Փետրուարի այս օրերուն, Ստեփանակերտէն մինչեւ հայաշխարհի հեռաւոր ափերը, մեր ժողովուրդը կը տօնէ 30ամեակը Արցախեան Շարժումի հերոսական շղթայազերծումին։
Կը տօնէ՝
— թէ՛ Արցախի հայութեան իրաւունքները, թէ՛ նոյնինքն Արցախի հայապատկան ինքնիշխանութիւնը սեփական ուժերով վերականգնած Ազգի ինքնավստահութեամբ,
— թէ՛ իրեն պարտադրուած անհաւասար ուժերով պատերազմէն յաղթական դուրս եկած հերոսատիպ Ժողովուրդի հպարտութեամբ,
— թէ՛ հազարաւոր նուիրեալներու գերագոյն անձնազոհութեամբ յառաջ մղուած Արցախեան պահանջատիրական Շարժումը շարունակելու, Արցախի անկախացումը Հայաստանի հետ միացման ճամբով ամբողջական ազատագրութեամբ պսակելու Պետական Ազգի հաստատակամութեամբ։
Պատմութիւնը արձանագրեց, որ 1988 թուականի Փետրուար 20ին, այդ ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ կարգավիճակով Խորհրդային Միութեան մաս կազմող, բայց ստալինեան հրահանգով ատրպէյճանական ուղղակի հակակշռի տակ դրուած հայոց հայրենի Արցախը ծառացաւ իրեն պարտադրուած ստոյգ կործանման վտանգին դէմ։
Պատմակերտ այդ օրը, «արտայայտելով ժողովրդին կամքը` Լ.Ղ.Ի.Մ. Մարզխորհրդի 20րդ գումարման արտահերթ նստաշրջանը ընդունեց պատմական որոշում, որով ազդարարուեցաւ իր ճակատագիրը տնօրինելու արցախահայութեան վճռակամութիւնը»:
Պատմական այդ որոշումին հետեւեցան օրհասական պայքարի արիւնալի տարիներ, որոնք յատկանշուեցան մէկ կողմէ ազերի փան-թուրքականներու գործադրած հայասպանական ոճիրներով եւ Արցախի հայաթափման գործողութիւններով, իսկ միւս կողմէ համաթրքական այդ մոլեգնութեան ֆետայաբար դիմադրող, թշնամին պարտութեան մատնող եւ հայ ազգային-ազատագրական կռուի շղթայազերծման յաղթական խոյանքի հերոսապատումով։
Արցախեան Շարժումին շղթայազերծումը իր յաղթական պսակումին արժանացաւ 1991 թուականի Դեկտեմբեր 10ի հանրաքուէով, երբ «Արցախի ժողովուրդը ամրագրեց ինքնորոշման իր ճանաչուած իրաւունքը` հաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը` որպէս ազատ, անկախ, ժողովրդավարական պետութիւն»:
Փետրուար 1988ի օրհնաբեր այդ օրերէն ասդին 30 տարիներ թաւալած են եւ, Արցախի հետ, ողջ Հայաստանն ու հայութիւնը ազգային վերականգնումի ու ինքնահաստատման Ուղին հարթած են։ Վերանկախացած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Հռչակուած ու կայացած է ազատ ու անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։
Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի նորագոյն փուլին շնորհիւ, իրողապէս նուաճուած է հայկական Արցախի ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը։ Հաստատուած ու արմատաւորուած է Արցախի Հանրապետութիւնը եւ ապահովուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ անոր ցամաքային անարգել երթեւեկի՝ իրողակա՛ն միացման կապը։
Թէեւ ազատագրեալ տարածքներու մեծ մասը տակաւին սուր կարիքը ունի վերանորոգման, վերաբնակեցման ու զարգացման, այսուհանդերձ՝ Արցախը հաստատուն քայլերով կ’առաջանայ պետական շինարարութեան՝ տնտեսական եւ հասարակական ընդհանուր վերականգնման ուղղութեամբ։
Ցեղասպանական «մաքրագործման», տեղահանութեան, աւերման ու աւարման ծանրագոյն հարուածներ եւ վտանգներ դիմագրաւելու, պատերազմի դաշտին վրայ յաղթանակելու եւ մոլեգնած ոսոխին զինադադար պարտադրելու 30ամեակ մը ապրեցաւ հերոսական Արցախը։
Մեծ զրկանքներու եւ գերագոյն զոհաբերութեան գնով արցախահայութիւնը ուղի հարթեց։
Որքան պատերազմի ժամանակաշրջանը, նոյնքան զինադադարի եւ խաղաղութեան տարիները դժուար եղան։
Արտաքին ու թշնամական ճնշումները հետեւողականօրէն փորձեցին, յանուն Արցախեան Հարցի բանակցային կարգաւորման, Արցախահայութեան պարտադրել, որ արեան գնով ազատագրուած Արցախը վերստին ենթարկուի Ատրպէյճանի տիրակալութեան։
30 տարի առաջ, Փետրուարի 13էն սկսեալ, ժողովրդային հաւաքներով ու երթերով՝ Մայր Հայաստանին միանալու պահանջով ոտքի ելաւ Արցախի հայութիւնը։ Իսկ այսօր, Ստեփանակերտէն թափ առած Միացման Շարժումէն 30 տարի ետք, ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան տարածքին արդէն կազմաւորուած է եւ ազգային-հաւաքական մեր յաղթարշաւը յառաջ կը մղէ ազատամարտիկներու պետականակերտ նոր Սերունդ, որ չունի իր նախորդներուն ատրպէյճանական լուծի տակ ապրուած դառն ու դաժան ժամանակներու յիշողութիւնը։
Աւելի՛ն. ազատ ու անկախ Արցախի ծնունդ եւ պահապան այդ Սերունդը ամբողջապէ՛ս ունի խոր գիտակցութիւնը իր ժառանգած մեծագոյն հարստութեան, որ սեփական ազգին ու հայրենիքին՝ հայ ժողովուրդին ու Հայաստան Աշխարհին անբաժան մասը կազմելու, իրաւատէր հայութեան ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքին ամրագրումն է։ Մանաւանդ որ այդ ժառանգութեան նուաճումին համար, ծանրագոյն գին վճարուած է սեփական ընտանիքէն հարազատի կորուստով, որբացումով եւ հաշմանդամութեամբ…
Արցախեան Շարժումին 30ամեայ աւանդին ընդհանուր արժեւորման նուիրուած որեւէ անդրադարձ անպայման իր հետ կը բանայ, նաեւ ու մանաւա՛նդ, հայ քաղաքական մտքի ջրբաժանը հանդիսացող հայ ազգային պահանջատիրութեան ու Հայ Դատի մեր ժամանակներու ռազմավարութեան կիզակէտին՝ Արցախեան արեւելումին նորովի արժեւորման մեծադիր հարցը։
Նախ յանուն պատմական ճշմարտութեան պէտք է ընդգծել, որ Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու գլխաւոր պահանջին ու առաջադրանքին շուրջ միասնական դիրքորոշում ունենալով հանդերձ՝ հայ քաղաքական միտքը, շարժման առաջին իսկ պոռթկումի օրերէն, տարակարծիք եղաւ պայքարի յարմարագոյն ռազմավարութիւնը որդեգրելու հարցին շուրջ։
Սկզբնապէս զինեալ ինքնապաշտպանութեան դիմելու եւ ազգային-ազատագրական պայքար շղթայազերծելու անհրաժեշտութեան շուրջ թեր ու դէմ տեսակէտներու եւ տարակարծութիւններու արծարծումով ծաւալեցաւ բանավէճը։
Իսկ ժամանակի թաւալումին եւ հայկական-ատրպէյճանական հակամարտութեան շիկացման ու բարդացման հետ՝ ջրբաժան առաջացաւ մէկ կողմէ այսպէս կոչուած մեծապետական ճնշումներուն հետ քայլ պահելու «իրատեսութեան», իսկ միւս կողմէ՝ ազատագրուած հայրենականը ամէն գնով պահպանելու «ծայրայեղական» որակուած, բայց էապէ՛ս յեղափոխական արեւելումին միջեւ։
Արցախեան Շարժումի շրջադարձային բոլոր փուլերուն կրնկակոխ հետեւեցաւ հայ քաղաքական մտքի ներքին այս բեւեռացումը, ի վերջոյ 1997ին յանգելու համար Հ.Հ. անդրանիկ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի «Պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն» ձեւակերպումով յայտնի երկփեղկումին։ Թէեւ օրին անփառունակ պարտութեան մատնուեցաւ համակերպումի եւ ձեռնթափութեան ուղի առաջադրող այդ մոլորանքը՝ խաղաղ իշխանափոխութեան ճանապարհով, բայց Արցախեան Հարցի կարգաւորման յարմարագոյն ուղին ճշդորոշելու եւ որդեգրելու ռազմավարական մեծ խնդիրը կազմեց ու մնաց կիզակէտը հայ քաղաքական մտքի Արցախեան Պահանջատիրութեան երեսնամեայ երթին։
Աւելի՛ն. Արցախեան Շարժումի 30ամեայ ոգորումներուն ճամբով հայ քաղաքական միտքը բիւրեղացուց եւ արմատաւորեց հայրենի հողի նոյնիսկ մէկ թիզին պաշտպանութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելու ռազմավարական առաջնահերթութիւնը։
Եւ որքան ժամանակը թաւալեցաւ ու ատրպէյճանական սպառնալիքները յանգեցան ամէնօրեայ ոտնձգութեանց վտանգին, այնքան հայ քաղաքական միտքը իր բոլոր թեւերով ու հատուածներով միահամուռ տէր կանգնեցաւ Արցախի պաշտպանութեան արեւելումին։
Յատկապէս 2016ի Ապրիլին ատրպէյճանական յանկարծակի՝ անակնկալ հարուածող անարգ գրոհէն, անզէն ու խաղաղ հայ մարդոց խողխողումէն եւ արցախեան հողի – նոյնիսկ մէկ բուռ հողի — բռնագրաւումէն ետք, հայ ժողովուրդը ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ յանուն Արցախի ե՛ւ ժողովուրդին, ե՛ւ սրբացուած հողին պաշտպանութեան բոլոր կռուաններուն ամէն գնով ամրապնդումին։
Արցախեան Շարժումի 30ամեակին կարեւորագոյն պարգեւը անկասկած ա՛յս յաղթանակն է, որ իրաւատէր հայութիւնը տարաւ իր ներսիդին ծուարած համակերպումի ու պարտուողական «իրատեսութեան» դէմ։
Ժամանակը, փաստօրէն, հիմնովին սրբագրեց 90ականներէն եկած խարխափումի ամէն կարգի տարազումներն ու բեւեռացման եզրերը։
Բիւրեղացաւ հայ քաղաքական մտքի պահանջատիրական կողմնորոշումը, որուն հետ նաեւ պետական այն մտածողութիւնը, թէ Արցախեան Հարցի բանակցային եւ արդար կարգաւորման ուղին կ’անցնի իրապէ՛ս փոխ-զիջումներու եւ ոչ թէ միայն հայկական կողմի զիջումներու կածաններէն։
Ազատագրեալ Արցախին ազգովին եւ պետականօրէն տէր կանգնելու, դէպի Հայ Դատի պայքարին ամբողջական յաղթանակը յառաջանալու ռազմավարական այս արեւելումին հունաւորումն ու արմատաւորումը կը յուշէ Արցախեան Շարժումի հերոսական շղթայազերծման 30ամեակը։
20 Փետրուար 1988
20 Փետրուար 1988. Արցախեան Շարժումի հերոսական շղթայազերծման 30ամեակը Ն.