Կ­րօ­նա­կան Ժո­ղո­վի դիւանէն տեղեկացանք, թէ 28 Հոկ­տեմ­բե­րի Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին տօ­նին ա­ռի­թով, թե­միս հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներն ու Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ըն­դա­ռա­ջե­լով պե­տական ու քա­ղա­քա­պե­տա­կան հրա­ւէր­նե­րուն Եր­կու­շաբ­թի՝ 28 Հոկ­տեմ­բեր 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան, ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք­նե­րուն, յու­շարձան­նե­րու առ­ջեւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման, ա­ռա­ւել եւս ա­շա­կեր­տա­կան կամ զի­նո­ւո­րա­կան տո­ղանցք­նե­րուն։

Ա­թէն­քի հո­գե­ւոր հո­վիւ Հ­րայր Ա. քհնյ. Նի­կո­լեան, յա­նուն թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Գե­ղամ արք. Խա­չե­րեա­նին, ինչ­պէս նաեւ ըն­կե­րակ­ցութեամբ Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ պրն. Էտ­կար Գալս­տեա­նին ներ­կայ գտնուե­ցաւ Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան հան­դի­սու­թեանց։

Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Պա­րէտ քհնյ. Խա­չե­րեան եւ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ պրն. Կար­պիս Կոր­կո­տեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Նի­քէա­յի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած հան­դի­սու­թեանց։

Նէոս Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ Նա­րեկ քհնյ. Շա­հի­նեան եւ պրն. Գե­ղամ Եաղ­ճեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Նէա Զ­միռ­նիի հան­դի­սու­թեանց։

Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս վրդ. Փա­շա­յեան եւ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Յա­րու­թիւն Աբ­րա­հա­մեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան տեղ­ւոյն հան­դի­սու­թեանց։ Յու­նաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան նախա­գահ՝ պրն. Փ­րո­քո­փիս Փաւ­լո­բու­լոս, ըստ սո­վո­րու­թեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ Թե­սա­ղո­նի­կէի հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն։

Ա­րե­ւե­լեան Մա­կե­դո­նիոյ ու Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Յով­հան­նէս վրդ. Սաղ­տը­ճեան եւ Գո­մո­թի­նիի Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Ս­տե­փան Մատ­թէո­սեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան տեղ­ւոյն հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն։