Հա­կա­ռակ պե­տու­թեան կող­մէ ո­րոշ սեղ­մում­նե­րու մեղ­մաց­ման, վա­րա­կում­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան բարձր ցու­ցա­նի­շե­րը կը շա­րու­նա­կեն լուրջ մտա­հո­գու­թիւն­ներ ստեղ­ծել։
Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով ներ­կայ կա­ցու­թիւ­նը, «Ա­զատ Օր» ո­րո­շեց շաբ­թո­ւան մը տե­ւո­ղու­թեամբ ընդ­հա­տել միայն տպա­գիր հրա­տա­րա­կու­թեան աշ­խա­տան­քը եւ շա­րու­նա­կել ե­լեկտ­րո­նա­յին (PDF) ձե­ւի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։
­Կը դի­մենք այս քայ­լին պաշտ­պա­նե­լու հա­մար թեր­թիս պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը եւ գոր­ծա­կից­նե­րը (ներ­քին աշ­խա­տող­ներ, ցրո­ւիչ, տպագ­րող, եւ այլն) ֆի­զի­քա­կան շփում­նե­րու յա­ճա­խա­կա­նու­թե­նէն, երբ ժահ­րի պատ­ճա­ռով բարձր վա­րա­կում­նե­րու այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին կա­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ վտան­գա­ւոր ըլ­լալ մար­դոց հա­մար։ Ա­ռա­ւել, ան­գամ մը եւս կը շեշ­տենք, որ ի վի­ճա­կի չենք ըն­դու­նե­լու ո­րե­ւէ այ­ցե­լու­թիւն խմբագ­րա­տու­նը։ ­Թեր­թին հետ կապ ու­նե­ցող հար­ցե­րուն հա­մար կը թե­լադ­րենք կապ պա­հել միայն հե­ռա­ձայ­նով կամ ե­լեկտ­րո­նա­յին նա­մա­կա­տան ճամ­բով։
­Կը հայ­ցենք մեր տպա­գիր թեր­թի բա­ժա­նորդ­նե­րու նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը այս դժո­ւար շրջա­նին։
Վս­տահ ենք, որ շու­տով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ տպա­գիր տար­բե­րա­կը հա­սա­նե­լի դարձ­նել մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն։