­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­կեղծ բա­րե­կամ, ­Հայ դա­տի ու հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու ջերմ պաշտ­պան, փրո­ֆէ­սոր Խ­րիս­թո­տու­լոս Եա­լու­րի­տիս իր աչ­քե­րը փա­կեց 73 տա­րե­կա­նին, ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թեան դէմ պայ­քա­րե­լէ ետք։
Փ­րոֆ. Եա­լու­րի­տիս ե­ղաւ յու­նա­կան աշ­խար­հի այն ե­զա­կի մտա­ւո­րա­կան եւ գի­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, որ ջեր­մօ­րէն կանգ­նե­ցաւ հա­յու­թեան կող­քին, զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով մաս­նա­կից դառ­նա­լով ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի քա­ղա­քա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն, եւ հա­յան­պաստ կե­ցո­ւածք­նե­րով յոյն ա­կա­դե­մա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ պաշտ­պա­նեց ­Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րը։ Նաեւ ան եղած է Հայ-յունական բարեկամութեան լիկայի հիմնադիր անդամներէն մէկը: Ան, իր ա­կա­դե­մա­կան եւ գի­տա­կան խոր պատ­րաս­տու­թեամբ, յա­ճախ հան­դէս ե­կաւ հա­յու­թեան մա­սին, գի­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով եւ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի հի­ման վրայ պաշտ­պա­նեց ­Հայ դա­տի ի­րա­ւա­ցիու­թիւ­նը։ Ե­ղած էր գլխա­ւոր խօ­սող­նե­րէն՝ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րուն, Ա­թէն­քի մէջ։
­Յատ­կան­շա­կան ե­ղաւ տա­րի­ներ ա­ռաջ՝ ­Փան­տիօ քա­ղա­քա­կան գի­տու­թեանց հա­մալ­սա­րա­նէն ներս, փրոֆ. ­Վա­հագն ­Տատ­րեա­նի հետ կլոր սե­ղա­նի զրոյ­ցը, ուր գի­տա­կան եւ պատ­մա­կան փաս­տե­րով ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան անժխ­տե­լի ի­րո­ղու­թիւ­նը։ ­Նաեւ, ան ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին հետ միաս­նա­բար ­Փան­տիո­յի բե­մե­րէն ըն­դու­նեց եւ ներ­կա­յա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան դէմ­քեր, ո­րոնք Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցը ներ­կա­յա­ցու­ցին հա­մալ­սա­րա­նա­կան շրջա­նակ­նե­րուն։ ­Բազ­մա­թիւ յօ­դո­ւած­նե­րով յու­նա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի է­ջե­րէն անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հա­յու­թեան ար­դար դա­տին։ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին հետ իր վեր­ջին գոր­ծակ­ցա­կան քայ­լը ե­ղաւ իր նա­խա­բա­նը Ա­լեք­սանտ­րոս ­Փի­ղա­տա­սի պատ­րաս­տած գիր­քին հա­մար։ Խ­րիս­թո­տու­լոս Եա­լու­րի­տիս ծնած էր ­Կիպ­րոս եւ իր հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցած էր Ա­թէն­քի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Իր ա­կա­դե­մա­կան մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը խո­րա­ցուց ըն­կե­րա­բա­նու­թեան, քա­ղա­քա­կան գի­տու­թեանց, մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ օ­րէն­քի ո­լորտ­նե­րուն մէջ ստա­նա­լով տոք­թո­րա­կան աս­տի­ճան։
Ա­ւե­լի քան ե­րեք տաս­նա­մեակ դա­սա­ւան­դեց ­Փան­տիօ հա­մալ­սա­րա­նէն ներս, հաս­նե­լով եւ նո­ւա­ճե­լով ա­կա­դե­մա­կան բո­լոր աս­տի­ճան­նե­րը։ ­Նաեւ այ­ցե­լու դա­սա­խօս էր ­Համ­պուր­կի եւ Ֆ­րայ­պուր­կի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ։ ­Դա­սա­ւան­դած է ­Յու­նաս­տա­նի բարձ­րա­գոյն ռազ­մա­կան ա­կա­դե­միա­նե­րէն ներս, ինչ­պէս նաեւ հան­դի­սա­ցած է ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան խորհր­դա­տու։ Ան­դամ էր բազ­մա­թիւ գի­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու եւ հե­ղի­նակ մեծ թի­ւով ա­կա­դե­մա­կան հրա­տա­րա­կու­թուն­նե­րու եւ յօ­դո­ւած­նե­րու։
Իր ար­ժա­նա­պա­տիւ ա­կա­դե­մա­կան եւ գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար ստա­ցած էր բազ­մա­թիւ պա­տո­ւոյ գի­րեր եւ յու­շա­նո­ւէր­ներ։
Իր մա­հով, հա­յու­թիւ­նը կը կորսնց­նէ ան­կեղծ բա­րե­կամ մը եւ ­Հայ դա­տի ա­մե­նա­ջերմ պաշտ­պան­նե­րէն մէ­կը։
Խ­րիս­թո­տու­լոս Եա­լու­րի­տի­սի մա­հո­ւան ա­ռի­թով, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ յայտ­նեց հան­գու­ցեա­լի ըն­տա­նի­քին եւ յոյն ժո­ղո­վուր­դին։