Ս. Ծնն­դեան եւ Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան ա­ռաջ­նոր­դա­կան հան­դի­սա­ւոր ս. պա­տա­րագ Ա­թէն­քի մէջ

0
51

Ս. Ծնն­դեան եւ Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան
ա­ռաջ­նոր­դա­կան հան­դի­սա­ւոր ս. պա­տա­րագ Ա­թէն­քի մէջ

Ի գի­տու­թիւն մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղովր­դեան, այ­սու կը ծա­նու­ցա­նենք, թէ Ուր­բաթ, 6 ­Յու­նո­ւար 2023-ին, Ս. Ծնն­դեան եւ Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նին ա­ռի­թով, Ա­թէն­քի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պի­տի պա­տա­րա­գէ եւ յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զէ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ

ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ
ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

-Ս­կիզբ Ս. ­Պա­տա­րա­գի՝ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10-ին։
— Ս. Մկր­տու­թեան Ջ­րօրհ­նէք՝ ժա­մը 12-ին։

2023 տա­րո­ւան ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ւոր տօ­նին, ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը ան­հուն սի­րով ու կա­րօ­տով կը հրա­ւի­րէ իր ծխա­կան­նե­րը ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Ս. Ծնն­դեան եւ Աս­տա­ծա­յայտ­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած զոյգ տօ­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­ռի­թը ու­նե­նանք բո­լորս ﬕա­սին ա­ղօ­թել աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան, հի­ւանդ­նե­րու բժշկու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ա­պա­հո­վու­թեան հա­մար։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ