6 եւ 7 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, 63 տա­րի ա­ռաջ, թրքա­կան այ­լա­մեր­ժու­թեան, ջղա­գար ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան եւ բար­բա­րո­սա­կան վայ­րա­գու­թեան ա­հա­ւոր «խրախ­ճանք» մը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ փո­ղոց­նե­րուն մէջ։
­Սեպ­տեմ­բեր 6ի ե­րե­կո­յեան սկսաւ եւ մին­չեւ 7 ­Սեպ­տեմ­բե­րի կէ­սօ­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մո­լեգ­նած թրքա­կան ամ­բո­խի կա­տա­ղի յար­ձա­կու­մը ա­մէն ին­չի վրայ, որ յու­նա­կան էր։ ­Պա­տա­հա­կան յոյն ան­ցորդ­ներ, յու­նա­կան խա­նութ­ներ եւ հաս­տա­տու­թիւն­ներ ու յոյ­նե­րու բնա­կա­րան­ներ անխ­տիր թի­րախ դար­ձան թուրք ամ­բո­խի պե­տա­կա­նօ­րէն հրահ­րո­ւած եւ սադ­րո­ւած խժդժու­թեանց։
­Խոշ­տան­գում­նե­րէն ան­մասն չմնա­ցին նաեւ պա­տա­հա­կան այն ան­ցորդ­ներն ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք թուրք կամ թրքա­կան չէին. այդ ա­ռու­մով` հա­յեր եւս, ա­ւե­լորդ ան­գա­մո­ւան մը հա­մար, կրկին ճա­շա­կե­ցին թրքա­կան մո­լեգ­նած այ­լա­մեր­ժու­թեան դառն բա­ժա­կը։
­Թուրք ամ­բո­խի իւ­րա­յա­տուկ եւ ա­րիւ­նա­լի այդ «խրախ­ճանք»ը պատ­մու­թեան ան­ցաւ «­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մը» ա­նու­նով։
­Փոկ­րո­մը խլեց յոյն եր­կու ե­կե­ղե­ցա­կա­նի եւ 14 հո­գի­նե­րու կեան­քը։ ­Տաս­նեակ­նե­րով յոյ­ներ ծան­րօ­րէն վնա­սո­ւե­ցան։ ­Հա­րիւ­րա­ւոր յոյն կա­նայք բռնա­բա­րո­ւե­ցան եւ դար­ձեալ հա­րիւր­նե­րով յոյն տղա­մար­դիկ, ե­թէ թլփա­տո­ւած չէին, փո­ղո­ցին վրայ ամ­բո­խի դա­շոյն­նե­րով… թլփա­տու­մի են­թար­կո­ւե­ցան։
­Նիւ­թա­կան կո­րուստ­նե­րու տա­րո­ղու­թիւ­նը ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի էր։ ­Յու­նա­կան 4500 բնա­կա­րան­ներ, 3500 խա­նութ­ներ եւ հաս­տա­տու­թիւն­ներ, 90 ե­կե­ղե­ցի­ներ ու վան­քեր, 36 դպրոց­ներ ու 3 գե­րեզ­մա­նա­տու­ներ կո­ղոպ­տո­ւե­ցան, քան­դու­մի են­թար­կո­ւե­ցան կամ պղծո­ւե­ցան։ Ընդ­հա­նուր վնա­սի գու­մա­րը, այդ ժա­մա­նա­կո­ւան ար­ժե­գի­նով, ա­ւե­լի քան 500 մի­լիոն տո­լար գնա­հա­տո­ւե­ցաւ։
Ա­ւե­լի՛ն. ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն իր պատ­ճա­ռած մարդ­կա­յին ու նիւ­թա­կան ծանր կո­րուստ­նե­րէն ան­դին, ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մը այն­պի­սի ա­հա­ւոր սար­սա­փի մատ­նեց ­Պոլ­սոյ յոյն փոք­րա­մաս­նու­թիւ­նը, որ ­Պոլ­սոյ մէջ մին­չեւ 1955 ապ­րող 80էն 100 հա­զար յոյ­նե­րէն, այ­նու­հե­տեւ, տա­րի­նե­րու վրայ շա­րու­նա­կո­ւած գաղ­թի հե­տե­ւան­քով՝ այ­սօր մնա­ցած է հա­զիւ 2000 հա­զար յոյն։
­Բայց ին­չո՞ւ պա­տա­հե­ցաւ ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մը։ Եւ ինչ­պէ՞ս սոսկ թուրք ամ­բո­խի մո­լեգ­նու­թեան հե­տե­ւանք չէր։
­Պատ­մու­թիւ­նը շա­տոնց պար­զած է, որ փաս­տօ­րէն ­Թուր­քիոյ օ­րո­ւան վար­չա­պետ Ատ­նան ­Մեն­տե­րէ­սի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ իշ­խա­նա­ւոր ­Տե­մոք­րաթ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ կան­խօ­րօք մտայ­ղա­ցո­ւած եւ պե­տա­կա­նօ­րէն — կա­ռա­վա­րա­կան ու կու­սակ­ցա­կան յա­տուկ սպա­սար­կու­թեանց մի­ջեւ հա­մա­կար­գու­մով — ծրագ­րո­ւած, կազ­մա­կեր­պո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած քա­ղա­քա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն էր ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մը։
1961ին թրքա­կան դա­տա­րա­նի առ­ջեւ հա­նո­ւե­ցան եւ ծան­րա­գոյն մե­ղադ­րան­քի տակ առ­նո­ւե­ցան վար­չա­պետ ­Մեն­տե­րէս եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Զօր­լու, ո­րոնք յան­ցա­ւոր գտնո­ւե­ցան եւ կա­խա­ղա­նով մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կո­ւե­ցան։ ­Դա­տա­վա­րու­թիւ­նը բա­ցա­յայ­տեց, որ ­Մեն­տե­րէ­սի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ուղ­ղա­կիօ­րէն պա­տաս­խա­նա­տու էր գոր­ծո­ւած փոկ­րո­մին հա­մար։
Եւ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը, այդ­պի­սով, իր մեղ­քե­րը քա­ւո­ւած հա­մա­րեց ու ­Թուր­քիոյ պատ­մու­թեան սեւ թղթած­րար­նե­րու փո­շե­ծածկ գզրոց­նե­րուն մէջ նե­տեց նաեւ այս մէ­կը` ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մին ա­հա­ւոր թղթած­րա­րը։
­Նոյ­նիսկ դա­տավճ­ռով նա­խա­տե­սո­ւած յոյն հա­մայն­քին եւ ­Թուր­քիոյ յոյն քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն վնա­սուց հա­տու­ցում կա­տա­րե­լու ո­րո­շու­մը թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը միայն ձե­ւա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րե­ցին. հա­զիւ 20 տո­կո­սով վնա­սուց հա­տու­ցում կա­տա­րե­ցին փոկ­րո­մի զո­հե­րուն։
Ա­ւե­լի քան վեց տաս­նա­մեակ ան­ցած է ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մէն աս­դին, բայց յոյն ժո­ղո­վուր­դին հետ ամ­բողջ աշ­խար­հը, յատ­կա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դը չեն կրնար ան­ցեա­լի ու մո­ռա­ցու­թեան փո­շե­ծածկ դա­րակ­նե­րուն մէջ այդ­պէս նե­տո­ւած պա­հել 6¬7 ­Սեպ­տեմ­բեր 1955ին ­Թուր­քիոյ պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րած, կազ­մա­կեր­պած եւ կա­տա­ղած ամ­բո­խի խժդժու­թեանց տես­քով գոր­ծադ­րած քա­ղա­քա­կան ո­ճի­րը։
Էա­պէս եւ ըստ ա­մե­նայ­նի քա­ղա­քա­կան էր ո­ճի­րը, ո­րով­հե­տեւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մէկ քա­րով եր­կու թռչուն որ­սա­լու ա­հա­ւոր յան­ցա­գոր­ծու­թեան դի­մե­ցին։
­Մէկ կող­մէ՝ ­Կիպ­րո­սի յոյն մե­ծա­մաս­նու­թեան քա­ղա­քա­կան ար­դար պա­հանջ­նե­րը խեղ­դե­լու թի­րա­խին ուղ­ղո­ւած էր ա­նոնց հա­րո­ւա­ծը։ Թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը փոկ­րո­մով պա­տաս­խա­նեց եւ վի­ժե­ցուց այդ օ­րե­րուն Անգ­լիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցող Մ.Ա.Կ.ի յա­տուկ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը փոր­ձէին թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց ստի­պել, որ­պէս­զի սանձ դնեն ­Կիպ­րո­սի թուրք փոք­րա­մաս­նու­թիւ­նը գրգռե­լու Ան­գա­րա­յի հե­տե­ւո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։
­Միւս կող­մէ՝ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ար­մա­տա­կան հա­րո­ւած հաս­ցուց երկ­րի տնտե­սու­թեան միջ­նա­բեր­դը հան­դի­սա­ցող ­Պոլ­սոյ մէջ յոյն գոր­ծա­րար­նե­րու մրցու­նա­կու­թեան եւ գե­րակշ­ռու­թեան` հա­կա­յոյն կա­տա­ղու­թեան սեր­մա­նու­մով ու բոր­բո­քու­մով ա­հի ու սար­սա­փի մատ­նե­լով ամ­բողջ յոյն հա­մայն­քը, նպա­տակ ու­նե­նա­լով ի վեր­ջոյ ձեր­բա­զա­տո­ւիլ յոյ­նե­րու ֆի­զի­քա­կան ներ­կա­յու­թե­նէն։
Այ­սօր ար­դէն բա­ցա­յայ­տո­ւած ի­րո­ղու­թիւն­ներ են, որ ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մին պատ­րո­ւակ ծա­ռա­յած 4 ­Սեպ­տեմ­բեր 1955ի ռում­բի պայ­թու­մը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րա­նին մէջ, սադ­րանքն էր նոյ­նինքն թրքա­կան սպա­սար­կու­թեանց։ ­Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ հիւ­պա­տո­սա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ պայ­թե­ցո­ւած ռումբ մըն էր ե­ղա­ծը եւ միայն ա­պա­կիի վնաս պատ­ճա­ռած էր, ­Սեպ­տեմ­բեր 4էն սկսեալ, եր­կու օր շա­րու­նակ, թրքա­կան մա­մուլն ու զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րը ողջ աշ­խար­հի յոյ­նե­րուն դէմ կա­տա­ղի ար­շաւ ծա­ւա­լե­ցին` հա­կա­թուրք ա­տե­լու­թիւն սեր­մա­նե­լու մե­ղադ­րան­քին տակ առ­նե­լով յոյ­նե­րը, բայց խոր­քին մէջ նոյ­նինքն թուրք ամ­բո­խին հա­կա­յոյն, այ­լեւ ազ­գայ­նա­մոլ կա­տա­ղու­թիւ­նը բոր­բո­քե­լով։
Այդ քա­րո­զար­շա­ւին զու­գա­հեռ, թրքա­կան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րը շուրջ 300 հա­զար սեն­տի­քա­յա­կան­ներ հա­ւա­քագ­րե­ցին, զի­նե­ցին եւ կա­ռա­վա­րա­կան փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րով ­Պո­լիս թա­փե­ցին ­Սեպ­տեմ­բե­րի 6ին, որ­պէս­զի ա­նոնց առ­ջեւ բաց աս­պա­րէ­զի վե­րա­ծեն քա­ղա­քա­կեդ­րո­նի ա­ռեւտ­րա­կան շու­կա­նե­րը, ­Թաք­սի­մի հրա­պա­րա­կէն սկսեալ, ուր­կէ ծայր ա­ռաւ կա­տա­ղի փոկ­րո­մը։
«­Մահ կեա­ւուր­նե­րուն», «­Յոյ­նե­րը ­Յու­նաս­տան թող եր­թան» եւ «­Պո­լի­սը զտա­րիւն թուր­քե­րուն կը պատ­կա­նի» կար­գա­խօս­նե­րով` ամ­բո­խը կա­ռա­վա­րա­կան յա­տուկ ջո­կատ­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ եւ հրահ­րու­մով գոր­ծեց իր խժդժու­թիւն­ներն ու խոշ­տան­գում­նե­րը։
Որ­քան ալ թրքա­կան ամ­բո­խա­յին մո­լե­ռան­դու­թիւ­նը դե­րա­կա­տար էր, նոյն­քան եւ ա­ւե­լիով չա­րի­քին շղթա­յա­զեր­ծու­մը գործն էր թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց, ո­րոնք վեր­ջին հա­շո­ւով քա­ւու­թեան նո­խա­զի վե­րա­ծե­ցին վար­չա­պետ ­Մեն­տե­րէսն ու ա­նոր կու­սակ­ցու­թիւ­նը։
Այդ­պի­սով լո­ւա­ցո­ւած ու մաք­րո­ւած հա­մա­րե­ցին նաեւ ի­րենց ա­րիւ­նոտ ձեռ­քե­րը։
Ա­հա թէ ին­չո՛ւ ոչ միայն յոյն ժո­ղո­վուր­դը, այ­լեւ ամ­բողջ աշ­խար­հը, յատ­կա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դը ի­րա­ւունք չու­նին մո­ռա­ցու­թեան յանձ­նե­լու ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մը, ո­րով­հե­տեւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց ա­րիւ­նոտ ձեռ­քե­րը դեռ չեն մաք­րո­ւած ի­րա­պէ՛ս, եւ ի վի­ճա­կի ե՛ն, ո­րե­ւէ պա­հու եւ ո­րե­ւէ կա­ցու­թեան դէմ յան­դի­ման, վերս­տին պա­տու­հաս դառ­նա­լու թրքա­կան պե­տու­թե­նէն ար­դա­րու­թիւն եւ ի­րա­ւունք պա­հան­ջող ո­րե­ւէ ժո­ղո­վուր­դի գլխուն։
6¬7 ­Սեպ­տեմ­բեր 1955ի ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մին մո­ռա­ցու­թեան գի­նը կրնայ ճա­կա­տագ­րա­կա­նօ­րէն ա­ղի­տա­լի ըլ­լալ, նաեւ ա՛յս օ­րե­րուն։
Ի վեր­ջոյ՝ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ան­ցեա­լի ո­ճիր­նե­րը ան­տե­սե­լու, ա­ւե­լի ճիշդ՝ այդ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը պա­տե­հա­պաշ­տօ­րէն քո­ղար­կել-չա­րա­շա­հե­լու մե­ծա­պե­տա­կան վար­քագ­ծին հե­տե­ւան­քով է, որ այ­սօր ա­րար-աշ­խար­հի սահմռ­կած աչ­քե­րուն առ­ջեւ Էր­տո­ղա­նի ­Թուր­քիան աջ ու ձախ մահ ու ա­ւեր կը սփռէ՝ չխնա­յե­լով նոյ­նիսկ այն թուր­քե­րուն, ո­րոնք քա­ղա­քա­կան ու քա­ղա­քա­ցիա­կան ողջմ­տու­թեամբ կ­՚ու­զեն վերջ տալ թրքա­կան պե­տու­թեան հրահ­րած այ­լա­մեր­ժու­թեան ու բար­բա­րո­սու­թեան։