նշած է, որ իրենց կուսակցութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ ցեղասպանութիւն եզրի բարձրաձայնումը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:
Փայլանի կուսակից, Անգարայէն ընտրուած երեսփոխան Սուրրէյա Էօնտեր` խուսափելով յստակ ձեւակերպումներէ, նշած է, որ այն ժամանակաշրջանը, որուն մասին կը խօսի Փայլան, Օսմանեան Կայսրութեան ամէնէն ցաւալի շրջանն է:
Փայլան պիտի դիմէ Սահմանադրական դատարան
«Արմէնփրես»ի հետ զրոյցին ընթացքին Փայլան նշեց, որ պիտի դիմէ Սահմանադրական դատարան: Ան փաստեց, որ երկրին մէջ տիրող ազգայնական մթնոլորտով աւելի սահմանափակուած են ազատութիւնները: Ան ըսաւ.-
«Նոր իրողութեան պայմաններուն մէջ ցեղասպանութիւն եզրոյթը արտաբերելը կրկին կ’ընկալուի որպէս յանցանք: Եթէ դարձեալ ըսեմ այդ բառը, գուցէ նոյն պատիժը կուտան, սակայն ես չեմ դադրիր ըսել է այն, ինչ որ կը հաւատամ: Դիմեցի իրաւական միջոցներու: Այս պահուս կը նախապատրաստուի Սահմանադրական Դատարան ներկայացուելիք դիմումս: Կը պատրաստուիմ դիմել նաեւ մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Կը կարծեմ պիտի յաջողիմ»,- ըսած է Փայլան: