Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 74րդ ­նիս­տի ծի­րէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քի­սի եւ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի մի­ջեւ հան­դի­պում։
Յու­նա­կան կա­ռա­վա­րա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն, հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ար­ծար­ծո­ւե­ցան գլխա­ւոր հար­ցե­րը, ինչ­պէս՝ գաղ­թա­կան­նե­րու խնդի­րը, ­Կիպ­րո­սի հիմ­նա­հար­ցը, այ­լեւ երկ­կող­մա­նի տնտե­սա­կան եւ ա­ռեւտ­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։
­Նոյն աղ­բիւր­նե­րուն հա­մա­ձայն, ո­րո­շո­ւե­ցաւ կեան­քի կո­չել «­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ ­Գոր­ծակ­ցու­թեան ­Բարձ­րա­գոյն խոր­հուրդ»ը, ո­րուն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը կ­՚իյ­նայ եր­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն վրայ։
­Կիպ­րա­կան հար­ցին առն­չու­թեամբ, ­Յու­նաս­տան ան­գամ մը եւս իր զօ­րակ­զու­թիւ­նը յայտ­նեց ­Կիպ­րո­սին եւ ա­ջակ­ցու­թիւն ցոյց տո­ւաւ կիպ­րա­ցի նա­խա­գահ Ա­նաս­փա­սիա­տի­սի ա­ռա­ջար­կին՝ ­Կիպ­րո­սի եր­կու հա­մայնք­նե­րուն հա­մար ու­ժա­նիւ­թի օգ­տա­գործ­ման հա­սոյթ­նե­րէն ար­դար բա­ժին­նե­րու ա­պա­հո­վու­մով։
­Գաղ­թա­նա­կան հար­ցով, ո­րո­շո­ւե­ցաւ գոր­ծադ­րել ա­մէն տե­սա­կի մի­ջոց­ներ, կա­սեց­նե­լու հա­մար գաղ­թա­կան­նե­րու հոս­քը մին­չեւ թրքա­կան ա­փե­րը, ա­պա նաեւ՝ ­Յու­նաս­տան հաս­նե­լու հա­մար ծո­վա­յին ճամ­բան­նե­րուն վրայ։
­Յոյն վար­չա­պե­տը սե­ղա­նին վրայ դրաւ ­Խալ­քիի հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի վե­րա­բաց­ման խնդի­րը, որ ար­դէն ինչ­պէս ծա­նօթ դար­ձաւ, թրքա­կան կող­մը դրա­կան աչ­քով կը դի­տէ։
­Նա­խա­գահ Էր­տո­ղան ներ­կա­յա­ցուց ­Թուր­քիոյ կող­մէ ան­ցեա­լին ալ դրո­ւած ծա­նօթ հար­ցե­րը, ո­րոնք առն­չո­ւած են Ա­րե­ւե­լեան Թ­րա­կիոյ յոյն մու­սուլ­մա­նա­կան հա­մայն­քին հետ, ինչ­պէս նաեւ անդ­րա­դարձ ը­րաւ Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ օս­մա­նեան շրջա­նէն մնա­ցած մշա­կու­թա­յին եր­կու կո­թող­նե­րու պահմ­պան­ման։
­Հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին, եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը հա­մա­ձայ­նե­ցան զար­գաց­նել ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան մթնո­լոր­տը՝ ի նպաստ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի կա­յու­նաց­ման ա­պա­հո­վու­թեան։
­Հան­դի­պու­մէն վերջ, յու­նա­կան կող­մը իր զսպո­ւած լա­ւա­տե­սու­թի­նը յայտ­նեց հան­դիպ­ման ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին, նշե­լով թէ մթնո­լոր­տը դրա­կան էր։ ­Յու­նաս­տան կ­՚ակն­կա­լէ որ ­Թուր­քիա ա­ւե­լի տրա­մա­բա­նա­կան կե­ցո­ւածք պի­տի ցու­ցա­բե­րէ, յատ­կա­պէս՝ ­Կիպ­րո­սի եւ գաղ­թա­կա­նա­կան կնճռոտ խնդիր­նե­րուն հա­մար։