15 Մայիս 1916. Հայոց առիւծը՝ քաջն Քեռին ինկաւ Ռըւանտուզի ահեղ կռուին Ն.

15 Մայիս 1916. Հայոց առիւծը՝ քաջն Քեռին ինկաւ Ռըւանտուզի ահեղ կռուին Ն.

0
1433

­Մա­յիս 15ի այս օ­րը, 1916 թո­ւին, թան­կա­գին ա­րեամբ գրո­ւե­ցաւ հե­րո­սա­կան ու ան­մո­ռա­նա­լի է­ջե­րէն մէ­կը հա­յոց դիւ­ցազ­նա­կան Ա­զա­տա­մար­տին։
99 տա­րի ա­ռաջ, ­Մա­յիս ամ­սու այս օ­րը, զո­հո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­զու­գա­կան հե­րոս­նե­րէն ­Քե­ռին, որ ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ար­շակ ­Գա­ւա­ֆեան կը կո­չուէր, բայց որ իր զո­հա­բե­րու­թեան, քա­ջա­գոր­ծու­թեան եւ ա­ռա­քի­նու­թեան հա­մար ար­ժա­նա­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ ­Քե­ռի կո­չո­ւե­լու սրտա­բուխ պա­տի­ւին։

­Չոր­րորդ գնդի հրա­մա­նա­տար քաջ ­Քե­ռի,
Ինքդ ա­րի եւ գոր­ծերդ միշտ բա­րի,
Սր­տաճմ­լիկ լուրդ ա­ռինք ցա­ւա­լի,
­Քա­ջաց քաջն հե­րոս ­Քե­ռի պան­ծա­լի։

Ա­ւե­լի քան դար մըն է, որ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն հա­մար ­Մա­յի­սի այս օ­րը կը խորհր­դան­շէ յաղ­թա­կան վեր­ջին գրո­հը հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման տի­տան­նե­րէն ան­զու­գա­կան ­Քե­ռիին, որ ­Ռը­ւան­տու­զի (այժ­մու Ի­րա­քի մէջ) ճա­կա­տին վրայ, թրքա­կան զօր­քե­րու օր­հա­սա­կան պա­շար­ման մէջ գտնո­ւող հայ եւ ռուս զի­նո­ւոր­նե­րը ա­զա­տե­լու պա­հուն, ճակ­տէն զար­նո­ւած ին­կաւ ռազ­մի դաշ­տին վրայ։
Ինչ­պէս որ ­Քե­ռիին նո­ւի­րո­ւած ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան հան­րա­ծա­նօթ եր­գը կը վկա­յէ՝

­Ռը­ւան­տու­զի կռիւն էր շատ ա­հա­ւոր,
Թշ­նա­մու զօր­քերն էին բիւ­րա­ւոր,
­Տաս­նըի­նը տաս­նը­վեց ­Մա­յիս տաս­նը­հին­գին,
­Հա­յոց ա­ռիւծն ին­կաւ վրէ­ժը կրծքին։

1916ի ­Մա­յիս 12էն 18 եր­կա­րող օ­րե­րը բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ա­պա­գա­յին հա­մար։
Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի թո­հու­բո­հին մէջ, թուրք-ռու­սա­կան պա­տե­րազ­մի եր­կար ճա­կա­տի հա­րա­ւա­յին՝ ­Պարս­կաս­տա­նի հա­տո­ւա­ծին վրայ, թրքա­կան բա­նա­կը յա­ջո­ղած էր պա­շար­ման վտան­գա­ւոր օ­ղա­կի մէջ առ­նել ռու­սա­կան զօրքն ու հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րը.- ­Ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թիւնն ու ստոյգ կոր­ծա­նու­մը կը սպառ­նա­յին ռու­սեւ­հայ­կա­կան կող­մին։
­Մա­յիս 12ին, թրքա­կան 12 հա­զա­րա­նոց բա­նա­կը ու­ժեղ յար­ձա­կում մը գոր­ծեց պարս­կա­կան ­Ռը­ւան­տուզ քա­ղա­քին վրայ, ուր դիր­քա­ւո­րո­ւած էին ռու­սեւ­հայ­կա­կան ու­ժե­րը։ Թշ­նա­մին գրա­ւեց ­Ռը­ւան­տու­զը ե­զե­րող լեռ­նա­յին բարձր դիր­քե­րը եւ աս­տի­ճա­նա­բար սկսաւ սեղ­մել պա­շար­ման օ­ղա­կը։
Ա­հա՛ այդ օր­հա­սա­կան պա­հուն, ­Մա­յիս 15ին, քա­ջա­րի հե­րոս մը շրջեց պատ­մու­թեան ա­նի­ւին կոր­ծա­նա­րար թա­ւա­լու­մը։
­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան 4րդ ­Գուն­դի հրա­մա­նա­տար քաջ ­Քե­ռին ձեռ­նար­կեց թրքա­կան պա­շար­ման շղթան ճեղ­քե­լու յան­դուգն գրո­հի մը։
­Մա­յիս 15ին, իր վաշ­տե­րէն մէ­կուն եւ 40-50 ձիա­ւոր­նե­րու գլուխն ան­ցած՝ ­Քե­ռի ա­նակն­կա­լօ­րէն յար­ձա­կում գոր­ծեց թրքա­կան դիր­քե­րուն վրայ եւ ա­հեղ մար­տով կրցաւ դէ­պի ձո­րը հրել թշնա­մի զօր­քը։
­Քե­ռի յա­ջո­ղե­ցաւ իր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ. թրքա­կան պա­շա­րու­մը ճեղ­քո­ւե­ցաւ եւ ­Ռը­ւան­տու­զի մէջ դիր­քա­ւո­րո­ւած ռուս-հայ­կա­կան ու­ժե­րը ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի ան­ցան։
­Բայց յաղ­թա­նա­կով պսա­կո­ւած այդ գրո­հի գլխա­ւոր հե­րո­սին՝ ճա­կա­տա­գի­րը վե­րա­պա­հած էր դառ­նա­գոյն իր խա­ղե­րէն մէ­կը. յաղ­թա­կան իր թռիչ­քի ա­ւար­տին, մա­հա­ռիթ փա­փուշ­տը յան­կարծ ճակ­տէն հա­րո­ւա­ծեց ա­ռիւ­ծա­կերպ հե­րո­սին։ ­Քե­ռի հա­զիւ կրցաւ «­Վա՜յ, բա­լա­նե՜րս, ես խփո­ւե­ցայ»… ճի­չը ար­ձա­կել ու վեր­ջին շուն­չը ա­ւան­դեց։
­Ծանր էր կո­րուս­տը. մեծ էր կսկի­ծը. բայց ­Ռը­ւան­տու­զի կռի­ւը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ ­Մա­յիս 18, երբ ռուս-հայ­կա­կան ու­ժե­րը վերջ­նա­կան ու ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թեան մատ­նե­ցին թրքա­կան բա­նա­կը, որ ա­ւե­լի քան հինգ հա­զար զոհ տա­լով՝ խու­ճա­պա­հար փա­խուս­տի դի­մեց։

Ան­գութ մա­հը քեզ մե­զա­նից բա­ժա­նեց,
­Մեր սրտե­րում ան­բու­ժե­լի վէրք բա­ցեց,
­Մի՞­թէ չար գնդա­կը քե­զի ո­րո­նեց,
­Գա­ղա­փարդ եւ յոյ­սերդ խոր­տա­կեց։

­Քե­ռի իր ա­րեամբ՝ իր կեան­քի նո­ւի­րա­բե­րու­մով նո­ւա­ճեց յաղ­թա­նա­կը։
­Քե­ռիի ան­կեն­դան մար­մի­նը փո­խադ­րո­ւե­ցաւ ­Թեհ­րան, ուր մեծ շու­քով՝ ժո­ղովր­դա­յին սի­րո­ւած հե­րո­սի փառ­քով, ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու դես­պա­նա­կան եւ հրա­մա­նա­տա­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, ար­ժա­նա­ցաւ պե­տա­կան եւ ազ­գա­յին յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան։ Ա­պա՝ մար­տի­րոս հե­րո­սին ան­շունչ մար­մի­նը փո­խադ­րո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիս, որ­պէս­զի հա­յոց ­Խո­ջե­վան­քի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ գտնէ իր յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիս­տը։
­Ծա­նօթ է, որ խորհր­դա­յին կար­գե­րու տակ ­Խո­ջե­վան­քի հա­յոց գե­րեզ­մա­նա­տու­նը ան­տի­րու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ եւ շատ ու շատ մե­ծա­նուն հա­յոր­դի­նե­րու շի­րիմ­նե­րուն հետ քան­դո­ւե­ցաւ ու ան­հե­տա­ցաւ նաեւ ­Քե­ռիին գե­րեզ­մա­նը։
Այ­դու­հան­դերձ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը առ­յա­ւէտ իր սրտին մէջ կեն­դա­նի ու վառ պա­հեց յի­շա­տա­կը քա­ջա­րի իր հե­րո­սին՝ ա­նոր նո­ւի­րո­ւած եր­գը դարձ­նե­լով մեր սե­րունդ­նե­րու ա­մէ­նէն սրտա­մօտ ու հո­գե­հա­րա­զատ բա­բա­խում­նե­րէն մէ­կը.

­Թող լռեն սո­խակ­ներ է՛լ չը ճլո­ւը­լան,
Ս­լա­ցէ՛ք կռունկ­ներ դէ­պի ­Հա­յաս­տան,
­Լուր տա­րա­ծե­ցէք դուք հա­մայն հա­յու­թեան,
­Հա­յոց պաշտ­պան ­Քե­ռին մտաւ գե­րեզ­ման։

­Քե­ռի հե­րո­սի մա­հով պսա­կեց անն­կուն յե­ղա­փո­խա­կա­նի եւ քա­ջա­րի ֆե­տա­յիի իր եր­կար ու փշոտ, այ­լեւ փա­ռա­հեղ ու­ղին։
­Քե­ռի ծնած էր ­Կա­րին, որ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման շղթա­յա­զերծ­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն օր­րա­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ։ Դժ­բախ­տա­բար միայն կցկտուր տե­ղե­կու­թիւն­ներ պա­հո­ւած են Էրզ­րում­ցի ­Քաւ­թար Ար­շակ ա­նու­նով՝ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէն հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած քաջ ֆե­տա­յիին կեան­քի ման­րա­մաս­նե­րուն՝ ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն, ման­կու­թեան եւ պա­տա­նե­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ ­Մին­չեւ ան­գամ ծննդեան թո­ւա­կա­նը ստու­գե­լու դժո­ւա­րու­թիւն ու­նինք. կեն­սա­գիր­նե­րը կը տա­րու­բե­րին 1858ի եւ 1863ի մի­ջեւ։
­Քե­ռի շատ կա­նու­խէն մաս­նա­կից դար­ձած էր հայ յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րուն։ 1880ի ­Կար­նոյ մեծ ցոյ­ցին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն էր. Ա­րամ Ա­րա­մեա­նի սերտ գոր­ծա­կի­ցը ե­ղած էր. մաս­նակ­ցած էր ­Կու­կա­նեա­նի հռչա­կա­ւոր ար­շա­ւա­խում­բին, ո­րուն դէմ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց ձեռ­նար­կած հա­լա­ծան­քի ժա­մա­նակ յա­ջո­ղած էր ձեր­բա­կա­լու­թե­նէ փա­խուստ տալ. 1894-95ի կո­տո­րած­նե­րու շրջա­նին, մաս­նակ­ցած էր ­Կար­նոյ ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան կռիւ­նե­րուն. այ­նու­հե­տեւ ան­ցած էր ­Կով­կաս եւ ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րո­ւած էր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ֆե­տա­յա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։
1898ին մաս­նակ­ցած էր ­Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քին, ա­պա ան­ցած էր ­Սա­սուն, ուր 1903-1904ին սերտ գոր­ծա­կի­ցը դար­ձած էր Անդ­րա­նի­կի՝ ­Սաս­նոյ ապս­տամ­բու­թեան շրջա­նին։ 1905ին քաջ հայ­դու­կը ­Սի­սիա­նի ճա­կա­տի ղե­կա­վարն էր հայ-թա­թա­րա­կան կռիւ­նե­րու ժա­մա­նակ։ 1908ին ան­ցած էր ­Պարս­կաս­տան՝ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման կռիւ­նե­րուն Եփ­րե­մի աջ բա­զու­կը դառ­նա­լով եւ, վեր­ջի­նի նա­հա­տա­կու­թե­նէն ետք, ստանձ­նե­լով գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։
Իր քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հա­մար պարս­կա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ ար­ժա­նա­ցած էր ­Խան տիտ­ղո­սին եւ կեն­սա­թո­շա­կի։
Ա­նո­ւա­նի հայ­դու­կա­պետ եւ ժո­ղովր­դա­կան սի­րուած հե­րոս էր ­Քե­ռի, երբ 1912ին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մին եւ իր քա­ջա­գոր­ծու­թեանց հա­մար ար­ժա­նա­ցաւ ռու­սա­կան բա­նա­կի Ս. ­Գէորգ պա­տո­ւան­շա­նին։
Իսկ երբ բռնկե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը, ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Գուն­դե­րէն մէ­կուն՝ ­Չոր­րորդ ­Գուն­դին հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը ար­դա­րօ­րէն յանձ­նո­ւե­ցաւ հայ­դու­կա­պետ ­Քե­ռիի։ ­Մին­չեւ ­Ռե­ւան­տու­զի օր­հա­սա­կան կռի­ւը, ­Քե­ռի իր ղե­կա­վա­րած ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Չոր­րորդ ­Գուն­դով հե­րո­սա­կան նոր քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­ներ կա­պեց իր ա­նու­նին՝ յատ­կա­պէս ­Սա­րը­ղա­մի­շի կռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին։
­Թէեւ կեն­սա­գիր­նե­րը շատ ժլատ գտնո­ւած են ­Քե­ռիի անձն ու գոր­ծը ըստ ար­ժան­ւոյն սպա­ռիչ կեր­պով ներ­կա­յաց­նե­լու ի­մաս­տով՝ այ­սու­հան­դերձ, բո­լորն ալ հա­մա­կար­ծիք են, որ «պարզ, հա­մեստ, բայց խիստ, ­Քե­ռին պաշ­տո­ւած էր ա­մէ­նու­րեք՝ իր ֆե­տա­յի­նե­րուն եւ կա­մա­ւոր­նե­րուն կող­մէ, ու շա՜տ սի­րո­ւած՝ զի­նո­ւո­րա­կան թէ յե­ղա­փո­խա­կան իր բո­լոր ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ»։

­Դու ա­մէն տեղ վա­զում էիր օգ­նու­թեան,
­Քեզ ազ­դում էր ո՛չ սուր, ո՛չ թուր, ո՛չ գնդակ,
Ա­մէն­քին անխ­տիր էիր դու պաշտ­պան,
­Կոչ­մանդ ար­ժա­նի հե­րոս ­Քե­ռի խան։

­Մի­քա­յէլ ­Վա­րան­դեան, 1916ի ­Դեկ­տեմ­բեր 28ին, ­Թիֆ­լի­սի «­Հո­րի­զոն»ին մէջ ներ­կա­յաց­նե­լով ­Քե­ռիի հայ­դու­կա­պե­տի վաս­տա­կը, հա­յոց «քա­ջաց քաջ»ին մա­սին գրեց.
«Ո­չինչ այն­քան չէր յու­զում ինձ Ե­րե­ւա­նեան մեր ըն­կե­րա­կան հա­ւա­քոյթ­նե­րի ժա­մա­նակ, ինչ­պէս այն վայր­կեա­նը, երբ Անդ­րա­նիկ ու ­Քե­ռի նստում էին քո­վէ քով եւ ձիե­րը ի­րա­րու վզով փա­թա­թում։ ­Հայ ժո­ղովր­դի եր­կու մեծ ռազ­միկ­նե­րը՝ ի­րա­րու փա­րո­ւած — կոշտ ու կո­պիտ, ինչ­պէս ին­քը՝ այդ ժո­ղո­վուր­դը, ան­սահ­մա­նօ­րէն խի­զախ ու անձ­նու­րաց… մի մի ժայ­ռեր՝ բռնա­կա­լու­թեան հող­մե­րի հան­դէպ»։
Ա­յո՛, թրքա­կան բռնա­կա­լու­թեան դէմ ծա­ռա­ցած հայ­կա­կան ա­նա­ռիկ ժայռ մը ե­ղաւ ­Քե­ռին, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր իր կտրած մար­տի ճա­նա­պար­հը պսա­կեց յաղ­թա­նա­կով՝ վա­հա­նի վրայ վե­րա­դառ­նա­լով ռազ­մի դաշ­տէն
Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ «­Չոր­րորդ Գն­դի հրա­մա­նա­տար քաջ ­Քե­ռին» յա­ւէտ պի­տի ապ­րի հայ ժո­ղո­վուր­դի յի­շո­ղու­թեան մէջ՝ մարմ­նա­ւո­րե­լով ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով ու յա­նուն գա­ղա­փա­րի մղո­ւած յա­րա­տեւ կռո­ւի մէջ մա­զե­րը ճերմկ­ցու­ցած, բայց յոգ­նու­թիւն եւ ծե­րու­թիւն չճանչ­ցող յա­ւերժ ե­րի­տա­սարդ դէմ­քը ան­կեղծ դաշ­նակ­ցա­կա­նին եւ ան­բա­սիր ֆե­տա­յիին։

­Մահդ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մեծ ցաւ պատ­ճա­ռեց,
Եւ ըն­տա­նի­քիդ ալ սիր­տը խռո­վեց,
­Հա­մա­րեա՛ թէ ամ­բողջ ­Կով­կա­սը ցնցո­ւեց,
­Քեզ հա­մար շատ մայ­րեր լա­ցին ող­բա­ցին։

Ինչ­պէս որ ­Քե­ռիի մար­տի­րո­սաց­ման ա­ռի­թով ­Գա­հի­րէի Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Յու­սա­բեր» պի­տի հաս­տա­տէր 11 ­Յու­լիս 1916ի իր խմբագ­րա­կա­նով՝
«Ամ­բողջ ե­րե­սուն տա­րի, ա­նի­կա իր լայն հո­գիին մէջ ապ­րած էր բո­վան­դակ զու­լումն ու տար­տը իր դժբախտ ու սի­րե­լի ժո­ղո­վուր­դին, միա­ցած էր ա­նոր հնհնուք­նե­րով, ար­տա­սո­ւած էր ա­նոր ար­ցունք­նե­րով, փո­թոր­կո­ւած էր ա­նոր խռովք­նե­րով։
«­Պարզ ու ան­պա­ճոյճ, ինչ­պէս վա­յել է գա­ղա­փա­րի զի­նո­ւո­րին, լուռ ու մռայլ՝ ինչ­պէս մռայլ էր հայ­կա­կան ցա­ւոտ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը՝ ­Քե­ռին միակ սէր մը ճանչ­ցած էր՝ հայ­րե­նի­քի սէ՛­րը. միակ կիրք մը՝ պայ­քա­րին տար­փա՛ն­քը. միակ ի­տէալ մը՝ ա­զա­տու­թեա՛ն ի­տէա­լը»։
­Քե­ռիին նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կոչ­ման այ­սօ­րո­ւան է­ջը կ’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել ­Հա­յոց Ա­ռիւ­ծին հե­րո­սա­կան վեր­ջին խո­յան­քին մա­սին Ք­նար ­Ման­ճի­կեա­նի հրա­տա­րա­կած մե­նագ­րու­թե­նէն հե­տե­ւեալ վկա­յու­թեան հա­տո­ւա­ծով.-
«Ո­դի­սա­կան մըն է ­Քե­ռիի վեր­ջին եր­թը հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ճա­նա­պար­հին վրայ։ Ան­գիր դիւ­ցազ­նա­վէպ պի­տի մնայ ­Մու­սու­լը գրա­ւե­լու նպա­տա­կով ար­շա­ւող ռու­սա­կան բա­նա­կի իբ­րեւ յա­ռա­ջա­պահ գու­մար­տակ, Ուր­միոյ լի­ճէն (­Պարս­կաս­տան) հա­րաւ-ա­րեւ­մուտք՝ ­Քիւր­տիս­տա­նի ա­նան­ցա­նե­լի լեռ­նե­րուն վրայ, խիտ ան­տառ­նե­րու, անդն­դա­խոր ձո­րե­րու մէջ, գա­զա­նա­բա­րոյ քիւրտ ցե­ղե­րու դէմ ­Քե­ռիի եւ Իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նի ղե­կա­վա­րած ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան Եօթ­նե­րորդ եւ ­Չոր­րորդ ­Գուն­դե­րուն ա­ւե­լի քան 1200 հայ քա­ջե­րու մարտն­չում­ներն ու խո­յան­քը դէ­պի ­Ռը­ւան­տուզ՝ Ի­րաք, ուր եւ կը խզո­ւի ա­նոր ա­ռաս­պե­լա­կան կեան­քին թե­լը…։
«­Քե­ռիի մա­հը հե­տե­ւանքն էր ռու­սա­կան բա­նա­կի ամ­բար­տա­ւան հրա­մա­նա­տա­րի ա­պի­կա­րու­թեան։
«Ան ան­տե­սած էր ­Ռե­ւան­տու­զի մօ­տիկ ռազ­մա­գի­տա­կան եր­կու կա­րե­ւոր դիր­քեր եւս գրա­ւե­լու՝ եր­կու հայ հրա­մա­նա­տար­նե­րուն ա­ռա­ջար­կը, եւ ա­տով իսկ ա­ռիթ տո­ւած էր փա­խուս­տի դի­մած թուրք զօ­րա­մա­սին՝ վե­րա­դառ­նա­լով գրա­ւե­լու յի­շեալ դիր­քե­րը, պա­շա­րե­լու ռու­սերն ու հա­յե­րը, եւ ա­նոնց թի­կուն­քը խզե­լով՝ սո­վա­մա­հու­թեան վտան­գին են­թար­կե­լու զա­նոնք։
«­Շու­տով կը սպա­ռին ռու­սա­կան բա­նա­կին ռազ­մամ­թերքն ու պա­րէ­նի պա­շար­նե­րը, կը ցցո­ւի գա­զա­նա­բա­րոյ թուրք զի­նո­ւոր­նե­րու կող­մէ կո­տո­րո­ւե­լու հե­ռան­կա­րը, կը ջլա­տո­ւի ռուս հրա­մա­նա­տա­րու­թեան՝ կռի­ւը շա­րու­նա­կե­լու կո­րո­վը եւ, կա­մա­ւոր ­Վար­դան Իս­կէն­տէ­րեա­նի հա­մա­ձայն՝ «­Մա­յիս 12ին (1916) ռուս սպա­յու­թեան շար­քե­րուն մէջ ար­դէն տա­րա­ծո­ւած էր փսփսուք, թէ ռու­սե­րը կը մտա­ծեն անձ­նա­տուր ըլ­լալ թուր­քե­րուն։ Այս մա­սին խօսք ե­ղած էր շտա­պին մէջ, ուր ներ­կայ էին ­Քե­ռին ու Իշ­խան Յ. Ար­ղու­թեա­նը»։
«­Թուր­քե­րուն յանձ­նո­ւի՜լ… ­Մի­թէ նման նո­ւաս­տու­թիւն նե­րե­լի՞ էր ­Քե­ռիի ու Իշ­խա­նի նման հին ֆէ­տա­յի­նե­րուն… Ու կը պոռթ­կայ ա­նոնց ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը. «­Դո՛ւք, ռու­սերդ, կրնաք յանձ­նո­ւիլ, բայց մենք անձ­նա­տուր չենք ըլ­լար։ ­Կը բաժ­նո­ւինք պար­տի­զա­նա­կան խում­բե­րու, եւ կռո­ւե­լով կ­՚անց­նինք ­Պարս­կաս­տան»,- կ­՚ը­սեն հայ հրա­մա­նա­տար­նե­րը։
«­Յու­զիչ է այս առ­թիւ հե­րո­սի վեր­ջին սխրա­գոր­ծու­թիւ­նը պատ­մող գրու­թիւ­նը՝ «­Կա­րի­նա­պա­տում» հա­տո­րին մէջ.
«Ու կ­՚ա­լե­կո­ծո­ւի ­Քե­ռին, կը դառ­նայ մռնչող ա­ռիւծ… իր մէջ կը բոր­բո­քի անձ­նու­րա­ցու­թեան, մա­հը ար­հա­մար­հող ո­գին։ «­Դէ­պի՛ ա­ռաջ, տղե՛րք ջան» գո­չե­լով ան կը խո­յա­նայ դէ­պի թրքա­կան դիր­քե­րը։ «­Հուռ­ռա՜» կը պա­տաս­խա­նէ գուն­դը միա­բե­րան, ու հե­տե­ւե­լով ի­րենց պաշ­տե­լի հրա­մա­նա­տա­րի օ­րի­նա­կին՝ կը յար­ձա­կին թուր­քե­րուն վրայ։
«­Մէկ ժամ տե­ւող սո­ւի­նա­մար­տէ ետք, ­Քե­ռին կը յա­ջո­ղի պատ­ռել թուր­քե­րու պա­շար­ման շղթան ու ռուս բա­նա­կը թի­կուն­քին հետ կա­պե­լով զայն կը փրկէ ստոյգ բնաջն­ջու­մէ»։
«­Ճա­կա­տա­գի­րը, սա­կայն, ­Քե­ռիին վե­րա­պա­հած էր դժբախտ մէկ ա­նակնկալ…։ Կ­ռո­ւի վեր­ջին պա­հուն, երբ պի­տի սկսէր յաղ­թա­նա­կի ցնծու­թիւ­նը, թշնա­միի պա­տա­հա­կան կոյր գնդակ մը կու գայ ու կը մխրճո­ւի հե­րո­սի ճա­կա­տին, եւ…
­Քե­ռիի մա­հը կ­՚ըլ­լայ վայր­կեա­նա­կան։ «­Վա՜յ, բա­լա­ներս, ես խփո­ւե­ցա՜յ» կ­՚ըլ­լան իր ար­տա­սա­նած վեր­ջին բա­ռե­րը…
«Այս­պէս կը տա­պա­լի հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի Հս­կան՝ «­Քա­ջա՜ց քա­ջը, հե­րոս՝ ­Քե­ռին պան­ծա­լի»։
«­Հա­յաս­տա­նէն հե­ռո՜ւ, օ­տար, ան­ծա­նօթ երկ­րի մը մէջ ­Քե­ռին կը փչէր իր վեր­ջին շուն­չը։ ­Սա­կայն ան­մա­հու­թիւ­նը նո­ւա­ճող գի­տա­կից մահ մըն էր ի­րը։
­Ռու­սա­կան բա­նա­կին յաղ­թա­նակ ա­պա­հո­վե­լու մտքով չէին դէ­պի ­Մու­սուլ՝ Ի­րաք ա­նոր ան­զուսպ խո­յանք­նե­րը։ Ան կ­՚ա­ճա­պա­րէր հաս­նիլ ա­նա­պա­տա­յին այդ քա­ղա­քը, ո­րով­հե­տեւ ի­րեն ը­սո­ւած էր, որ այն­տեղ կը գտնո­ւէին Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նէն, ­Կի­լի­կիա­յէն տա­րագ­րո­ւած իր ցե­ղա­կից­նե­րէն՝ վե­րապ­րած թշո­ւա՜ռ, օր­հաս ապ­րող հայ բե­կոր­ներ։
«Կ­՚ը­սո­ւի, թէ ­Թիֆ­լի­սի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը՝ այդ ժա­մա­նա­կի հա­յոց բարձ­րա­գոյն իշ­խա­նու­թիւ­նը, 1915ի վեր­ջե­րուն միայն ի­րա­զեկ դար­ձաւ նա­խորդ Ապ­րիլ ամ­սուն սկսած հա­յոց ­Մեծ Ե­ղեռ­նի ա­հա­ւոր պատ­կե­րին, ա­նոր հսկա­յա­կան ծա­ւա­լին ու տա­րո­ղու­թեան։
«1916ի սկիզ­բը, ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը այդ հար­ցին յատ­կա­ցո­ւած ժո­ղով մը կը գու­մա­րէ՝ հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րու կարգ մը հրա­մա­նա­տար­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, ուր կ­՚ո­րո­շո­ւի դի­մել ­Կով­կա­սեան ­Ռազ­մա­ճա­կա­տի ռու­սա­կան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան՝ ա­րա­գաց­նե­լու Ա­րեւմտեան ­Հա­յաս­տա­նի գրաւ­ման գոր­ծը, եւ ա­ռիթ տա­լու հայ կա­մա­ւոր­նե­րուն՝ օգ­նու­թիւն հասց­նե­լու Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած ա­րեւմ­տա­հայ ի­րենց ցե­ղա­կից­նե­րուն։
«­Քե­ռիի ­Չոր­րորդ ­Գուն­դին ըն­կե­րա­ցող՝ հա­յոց Եօթ­նե­րորդ ­Գուն­դի հրա­մա­նա­տար՝ Իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեան այդ ժո­ղո­վին մաս­նա­կից ըլ­լա­լով, այդ ո­րո­շու­մը փո­խան­ցած էր ա­նոր։ Ըստ այդմ, նախ­կին ֆե­տա­յի եր­կու հայ հրա­մա­նա­տար­ներն ու ա­նոնց մար­տիկ­նե­րը ռու­սա­կան բա­նա­կին յաղ­թա­նա­կը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար չէ՛ որ դէ­պի ­Մու­սուլ կը սլա­նա­յին, այլ կ­՚ա­ճա­պա­րէին այն­տեղ հաս­նիլ՝ օգ­նու­թիւն փու­թաց­նե­լու սո­վի ու ա­նօ­թու­թեան մատ­նո­ւած ի­րենց դժբախտ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն։
«Այդ վեհ նպա­տա­կին հա­մար իս­կա­կան զոհ մը, նա­հա­տակ մը ե­ղաւ ան­զու­գա­կան ­Քե­ռին։