«Խորհուրդ Մեծ եւ սքանչելի»
(Շարական)։
Դարերու խորքէն եւ մեր հայրերու սրտի, մտքի եւ հոգիի զուլալ ակունքներէն բխած սրբազան շարականագիրի այս բառերը կը գովերգեն աստուածային սիրոյն մարդոց միջեւ յայտնութեան Խորհուրդ խորինը:
Աստուած յայտնուած էր մարդոց:
Աստուածային իւրաքանչիւր յայտնութիւն ինքնին հրաշալի երեւոյթ է: Շատ բնական է, որ այդ յայտնութիւնը ըլլայ ահաւոր, զօրեղ, փառահեղ այնքան, որքան Աստուծոյ ահեղ էութիւնը կ՚ենթադրէ: Բայց Ս. Ծննդեան մսուրէն յայտնուած Աստուած, ոչ միայն ահեղ ու փառահեղ չէր, այլեւ մարդկային կենսամակարդակին համար ամէնէն համեստ վիճակի պարզութեամբ յայտնուած էր մարդոց:
Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի:
Որովհետեւ Աստուած, արարիչը երկնի եւ երկրի, կուգար մարդանալու եւ մարմնանալու իր արարած փոքրիկ մասնիկին մէջ՝ երկրագունդի վրայ, առանց որ որեւէ երկիր, թագաւորութիւն կամ հաւաքականութիւն իմանար կամ անդրադառնար, որ արտասովոր եւ գերբնական եղելութիւն մը տեղի կ՚ունենար: Երբ, նոյն եղելութեան համար երկինքի մէջ, հրեշտակային զօրքեր ցնծութեան մէջ էին եւ օրհներգութիւններով մարդոց փրկութեան աւետիսներ կը բաշխէին:
Երկինքի այս ցնծութեան երկիրը անհաղորդ մնաց, որովհետեւ երկրի վրայ ապրող մարդը կորսուած էր: Կորսուած էր գոյատեւելու եւ ապրելու իր վախին եւ անձկութեան մէջ: Կորսուելու վախէն տարուած մարդը, իր գոյատեւումը կը գտնէր նիւթական ապահովութեան եւ ֆիզիքական անվտանգութեան մէջ: Այսպէս՝ եսակեդրոն դարձած մարդը, որ իր կեանքի եւ անձին փրկութիւնը կը հասկնար բիրտ ուժի գործադրութեամբ ուրիշը ճնշելով եւ իրեն ենթարկելու խորտակելով, ան որ իր մօտիկ եղբայրը կամ մարդ անհատը նկատի չէր առնէր, ինչպէ՞ս պիտի կարենար անշուք եւ աղքատիկ մսուրի մէջ Ս. Ծնունդը տեսնել, որ եկած էր զինք նոյնինքն այդ կորուստի վախէն փրկելու: Եւ անոր համար ալ, երկինքը ուրախութեան կը հրաւիրէր երկիրը ըսելով, որ «ձեզի այսօր ծնաւ փրկիչ»:
Ս. Ծննդեան Սէրը եկած էր ըսելու մարդուն, որ մարդը կապրի ուրիշին ընդմէջէն, ուրիշը իր անձին պէս սիրելով:
Սիրոյ հասկացողութիւնը եւ զարգացումը ընդոծին են մարդուն համար: Չկայ մարդ, որ չսիրէ կամ սիրոյ զգացում չունենայ: Մէկ հիմնական տարբերութեամբ, սակայն, որ սիրոյ ըմբռնումը եւ զարգացումը մարդուն մէջ, Աստուծոյ պատկերին հետ ան ալ խաթարուած էր: Երբ սէր կ՚ըսենք, մարդկային փորձառութեամբ կը հասկնանք մենք զմեզ սիրել, փառքը սիրել, դրամը սիրել. սիրել այն ինչ որ մեզի հետ եւ մեր սիրածին հետ կապ ունի:
Դիմացինին զգացումին եւ գոյութեան անհաղորդ մարդը, իր եսակեդրոն եւ այլամերժ զգացումներով կղզիացած ու ինքզինքին վրայ փակուած հոգեվիճակով, Աստուծմէ բոլորովին խզուած, զրկուած էր խաղաղութեան եւ ուրախութեան վայելքէն ու հաճոյքէն:
Այս կացութեան մէջ կորսուած մարդու փրկութեան համար Աստուած աշխարհ եկաւ, շօշափելիօրէն մարդոց յայտնուեցաւ, մարմնացնելու աստուածային ՍԷՐը, հարազատ սէրը:
Ս. Ծննդեամբ յայտնուեցաւ այն հրաշագործ սէրը, որ անկարելին կարելիի կը վերածէ:
Ս. Ծնունդ՝ աստուածային սիրոյ անսահմանութիւնը՝ սահմանեալ մարդուն սիրոյն:
Աստուածային անսահման սիրոյն այս բխումը, սրբազան մեր շարականագիրը գեղեցկօրէն կը պատկերացնէ ըսելով, «ան որ տիեզերքին մէջ չէր բաւէր, այսօր խանձարուրի մէջ ամփոփուեցաւ»:
Աստուած իր անհուն սէրէն բխելով մարդը ստեղծեց եւ իր անհուն սիրոյն համար մարդուն ամբողջական կորուստէն հրաժարեցաւ եւ անոր փրկութեան ծրագիրը գծեց: Ս. Մսուրէն ճառագայթող աստուածային սէրը եղաւ այն դուռը, ուրկէ մարդ անցնելով պիտի բռնէր փրկութեան ճամբան՝ խաղաղ եւ ուրախ հոգիով:
Ս. Ծննդեան տօնը գլխաւոր առիթն է քրիստոնեաներուս համար, ճշմարիտ եւ աստուածային սիրոյն տեղ տալու մեր կեանքին մէջ:
Ս. Ծննդեան դրուագը հրաւէր մըն է խաղաղութեան եւ սիրոյ ուղղուած բոլորին՝ գիտնականին թէ հաւատքով ապրող մարդուն:
Ս. Ծննդեան գերբնական դէպքը աշխարհի վրայ միայն երկու խումբ մարդիկ նկատեցին: Հովիւները՝ որոնք հրեշտակներուն աւետիսը լսելով հաւատացին ու մսուր եկան երկրպագելու նոր Արքային: Մոգերը՝ գիտնականները իրենց ժամանակաշրջանին, որոնք տիեզերքի համակարգին մէջ արտասովոր երեւոյթ եւ շարժում նկատելով, հետեւեցան նորայայտ լուսաւոր աստղին եւ եկան նուէրներով երկրպագելու նոր Արքային:
Մոգերը՝ գիտուններ եւ հովիւները՝ հաւատքի մարդիկը բոլորն ալ, տարբեր ճամբաներէ եւ շարժառիթներէ մեկնեցան եւ սակայն հասան նոյն տեղը:
Հետեւաբար, Ս. Ծնունդի դրուագը կուգայ բոլորս անխտիր հրաւիրելու դէպի Մսուր, ուրկէ կը ճառագայթէ անխառն եւ սկզբնական սիրոյն պատկերը:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Մեծ աւետիս բոլորին։
ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՅՈՒՆԱՍԱՏՆԻ ԹԵՄԻՆ