Թեսաղոնիկէի հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցին հոգեւոր ուրախութեամբ եւ ազգային ոգեւորութեամբ նշեց իր հիմնադրութեան 123-ամեակը։ Տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան երկու օրերու ընթացքին, նախագահութեամբ թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հօր՝ համախմբելով գաղութիս բազմաթիւ անդամներն ու հաւատացեալները։ Երկօրեայ ելոյթներուն ներկայ էր նաեւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ պրն. Արսէն Գալֆայեան։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏ ՖԻԼՈԹԷՈՍԻՆ ԿՈՂՄԷ
Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2026-ին, ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ հոգշ. Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեանի եւ թաղային խորհուրդի փոխատենապետ պ. Արամ էսքիճեանի, Առաջնորդ Սրբազան հայրը այցելեց Թեսաղոնիկէի մետրոպոլիտ Ֆիլոթէոսին։ Յոյն հոգեւորականը եղբայրական ջերմութեամբ դիմաւորեց ու ողջունեց Սրբազան հայրը ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, կողմերը քննարկեցին Յունաստանի մէջ երկու եկեղեցիներու ջերմ յարաբերութեան դրական պատկերը։
պա, քննարկուեցան արդի ընկերային եւ ընտանեկան մարտահրաւէրները, որոնք հաւասարապէս կը մտահոգեն զոյգ եկեղեցիները։ Աւարտին, նուէրներու փոխանակումով , կողմերը հաստատեցին եղբայրական մտերմութեան եւ համագործակցութեան շարունակականութիւնը։
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՍՒՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ եւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Տիկնանց մարմնոյ կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղանի աւանդական ճաշը՝ ջերմութեան, սիրոյ եւ եղբայրական համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ։ Հանդիպումի ընթացքին խօսք առին Տիկնանց մարմնոյ ատենապետուհին, Թաղային խորհուրդի ատենապետը եւ ապա Առաջնորդ Սրբազան հայրը՝ իրենց սրտի խօսքն ու բարեմաղթանքները փոխանցելով ներկաներուն։ Հաճելի այս հանդիպումը համախմբեց Թաղային խորհուրդի անդամները, սարկաւագները, դպրաց դասը եւ միութեանց ներկայացուցիչները՝ վերահաստատելով համայնքային միասնութեան եւ եղբայրական սիրոյ գեղեցիկ ոգին։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱԼԱՔԵԱՆ-ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2026-ին, թեմիս բարեջան Առաջնորդ Սրբազան հայրը այցելեց Հ.Գ.Խաչի Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ վարժարանը եւ մօտէն շփուեցաւ աշակերտներուն հետ: Ապա, մտերմիկ զրոյց ունեցաւ ուսուցչական կազմին հետ իրազեկ դառնալով վարժարանի ուսումնական ծրագիրին եւ հայակրթութեան ջանքերուն մասին։
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԵՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Կիրակնամուտի ժամերգութիւն՝ նախագահութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի։
Ժամերգութենէն ետք, Տէր-Զաքարեան սրահէն ներս, Թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ եւ Առաջնորդ Սրբազան հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք, որուն ներկայ գտնուեցան գաղութիս բազմաթիւ հայորդիներ՝ միասին տօնելու եկեղեցւոյ պատմական նշանակալից հանգրուանը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ պրն. Քրիս Ղալիլէաս, ով ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեամբ գեղեցիկ ձեռնարկը պատուելու համար։
Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 123-ամեայ առաքելութեան՝ ընդգծելով անոր ունեցած կարեւոր դերը Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային կեանքին մէջ։
Այնուհետեւ, Թաղային խորհուրդի ատենադպրուհի տիկ. Մարգրիտ Գոստիկեան ներկայացուց Խորհուրդին տարեկան տեղեկագիրը՝ անդրադառնալով տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն, իրականացուած նախաձեռնութիւններուն եւ եկեղեցւոյ ու համայնքային կեանքին վերաբերող գործունէութեան։
Երեկոյթը իր գեղարուեստական բաժինով եւս առանձնացաւ։ Ներկաներուն համար գեղեցիկ պարային ելոյթներով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Կիլիկիա» պարախումբը՝ ներկայացնելով հայկական պարարուեստի հարստութիւնն ու ազգային աւանդոյթներու գեղեցկութիւնը։ Իսկ երկու հայուհիներ իրենց գեղեցիկ երգերով առաւել ջերմութիւն, աշխուժութիւն եւ ընկերային շունչ հաղորդեցին երեկոյթին՝ ստեղծելով ուրախ ու մտերմիկ մթնոլորտ։
Գեղարուեստական բաժինէն ետք, խօսք առնելու հրաւիրուեցաւ հոգշ. Հայր սուրբը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 123-ամեայ պատմութեան եւ անոր անփոխարինելի դերին՝ հայ ժողովուրդի հաւատքի պահպանման, ազգային ինքնութեան ամրապնդման եւ համայնքային կեանքի շարունակականութեան մէջ։ Նաեւ ընդգծեց, որ 123 տարիներու պատմութիւնը ոչ միայն անցեալի յիշատակն է, այլեւ այսօրուան սերունդներուն վստահուած պատասխանատուութիւն մը՝ պահպանելու մեր նախնիներուն կտակած հոգեւոր եւ ազգային ժառանգութիւնը եւ զայն փոխանցելու գալիք սերունդներուն։
Հայր սուրբը նաեւ առիթը օգտագործեց շնորհաւորելու գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանը՝ իր ձեռնադրութեան եւ օծման 20-ամեակին առիթով, մաղթելով անոր քաջառողջ եւ երկար տարիներու արդիւնաշատ ծառայութիւն՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Հայ եկեղեցւոյ։
Իր խօսքի աւարտին, Հայր սուրբը, իր եւ Թաղային խորհուրդին անունով, պանակէ մը որպէս յուշանուէր յանձնեց Սրբազան հօր՝ իբրեւ սիրոյ, յարգանքի եւ գնահատանքի արտայայտութիւն։
Երեկոյթին իր հայրական պատգամը տուաւ նաեւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը՝ իր օրհնութիւնն ու հայրական խրատը ուղղելով ներկաներուն։ Ան գնահատեց Թաղային խորհուրդին եւ բոլոր կազմակերպիչներուն նուիրեալ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ համայնքի անդամներուն ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը՝ մաղթելով, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցին շարունակէ մնալ հաւատքի, սիրոյ եւ միութեան կեդրոն։ Այս ծիրէն ներս Սրբազան հայրը գնահատանքի յուշագիրով պատուեց պ. Աբրահամ Էսքիճեանը իր երկար տարիներու ծառայութեան համար` որպէս թաղականութեան անդամ եւ համայնքին մէջ առ հասարակ։ Ապա Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ ժողովուրդին։
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2026-ին, տօնակատարութիւնները շարունակուեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ՝ նախագահութեամբ եւ մատուցմամբ Յունաստանի հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի։ Ս. Պատարագի ընթացքին Սրբազան հօր սպասարկեցին Հայր սուրբը եւ սարկաւագները, իսկ հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնք իրենց աղօթքով եւ ներկայութեամբ մասնակից դարձան եկեղեցւոյ 123-ամեակի հոգեւոր տօնախմբութեան։
Ս. Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան հայրը փոխանցեց իր հայրական պատգամը՝ անդրադառնալով եկեղեցւոյ առաքելութեան, քրիստոնէական հաւատքի կարեւորութեան եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եկեղեցւոյ ունեցած առանցքային դերակատարութեան։ Ան շեշտեց, որ եկեղեցին այն սրբազան օճախն է, ուր կը պահպանուին մեր հաւատքը, լեզուն, աւանդութիւններն ու ազգային ինքնութիւնը։ Սրբազանը հրաւիրեց ներկաները կառչած մնալու իրենց եկեղեցւոյ եւ հաւատքի ժառանգութեան՝ շարունակելով նախորդ սերունդներու նուիրումն ու ծառայութիւնը։
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնութեան արարողութիւն՝ եզրափակելով եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 123-ամեակի տօնակատարութիւնները։
Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ բակին մէջ, Համազգայինի «Կիլիկիա» պարախումբի անդամները հանդէս եկան հայրենասիրական պարերու գեղեցիկ կատարումներով՝ իրենց ելոյթներով ազգային շունչ եւ տօնական տրամադրութիւն պարգեւելով ներկաներուն։
Այնուհետեւ, Տէր-Զաքարեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ՝ նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ մասնակցութեամբ Թեսաղոնիկահայ միութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Համախմբումը առիթ մը եւս դարձաւ համայնքային խմբուածութեան եւ եղբայրական հաղորդակցութեան՝ ընդգծելով համայնքի միասնութեան եւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։
Երկու օրերու հոգեւոր եւ ազգային ձեռնարկները անգամ մը եւս առիթ հանդիսացան վերարժեւորելու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 123-ամեայ պատմութիւնը եւ անոր ունեցած անփոխարինելի դերը Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի կեանքին մէջ։
Եկեղեցին, իր անցեալով, ներկայի գործունէութեամբ եւ ապագայի առաքելութեամբ, կը շարունակէ մնալ մեր հաւատքի, ազգային ինքնութեան եւ միասնականութեան կենդանի վկայութիւնը։
ԹՂԹԱԿԻՑ










