ՄԻՆՍԱՐ

Ան­շուշտ ձե­զի հարց­նե­լը ե­թէ «­Նոր ­Տա­րո­ւան գի­շե­րը խա­ղա­թուղթ խաղ­ցա՞ծ էք», բո­լո­րո­վին ա­նի­մաստ պի­տի ըլ­լար, ո­րով­հե­տեւ վստահ եմ, որ ին­ծի նման նաեւ դուք, այդ խորհր­դան­շա­կան գի­շե­րը, այս­պէս ը­սո­ւած, «նո­րա­ծին» տա­րին ու­րա­խու­թեամբ դի­մա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով, քա­նի մը ժամ թղթա­խա­ղով զբա­ղած էք, եւ կամ շա­հած, կամ ալ կորսն­ցու­ցած էք…
­Մէկ բա­նի վրայ կը տա­րա­կու­սիմ սա­կայն, ան ալ… չեմ գի­տեր ե­թէ ձեր գլխուն ալ պայ­թած են, այդ բո­լո՜ո­՜ո՜ր փոր­ձանք­նե­րը, ո­րոնք այս տա­րի, ի՛մ գլխուս պայ­թե­ցան…
­Տանս հիւ­րա­սե­նեա­կը նստած, (ա­յո՜, ա­յո՜, հէ՛չ մի զար­մա­նաք: ­Տօ­նա­կան օ­րե­րուն ես ին­ծի կ’ար­տօ­նեմ հոն նստի­լը), «Ա­զատ Օր»ը կը թղթա­տէի, երբ դուր­սի դու­ռին զան­գը լսո­ւե­ցաւ…
­Գա­ցի, դու­ռը բա­ցի եւ ներս մտաւ բա­րե­կամս՝ Մկր­տի­չը…
­Հա, չմոռ­նամ ը­սե­լու որ տա­րո­ւան վեր­ջին օրն էր, ու քա­նի մը ժա­մէն հրա­ժեշտ տա­լով եւ այ­լեւս մեր ե­տին ձգե­լով հին­ցած 2021-ը, պի­տի դի­մա­ւո­րէինք բո­լո­րո­վին նոր 2022-ն…
Մկր­տի­չը նախ ին­ծի բա­րե­ւեց ու ա­պա հարցուց…
— ­Վա­ղու­նա՞կ, գի­շե­րը ո՞ւր պի­տի խա­ղաս…
— Ի՞նչ պի­տի խա­ղամ ե­ղեր…
— ­Թո՜ւղթ եղ­բայր, թո՜ւղթ, ու­րիշ ի՞նչ պի­տի խա­ղա­յիր…
— ­Վազ ան­ցիր կար­տաշ, (եղբայր), թուղ­թը ո՜ւր, ես ո՜ւր…
— Այ­սինքն դուն գի­շե­րը տեղ մըն ալ պիտ’ չեր­թա՞ս…
— ­Չէ՛, պիտ’ չեր­թամ… բա­րի-բա­րի հոս տունիկս պի­տի նստիմ, շիշ մը գի­նի պի­տի բա­նամ, եւ ­Նոր ­Տա­րին պի­տի դի­մա­ւո­րեմ, գի­նի խմե­լով, չոր մրքե­ղէն ու­տե­լով եւ հե­ռա­տե­սի­լէն ­Կա­ղան­դի տօ­նա­կան յայ­տա­գի­րը դի­տե­լով…
— Ան­կա­րե­լի է, այս ը­սածդ չըլ­լա­լիք բան է…
— Ին­չո՞ւ ե­ղեր…
— Ա­մօթ է եղ­բայր, ա­մօթ է…
— Ին­չո՞ւ ա­մօթ է ե­ղեր…
— Ո­րով­հե­տեւ սի­րե­լիս դուն շատ լաւ գի­տես, որ ­Կա­ղան­դի գի­շե­րը բո­լորն ալ խա­ղա­թուղթ կը խա­ղան… ա­սանկ… ­Նոր ­Տա­րին ու­րա­խու­թեամբ դի­մա­ւո­րե­լու հա­մար…
— Այ­սինքն ե­թէ ­Կա­ղան­դին գի­շե­րը ես խա­ղա­թուղթ չխա­ղամ, ­Նոր ­Տա­րին տխրու­թեա՞մբ պի­տի դի­մա­ւո­րեն…
— ­Հա, հա, հա… խնդամ տէ պա­րա­պի չեր­թայ… պաղ ա­պուր կա­տակ­ներդ սկսա՞ր նո­րէն… լաւ գի­տես, որ այս մէ­կը հի­նէն ե­կած շատ գե­ղե­ցիկ սո­վո­րու­թիւն մըն է…
— Ա­յո, ա­յո, հի­նէն ե­կած շա­՜ա­՜ա՜տ գե­ղե­ցիկ սո­վո­րու­թիւն մըն է… եւ ըստ այս գե­ղե­ցիկ սո­վո­րու­թեան, պէտք է որ գրպա­նիդ ու­նե­ցած-չու­նե­ցա­ծը ա­մէնն ալ կորսնց­նես, քովդ հէչ բա­րա (դրամ) չմնայ, որ նոյ­նիսկ «թաք­սի» մը առ­նե­լով տունդ վե­րա­դառ­նաս…
— ­Հի­մա կը չա­փա­զան­ցես կոր ­Վա­ղու­նակ, վեր­ջա­պէս այս ը­սածդ կը վե­րա­բերի պար­տո­ւող­նե­րուն, սա­կայն կը կար­ծեմ, որ դուն դիտ­մամբ շա­հող­նե­րուն կը մոռ­նաս կոր…
— Չկր­ցայ հասկ­նալ… ո՞ր շա­հող­նե­րուն…
— Կ’ու­զեմ ը­սել, որ շա­հիս կամ կորսնց­նես, գո­նէ ԴՈ՛ՒՆ… վեր­ջա­ւո­րու­թեան շա­հա­ւոր պի­տի ել­լաս… վստա՛հ…
Այս «դուն»ը ա­նանկ մէկ շեշ­տեց, ա­նանկ մէկ շեշ­տեց, որ հե­տաքրք­րու­թիւնս արթն­ցուց…
— Այ­սինքն ես ինչ­պէ՞ս շա­հա­ւոր պի­տի ել­լամ, ե­ղեր…
— ­Գի­տե՞ս սի­րե­լիս ո­րուն տու­նը պի­տի հա­ւա­քուինք այ­սօր…
— Ո­րո՞ւն տու­նը…
— ­Վար­սե­նի­կին…
— Ո՞ր ­Վար­սե­նի­կին…
— Ին­չու դուն քա­նի՞ ­Վար­սե­նիկ գի­տես… ծօ ին­ծի լօ-լօ մի կար­դար ու ան­տե­ղա­ցին մի ձե­ւացներ… այն ­Վար­սե­նի­կին, ո­րուն վրայ դուն կը խեն­թե­նաս, այն ­Վար­սե­նի­կին, ո­րուն վրայ դուն աչքդ դրած ես… շի­տա­կը՝ եր­կու աչ­քերդ ալ դրած ես…
Խն­դի­րը լրջա­ցաւ… «կը խեն­թա­նաս կոր» ը­սե­լը խօ՞սք էր…
­Շի­տա­կը… ես ­Վար­սե­նի­կին հա­մար հո­գի կու տա­յի, կը հա­լէի՜, կը մա­շէի­՜ի՜… կը մեռ­նէի­՜ի­՜ի՜…
Ա­ռանց երկ­րորդ մտա­ծու­մի հար­ցու­ցի…
— Օր­դախ (ըն­կեր), գի­շե­րը քա­նիի՞ն պի­տի հա­ւա­քո­ւինք…
— ­Տա­սէն ետք… ու­րեմն… ե­կայ… քե­զի տե­ղե­կա­ցու­ցի… հի­մա նե­րո­ղա­միտ կ­’ըլ­լաս, պէտք է մեկ­նիմ մնա­ցեալ­նե­րուն ալ լուր տա­լու հա­մար… մնաս բա­րի… Աս­տո­ւած ու­զէ, գի­շե­րը կը հան­դի­պինք…
— Եր­թաս բա­րի, Մկր­տիչ… ցըտ, ցըտ…
Մկր­տի­չը մեկ­նե­ցաւ, ես ալ գա­ցի եւ նո­րէն տո­տո­զո­ւե­ցայ բազ­կա­թո­ռիս վրայ…
Սկ­սայ լրջօ­րէն մտա­ծել…
­Ճիշ­դը, ես ­Վար­սե­նի­կին չա­փա­զանց կը հաւ­նէի եւ շա­րու­նակ ա­ռիթ մը կը փնտռէի, ի­րեն ա­ւե­լի մօ­տե­նա­լու հա­մար… նաեւ տե­սակ մը հա­մո­զուած էի, որ ինքն ալ նոյ­նան­ման զգա­ցում­ներ ու­նէր ան­ձիս հան­դէպ…
Ա­սանկ մտա­ծե­ցի, ա­նանկ մտա­ծե­ցի եւ թեր ու դէմ բո­լոր պա­րա­գա­նե­րը լաւ մը չա­փե­լէ ու կշռե­լէ ետք, յան­գե­ցայ այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ այս գի­շեր լա­ւա­գոյն ա­ռի­թը պի­տի ու­նե­նա­յի, ­Վար­սե­նի­կին մօ­տե­նա­լու եւ սիրտս ու հո­գիս բա­նա­լով, ան­մեղ ու ան­շա­հախն­դիր բո­լոր զգա­ցում­ներս ի­րեն ներ­կա­յաց­նե­լու…
Ա­սանկ ե­րա­նե­լի ու եր­ջա­նիկ ե­րազ­նե­րու մէջ թա­ղո­ւած էի, երբ յան­կարծ ան­դիէն… անհ­րա­ւէր սեւ ամպ մը ե­կաւ եւ կայ­նե­ցաւ, ճիշդ այս բա­րե­բաս­տիկ ե­րազ­նե­րուս, պայ­ծառ եր­կին­քին վրայ…
Այդ անհ­րա­ւէր սեւ ամպն ալ… ­Թոր­գոմն էր… ­Վար­սե­նի­կին մեծ եղ­բայ­րը…
­Կազ­մով հսկայ, հրէ­շի նման այ­լան­դակ ա­րա­րած մը, որ կար­ծես թէ Ա­մե­նա­կա­լը, իր քո­վը ա­ւել­ցած մէկ սու­րու (բա­ւա­կան) ցե­խը չնե­տե­լու հա­մար, ո­րո­շեց նստիլ եւ ­Թոր­գո­մին ստեղ­ծել…
­Թա­ղե­կից­նե­րուս հա­մար գաղտ­նիք չէր անշուշտ, որ այս ­Թոր­գոմ կո­չե­ցեա­լը՝ գող, խա­բե­բայ, նեն­գա­ւոր, խար­դախ ու խման անձ մըն էր…
Ան­թիւ էին ան­գամ­նե­րը, որ իր գոր­ծած սա կամ նա ա­նօ­րի­նու­թեան հա­մար, ի­րեն ձեր­բա­կա­լած եւ ուղ­ղա­կի բան­տին ծա­կը նե­տած էին…
* * *
Վեր­ջա­պէ՜ս ժա­մը հա­սաւ եւ գա­ցի ­Վարսենիկենց տու­նը…
­Պա­հու մը, երբ միւս բո­լո­րը զա­նա­զան ու­րիշ գոր­ծե­րով զբա­ղած էին, ա­ռի­թը ու­նե­ցայ ­Վար­սե­նի­կին հետ խօ­սե­լու, սիրտս ի­րեն բա­նա­լու եւ ճա­շա­սե­ղա­նին առ­ջեւ անց­նե­լէ ա­ռաջ, իր­մէ գող­նա­լու… մեր ա­ռա­ջին համ­բոյ­րը…
­Խոս­տա­ցայ յա­ջորդ օրն իսկ, դար­ձեալ ի­րենց տու­նը այ­ցե­լել… բայց այս ան­գամ… ծնող­քէն իր ձեռ­քը խնդրե­լու հա­մար…
«Ա­՜ա­՜ա՜հ ­Վա­ղու­նակ», ը­սե­լը եւ գիրկս իյ­նալը մէկ ե­ղաւ… ա­ռի­թէն օգ­տո­ւե­լով իր­մէ գող­ցայ… մեր երկ­րորդ համ­բոյ­րը…
Ան­ցանք ճա­շաս­րահ ու նախ փա­ռա­ւո­րա­պէս ու­տել-խմե­լէ ետք, յա­ջոր­դա­բար նստանք մաս­նա­ւո­րա­պէս թղթա­խա­ղին հա­մար պատ­րաս­տուած սե­ղա­նին շուրջ…
Ս­կիզ­բը բո­լորս ալ փոք­րիկ գու­մար­նե­րով կը խա­ղա­յինք, սա­կայն ժա­մը որ­քան կը յա­ռա­ջանար, թղթա­խա­ղը մէկ ա­ւե­լի կը «տաք­նար» ու կը «լրջա­նար»…
­Մէկ բան միայն զար­ման­քիս ե­կաւ…
Որ­քան ժա­մա­նակ պզտիկ գու­մար­ներ­նե­րով կը խա­ղա­յինք, ես ու մէկ քա­նի ու­րիշ բա­րե­կամ­ներ, ան­դա­դար կը շա­հէինք, ա­ւե­լի յե­տոյ սա­կայն, երբ գու­մար­նե­րը բա­ւա­կան «լրջա­ցան», շա­հո­ղը շա­րու­նակ ­Թոր­գոմն էր…
­Պա­հու մը, սե­ղա­նին վրայ հա­ւա­քո­ւած էր բա­ւա­կան նկա­տե­լի գու­մար մը…
­Ձեռ­քիս խա­ղա­քար­թե­րը շատ զօ­րա­ւոր էին, ա­նանկ որ սկսայ սե­ղա­նին գու­մա­րը «զար­նել»…
­Միւս խա­ղըն­կեր­նե­րը սկսան կա­մաց-կա­մաց ետ ը­նել…
­Վեր­ջա­ւո­րու­թեան մնա­ցինք ես եւ ­Թոր­գո­մը…
— ­Կը տես­նեմ…
Ը­սի եւ ու­նե­ցած բո­լոր գու­մարս սե­ղա­նին կեդրո­նը հրե­լով, իր­մէ խնդրե­ցի որ իր խա­ղա­քար­թե­րը բա­նայ…
­Բա­ցաւ եւ սե­ղա­նին վրայ շա­րեց… չորս հատ մէկ­նոց մէկ հատ ալ տաս­նոց…
­Բայց ե­կուր տես որ… ես ալ ճիշդ նոյն խա­ղա­քար­թե­րը ու­նէի…
­Մեր միւս խա­ղըն­կեր­նե­րը զար­ման­քով կը դի­տէին, մէյ մը ի­մին, մէյ մըն ալ ­Թոր­գո­մին նոյ­նանման խա­ղա­քար­թե­րը…
Ա­մէն բան յստա­կա­ցաւ… հասկ­ցայ որ «պա­րոն» ­Թոր­գո­մը, մե­զի ա­ղո­ւո­րիկ մը, հա­ւու ճու­տի­կի պէս կը «փետ­տէր» կոր…
­Բե­րանս բա­ցի եւ պատ­րաս­տո­ւե­ցայ խայ­տա­րա­կել ու իր­մէ հա­շիւ պա­հան­ջել… բայց դժբախ­տա­բար չհա­սայ…
­Թոր­գո­մը մէկ ոս­տու­մով ոտ­քի նե­տո­ւե­ցաւ եւ ին­ծի «թղթա­գող» ու «ան­պի­տան» ը­սե­լով, իր հսկայ բռունց­քը ուղ­ղա­կի քի­թիս-բեր­նիս վրայ ի­ջե­ցուց… յա­ջոր­դա­բար օ­ձի­քէս բռնե­լով, պա­րապ տոպ­րա­կի նման տու­նէն դուրս նե­տեց…
* * *
Այդ օ­րէն սկսեալ, բա­րե­կամ­նե­րէս ոե­ւէ մէ­կը, նո­րէն հետս խօ­սիլ չու­զեր կոր…
Իսկ ­Վար­սե­նի՞­կը…
­Նոյ­նիսկ ե­րեսս տես­նել չու­զեր կոր…
­Սա­կայն գի­տէ՞ք, թէ որն է հեգ­նու­թիւ­նը…
­Թոր­գո­մը ա­մէ­նուն կ­’ը­սէ կոր ե­ղեր, որ բա­րե­բախ­տա­բար կրցած է իր քոյ­րը ա­զա­տել, ին­ծի նման ան­պա­տիւ ու վա­տա­համ­բաւ ան­ձի մը ճիրան­նե­րէն…
Ա­՜ա­՜ա՜խ Մկր­տիչ, ա­՜ա­՜ա՜խ… ծօ դուն մէկ հատ դէմս պի­տի չել­լա՞ս մը… գլխուդ գա­լի­քը միայն ե՛ս գի­տեմ… ե՛ս…
* * *
­Սի­րե­լի ըն­թեր­ցող­ներ, ­Նոր ­Տա­րո­ւան ու հա­յոց Ծ­նուն­դի զոյգ տօ­նե­րուն ա­ռի­թով, խնդրեմ ըն­դու­նե­ցէք իմ սրտա­բուխ ու ա­մե­նաան­կեղծ բա­րե­մաղ­թանք­ներս: ­Թող Աս­տո­ւած ձեր բո­լո­րին պար­գե­ւէ ա­ռող­ջու­թիւն, եր­կա­րա­կե­ցու­թիւն, աս­պա­րէ­զի յա­ջո­ղու­թիւն, բայց ­մա­նա­ւանդ՝ ըն­տա­նե­կան մշտա­կան եր­ջան­կու­թիւն…
­Շատ տա­րի­նե­րու…

Ա­թէնք՝ 10/12/2021
minsar55@gmail.com