Արեւմտահայերէնով ամառնային նորարար «Զարմանազան» ծրագիրը 2018ին տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու շրջանը, Յուլիս 15էն մինչեւ Օգոստոս 9: Բաղկացած պիտի ըլլայ միեւնոյն ժամանակ երեք նախաձեռնութիւններէ.
– 10էն 15 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ճամբար մը.
– Խտացեալ համալսարանական ծրագիր մը՝ ուղղուած Սփիւռքի արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն ու վաւերացուած Փարիզի «Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնակ»ին («Ինալքօ») կողմէ.
– 16էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ստեղծագործական յայտագիր մը, որ պիտի սկսի Յուլիս 12ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ Օգոստոս 9:
Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին, ինչպէս՝ երաժշտական, թատերական եւ պարային։ Տեղի պիտի ունենան նաեւ գեղարուեստի, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, բանավէճեր եւ բազմազան խաղեր ու մարզանքներ:
Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներու ընթացքին յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ արեւմտահայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ղեկավարութեամբ:
«Զարմանազան»ը բաց է Սփիւռքի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար: Տրամադրելի տեղերու թիւը սահմանափակ է. 10էն 15 տարեկան մասնակիցներու պարագային՝ 40 տեղ, իսկ 16էն 24 տարեկան մասնակիցներուն համար՝ 30:
Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ հետեւեալ պարագան. երիտասարդներու խումբի մասնակիցներու պարագային անհրաժեշտ է գիտնալ առնուազն միջին մակարդակի հայերէն:
Իսկ համալսարանական խտացեալ ծրագիրը, զոր պիտի վարեն մասնագէտ դասատուներ, կ՛ընդունի միայն 15 ուսուցիչ: Ծրագիրը կ՛առաջարկէ մանկավարժական այժմէական մօտեցումներու եւ առարկաներու վրայ հիմնուած դասախօսութիւններ ու խմբային աշխատանքներ:
Արձանագրութեան եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէ՛ք www.zarmanazan.com կայքը:
Արձանագրութիւնները պէտք է կատարուած ըլլան մինչեւ Յունուար 22, Կրինիչի ժամով ժամը 23:00ին: Բոլոր արձանագրուողներուն հետ կապ պիտի հաստատուի մինչեւ Յունուար 30:
Անցեալ տարուան ճամբարին մասին գաղափար կազմելու համար, դիտեցէ՛ք «2017 Zarmanazan video» տեսանիւթը՝ հետեւեալ հասցէով. www.gulbenkian.pt/armenian-communities։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը 2017ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» մանկավարժական յայտագիրին, իբրեւ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման իր ծրագիրի մէկ բաժինը: Անիկա կազմակերպուած է Լիոնի «Mille et un mondes» ընկերակցութեան եւ Փարիզի «Արեւելեան լեզուներու ու քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկ»ին համագործակցութեամբ: «Զարմանազան» ճամբարը նաեւ վաւերացուած է Ֆրանսայի երիտասարդութեան եւ մարզանքներու նախարարութեան կողմէ:
2018 «Զարմանազան»
2018 «Զարմանազան» ծրագիրի արձանագրութիւնները սկսած են