Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, այսու կը հաղորդենք, թէ Ուրբաթ, 27 Մարտ 2026-ին, թեմիս մեր եկեղեցիներուն մէջ, Մեծ Պահոց Խաղաղական ու Հանգստեան ժամերգութեանց ընթացքին, պիտի կատարուի մեր մեծ Հայրապետին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանքի եւ մուտն ի վիրապի յիշատակի նախատօնակի յատուկ արարողութիւնը։
Ուստի կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը, մասնակից դառնալու արարողութեան ու ըմբոշխնելու օրուան խորհուրդը։
Կրօնական Ժողով










