Հոգեգալստեան տօնը՝ Թեսաղոնիկէի մէջ

0
653

Կի­րա­կի՝ 7 ­Յու­նիս 2020ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30ին, ­Հո­գե­գալս­տեան տօ­նին առ­թիւ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ս. եւ ան­մահ ­Պա­տա­րագ, մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ սար­կա­ւագ­նե­րուն եւ դպիր­նե­րուն եւ ներ­կա­յու­թեամբ թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու։ Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան։
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին հայր սուր­բի գլխա­ւո­րու­թեամբ կա­տա­րո­ւե­ցաւ հո­գե­գալս­տեան ա­րա­րո­ղա­կար­գը՝ ­Յով­հան Ոս­կե­բե­րան ­Հայ­րա­պե­տի Ս. Եր­րոր­դու­թեան նո­ւի­րո­ւած ա­ղօթ­քի ըն­թեր­ցու­մով։ ­Քա­րո­զի պա­հուն, հայր սուր­բը խօ­սե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քէն ներս Ս. ­Հո­գիին ներ­գոր­ծու­թիւ­նը եւ ա­նոր շնորհք­նե­րով ու բա­րի պտուղ­նե­րով ա­ճումն ու զար­գա­ցու­մը հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։