­Յու­նա­լե­զու «Ար­մե­նի­քա» ե­ռամ­սեայ պար­բե­րա­թեր­թի եւ ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Եր­կու­շաբ­թի՝ 6 ­Մա­յիս 2019ի ե­րե­կո­յեան, ­Նէա Զ­միռ­նիի ար­դի ցու­ցադ­րու­թեանց թան­գա­րա­նին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­ցու­մը պատ­մա­կան-վա­ւե­րագ­րա­կան լու­սան­կար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ կը ներ­կա­յաց­նէ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը։
­Հա­զո­ւա­գիւտ լու­սան­կար­նե­րու հա­րուստ հա­ւա­քա­ծո­յի մը ցու­ցադ­րու­թեան ընդ­մէ­ջէն, այ­ցե­լո­ւին առ­ջեւ կը բա­ցո­ւին յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րը եւ, յատ­կա­պէս, 1922ի ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք ­Յու­նաս­տան ա­պաս­տա­նած հա­յու­թեան հոծ զան­գո­ւած­նե­րու տե­ղա­ւոր­ման եւ նոր կեան­քի ստեղծ­ման պայ­ման­նե­րը։
Այս­պէս, կա­րե­ւոր տեղ գտած են լու­սան­կար­ներ ­Յու­նաս­տա­նի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րու եւ կղզի­նե­րու մէջ գոր­ծած որ­բա­նոց­նե­րէն, ո­րոնք պատս­պա­րե­ցին հա­զա­րա­ւոր հայ որ­բեր։ ­Նաեւ՝ ցու­ցադ­րո­ւած են լու­սան­կար­ներ Ա­թէն­քի եւ այլ շրջան­նե­րու մէջ հիմ­նո­ւած հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու կեան­քէն, ո­րոնք հա­յե­ցի կրթու­թիւն ջամ­բե­ցին հայ­րե­նա­զուրկ սե­րունդ­նե­րուն։
­Ցու­ցադ­րու­թեան կա­րե­ւոր բա­ժին մը ցոյց կու տայ եր­կու գլխա­ւոր գաղ­թա­կա­յան­նե­րու՝ ­Տուր­ղու­թիի եւ ­Գո­քի­նիոյ շրջան­նե­րու նկար­ներ, վրան­նե­րու եւ խրճիթ­նե­րու տակ ապ­րող գաղ­թա­կան­նե­րու թշո­ւառ կեան­քի պայ­ման­նե­րը եւ գո­յա­տեւ­ման փոր­ձե­րը։ ­Նոյ­նանման լու­սան­կար­ներ կը ցու­ցադ­րո­ւին նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ տար­բեր գաղ­թա­կա­յան­նե­րու կեան­քէն։
­Ցու­ցադ­րո­ւող լու­սան­կար­նե­րու նիւ­թե­րը կ­՚եր­կա­րին մին­չեւ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րեա­կը՝ ցոյց տա­լով յու­նա­հա­յե­րու կեան­քի հետզհե­տէ զար­գա­ցու­մը, ինչպէս նաեւ կը ներ­կա­յաց­նեն 1932ին դէ­պի ­Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թի տե­սա­րան­ներ՝ նա­ւա­հան­գիստ­նե­րու մէջ եւ նա­ւե­րու վրայ տե­ղա­ւո­րո­ւած գաղ­թա­կա­նու­թեամբ։
Ե­լեկտ­րո­նա­յին յա­տուկ պաս­տառ­նե­րու վրայ կը ցու­ցադ­րո­ւի յու­նա­հայ գա­ղու­թի ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րու մա­մու­լի պատ­մու­թիւ­նը՝ օ­րա­թեր­թե­րու եւ պար­բե­րա­թեր­թե­րու հա­րուստ ներ­կա­յու­թեամբ։ ­Նաեւ՝ կը ցու­ցադ­րո­ւին նկար­ներ ա­կումբ­նե­րու մէջ զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րէ եւ հա­ւաք­նե­րէ։
­Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ե­րե­կոն ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի, Հ.Կ.­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ մեծ թի­ւով հայ եւ յոյն բազ­մու­թիւն մը ու «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի ըն­թեր­ցող­ներ։ ­Բա­ցու­մը կա­տա­րեց տիկ. ­Վեր­ժին ­Կա­րա­պե­տեան, որ բա­րի գա­լուս­տի խօս­քե­րէ ետք, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տին եւ մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թեան՝ ե­լոյ­թի կազ­մա­կերպ­ման ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար, ա­պա ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց լու­սան­կար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին նիւ­թե­րը ու նշեց լու­սան­կար­նե­րու աղ­բիւր­նե­րը՝ «Ար­մե­նի­քա»յի, «Ա­զատ Օր»ի, յու­նա­հայ միու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ անձ­նա­կան եւ ըն­տա­նե­կան հա­րուստ հա­ւա­քա­ծո­նե­րէն։ ­Նաեւ՝ ան յայտ­նեց, թէ մշա­կուած է յա­տուկ ծրա­գիր մը հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար, որ­պէս­զի ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րով ցու­ցա­հան­դէս այ­ցե­լեն եւ ի­րա­զեկ դառ­նան գա­ղու­թի ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րու պատ­մու­թեան։
­Կէ­սօ­րո­ւան ժա­մե­րուն՝ ΕΡΤ1 հե­ռա­տե­լի­լի կա­յա­նը կապ հաս­տա­տեց ցու­ցադ­րու­թեան վայ­րին հետ եւ ընկ. ­Վեր­ժին ­Կա­րա­պե­տեան տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ ա­նոր մա­սին:
­Թան­գա­րա­նի մուտ­քին, այ­ցե­լու­նե­րուն կը բաժ­նո­ւի գե­ղա­տիպ պրակ մը, ո­րուն մէջ տեղ գտած են ցու­ցա­հան­դէ­սի լու­սան­կար­նե­րու նմոյշ մը եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թիւ­նը՝ իր ստեղ­ծու­մէն մին­չեւ այ­սօր։
­Ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ 31 ­Մա­յիս։

Պատմական Վաւերագրական լուսանկարներու ցուցադրութեան հասցէ՝
Էլէֆթերիու Վենիզելու 87, Նէա Զմիռնի, (
Στάση τραμ Αγίου Αλεξάνδρου)

Այցելութեան ժամեր՝

Երկուշաբթի — Ուրբաթ՝ ժամը 9:30-15:00
Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի երեկոյեան՝ ժամը 18:00-21:00
Շաբաթ՝ 10:00 — 14:00

Խմբային այցելութիւններու ժամադրութիւն ապահովելու համար կրնաք հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն՝ 213 202 5962 եւ 213 202 5963: