­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին, ­Շա­բաթ՝ 23 ­Մարտ 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6։30էն սկսեալ, «Holiday Inn» պան­դո­կին մէջ նշուե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան 72րդ ­տա­րե­դար­ձը, մաս­նակ­ցու­թեամբ շրջա­նի ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, միու­թիւն­նե­րու, ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րու, ա­տե­նա­պետ­նե­րու, ան­դամ­նե­րու, ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­յոց հոծ բազ­մու­թիւն։ ­Ներ­կայ էին նաեւ Ա­թէն­քէն Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի 2 ան­դամ­ներ՝ ընկ. ­Յա­րութ ­Սե­րո­բեան (Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան մօտ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ) եւ ընկ. ­Ռաֆ­ֆի ­Գա­զէ­րեան, ինչ­պէս նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան։
Օ­րո­ւան բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Գ­րի­գոր ­Մա­րու­քեան՝ բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լով եւ իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց օ­րո­ւան ձեռ­նար­կին բո­լոր մաս­նակ­ցող­նե­րուն։ Ա­պա՝ յա­ջոր­դա­բար խօսք ա­ռին Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բի նախ­կին ա­տե­նա­պետ­ներ ըն­կեր­ներ ­Սա­հակ ­Մա­րու­քեան, ­Տիգ­րան Պ­լէ­ճեան, ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան, ­Գոռ ­Վի­րա­պեան, ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան եւ ներ­կայ ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Սա­թե­նիկ ­Սի­մո­նեան՝ իւ­րա­քան­չիւ­րը ներ­կա­յաց­նե­լով իր տա­րի­նե­րուն կա­տա­րո­ւած տար­բեր գոր­ծու­նէու­թեանց մա­սին։ Ա­ւե­լի՛ն. ներ­կա­նե­րուն ա­ռա­ւել եւս շօ­շա­փե­լի դարձ­նե­լու նպա­տա­կով՝ հին նկար­ներ եւ պատ­կեր­ներ ցու­ցադ­րե­ցին, ինչ որ ներ­կա­նե­րուն մօտ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց՝ յի­շե­լու ան­ցեա­լի օ­րերն ու կա­տա­րո­ւած բո­լոր գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը։
Ա­պա՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ա­նու­նով ող­ջոյ­նի խօսք փո­խան­ցեց ընկ. ­Կա­րա­պետ ­Նա­տեան՝ շնոր­հա­ւո­րե­լով Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան 72րդ ­տա­րե­դար­ձը եւ շեշ­տե­լով այ­սօ­րո­ւան ե­րի­տա­սար­դու­թեան կա­տա­րե­լիք գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ւել աշ­խու­ժու­թիւն տա­լու եւ նոյն պայ­քա­րի տես­լա­կա­նով՝ յա­նուն ­Հայ ­Դա­տի հե­տապնդ­ման ու մա­նա­ւանդ նոր սե­րուն­դի յանձ­նա­ռու­թեան՝ հի­նե­րուն գոր­ծը շա­րու­նա­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
Ա­պա՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րի­քը, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի պա­րա­խումբն ու «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը՝ ներ­կա­նե­րուն մօտ ա­ւե­լիով խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծե­լով։ Ըն­թաց­քին՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն, ուր շատ-շա­տեր բախ­տա­ւո­րո­ւե­ցան գե­ղե­ցիկ նո­ւէր­նե­րով։ Ու­րախ ա­ռի­թէն օգ­տո­ւե­լով եւ բարձր գնա­հա­տե­լով ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն կա­տա­րած աշ­խա­տան­քը՝ ե­ղան նիւ­թա­կան նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ։
Ա­ւար­տին, ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րը «Ա­րիւ­նոտ Դ­րօշ» յե­ղա­փո­խա­կան եր­գով փա­կե­ցին օ­րո­ւան ձեռ­նար­կը։
­Նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ՝
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն՝ 250 եւ­րօ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան:
­Հե­տե­ւեալ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը ե­ղան Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կիէ «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին.-
­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կա­նու­թիւն՝ 250 եւ­րօ:
­Թուր­շու­ճեան ըն­տա­նիք՝ 150 եւ­րօ:
­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան ըն­տա­նիք՝ 100 եւ­րօ:
­Յով­հան­նէս ­Գա­սա­պեան՝ 50 եւ­րօ:
Ա­լեք­սան Ու­զու­նեան՝ 40 եւ­րօ:
Հ. Գթ. ­Խա­չի ­Թե­սա­ղո­նի­կիէ «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղը՝ 150 եւ­րօ:
Պ­լե­ճեան ըն­տա­նիք՝ 150 եւ­րօ:
Ոմն՝ 20 եւ­րօ:
Ոմն՝ 20 եւ­րօ:

Ս­տո­րեւ կը հրա­տա­րա­կենք ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Գ­րի­գոր ­Մա­րու­քեա­նի բաց­ման խօս­քը.
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը իր 72 տա­րո­ւան կեան­քի ըն­թաց­քին միշտ ու­նե­ցած է մէկ նպա­տակ՝ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ապ­րող հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մախմ­բել, որ­պէս­զի բո­լո­րը միա­սին ծա­ռա­յեն հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րուն ու ար­դա­րու­թեան գա­ղա­փար­նե­րուն՝ յա­նուն ­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին:
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը հիմ­նո­ւե­ցաւ 1947 թո­ւա­կա­նին, ու ներ­կա­յիս կը գոր­ծէ 3 խում­բե­րով՝ Ա­թէն­քի մէջ «Դ­րօ», ­Գո­քի­նիոյ «­Փո­թո­րիկ» եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան» խում­բե­րը: Իւ­րա­քան­չիւր խումբ հեր­թա­կան ժո­ղով­ներ կը գու­մա­րէ իր սե­փա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար, բայց նաեւ կը մաս­նակ­ցի մեր միու­թեան ընդ­հա­նուր՝ միաս­նա­կան գոր­ծու­նէու­թեան:
Այս­պի­սով կը ճշդո­ւի մեր կա­ռոյ­ցին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը, ո­րուն հիմ­նա­կան թի­րախ­նե­րէն մէկն է՝ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ստա­նայ ազ­գա­յին, բա­րո­յա­կան, քա­ղա­քա­կան, քա­ղա­քա­ցիա­կան, գա­ղա­փա­րա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւն:
­Մեր միու­թեան ա­մե­նա­կա­րե­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւնն է՝ 1915ին ­Թուր­քիոյ կա­տա­րած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման պայ­քա­րը, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի դա­տի քա­րոզ­չու­թիւ­նը: ­Հե­տե­ւա­բար, մեր միու­թիւ­նը միշտ ա­ռաջ­նոր­դած է ­Հայ ­Դա­տի ա­մէն մէկ քա­րոզ­չա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, որ տե­ղի ու­նե­ցած է մեր գա­ղու­թէն ներս ու դուրս, ըլ­լա­լով այդ միու­թիւ­նը, որ կազ­մա­կեր­պեց ա­ռա­ջին բո­ղո­քի ցոյ­ցը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն ու հիւ­պա­տո­սա­րան՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման պա­հանջ­քով:
­Մենք, սփիւր­քա­հա­յերս դժբախ­տու­թիւ­նը ու­նինք մեր հայ­րե­նի­քէն հե­ռու ապ­րե­լու: ­Մեր կեան­քի ըն­թաց­քին կ­՚ապ­րինք մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան կո­րուս­տին վտան­գին տակ: ­Բայց մենք մեր ար­մատ­նե­րը չենք մոռ­նար: ­Կը ճանչ­նանք մեր հայ­րե­նի­քը՝ մեր դպրո­ցա­կան գիր­քե­րուն, ժո­ղովր­դա­յին ու ազ­գա­յին եր­գե­րուն ու պա­րե­րուն, հեիեաթ­նե­րուն եւ հա­յոց պատ­մու­թեան մէ­ջէն:
Այ­սօր, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նա­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան 72րդ ­տա­րե­դարձն է: ­Մենք՝ միու­թեանս ան­դամ­նե­րը կը խոս­տա­նանք մեր սուրբ պայ­քա­րը միշտ շա­րու­նա­կել, ա­ռանց կանգ առ­նե­լու մեր հան­դի­պած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն առ­ջեւ, միշտ աշ­խա­տե­լով մեր միու­թեան գո­յա­տեւ­ման ու զօ­րաց­ման նպա­տա­կով: ­Միշտ մեր հա­յաց­քը ուղ­ղած դէ­պի հայ­րե­նիք:
­Բա­րի ե­կաք մեր ե­րե­կո­յին, կը մաղ­թենք բա­րի ժա­մանց:

Ս­տո­րեւ կը հրա­տա­րա­կենք Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ա­նու­նով՝ ընկ. ­Կա­րա­պետ ­Նա­տեա­նի ար­տա­սա­նած խօս­քը.
­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի եօ­թա­նա­սու­ներ­կա­մեայ (72) պայ­ծառ պատ­մու­թիւ­նը յայտ­նի եւ աչ­քա­ռու ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան գա­ղու­թէն ներս՝ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն տա­լով ­Հայ ­Դա­տի հե­տապնդ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։
Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի շար­քե­րէն ան­ցան բազ­մա­թիւ ան­դամ­ներ, ի­րենց ան­թա­ռամ դրոշ­մը ձգե­ցին գա­ղու­թի պատ­մու­թեան մէջ եւ օ­րի­նակ դար­ձան յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն։ ­Մենք կա­րի՛­քը ու­նինք գի­տա­կից եւ ազ­գա­յին ո­գիով տո­գո­րո­ւած ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, ո­րոնք պի­տի աշ­խա­տին ի խնդիր մեր հե­տապնդած նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման։ ­Մենք կա­րի՛­քը ու­նինք պա­տաս­խա­նա­տու ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, ո­րոնք մօտ ա­պա­գա­յին պի­տի ստանձ­նեն մեր գա­ղու­թի ղե­կը եւ պի­տի ա­ռաջ­նոր­դեն դէ­պի նոր նո­ւա­ճում­նե­րու։ ­Մենք կը հա­ւա­տանք, թէ Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը կը գի­տակ­ցին, թէ այ­սօր տար­բեր տե­սա­կի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու առ­ջեւ կը գտնո­ւի ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը՝ թէ՛ ­Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Ս­փիւռ­քի մէջ եւ մենք՝ բո­լորս, մե­ծով ու պզտի­կով, գո՛րծ ու­նիք ը­նե­լիք։ ­Հա­ւատք, նո­ւի­րում եւ վճռա­կա­մու­թիւն՝ հաս­նե­լու հա­մար մեր ամ­բող­ջա­կան նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման։ ­Վեր­ջա­պէս, մենք ակն­կա­լու­թիւն­նե՛ր ու­նինք մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն։
­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ա­նու­նով՝ կ’ող­ջու­նեմ այ­սօ­րո­ւան ձեռ­նար­կը եւ կը մաղ­թեմ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ու բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն՝ ի շահ մեր ժո­ղո­վուր­դին։
Շ­նոր­հա­ւո՛ր ըլ­լայ տօնդ, ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւն։