ՄԱՆՈՒԷԼ ԹՈՔՄԱՔՃԵԱՆ

«Այս ի՞նչ ձայն է, հայ­րի՛կ»,- հար­ցուց՝ զար­մա­ցած, փոք­րիկ Ա­րան.- «Ի՞նչ կը պա­տա­հի հոս, ին­չո՞ւ բո­լո­րը այս­պէս կը գո­ռան…»:
«­Պա­տա­րա՜գ կայ, տղա՛ս, պա­տա­րա՛գ, եւ բո­լո­րը ե­կե­ղե­ցի կ­՛եր­թան…»,- մխի­թա­րիչ, բայց խոր ձայ­նով կը պա­տաս­խա­նէ ­Յով­նան` ա­նոր հայ­րը:
«­Բայց ին­չո՞ւ այս­քան աղ­մուկ, ին­չո՞ւ այս­քան շտապ»,- կը պնդէ տղան:
— «­Պա­տա­րա՜գ կայ, տղա՛ս, պա­տա­րա՛գ, եւ բո­լո­րը ե­կե­ղե­ցի կ­՛եր­թան»:
Ալ զար­մա­ցած պա­տաս­խա­նէն, լուռ ու մունջ ճամ­բան կը շա­րու­նա­կեն:
Ան­դին` մայ­րը «­Հայր ­Մեր» կ­՛ար­տա­սա­նէր եւ կարգ մը տո­ղեր` ­Սաղ­մո­սէն:
­Ձեռ­քը սեղ­մած իր ճեր­մակ աղ­ջի­կը` մէկ տա­րե­կան
եւ կռնա­կը` շալ­կած պա­յու­սակ ճամ­բոր­դա­կան…
«­Բա­նից ի­մոց ունկն դիր, տէ՛ր, եւ ի միտ առ զա­ղա­ղակ իմ…»:
«­Նա­յեա՛ ի ձայն ա­ղօ­թից ի­մոց, թա­գա­ւոր եմ եւ Աս­տո­ւած իմ…»:
Այս տո­ղե­րը կ­՛ար­տա­սա­նէր հեծկլ­տու­մով ու դո­ղով,
մինչ իր աղ­ջի­կը` փաթ­թո­ւած հա­զա­րու­մէկ լա­թով:
Ան մօ­րը աչ­քե­րը կը դի­տէր հիա­ցած, մինչ իր աչ­քե­րը կը փայլփ­լէին…
Ան կը մսէ՜ր… կը վախ­նա՜ր… բայց մօ­րը աչ­քե­րը չէին թո­ղուր, որ լար…
Տ­ղան ա­ւե­լի զար­հու­րած ի­րո­ղու­թե­նէն` մօր քով կը վա­զէ ու կ­՛ը­սէ.- «­Մա՛յր, ին­չո՞ւ կը դո­ղաս, քոյրս վար առ եւ քիչ մը հան­գիստ ը­րէ՛»:
­Մայ­րը ա­ռա­ւել եւս կը սեղ­մէ աղ­ջի­կը եւ թաց աչ­քե­րով տղուն կ­՛ը­սէ.-«­Պա­տա­րագ կայ, տղա՛ս, պա­տա­րա՛գ, պէտք է ե­կե­ղե­ցի հաս­նինք, պէտք է՛»:
Չ­կա­րե­նա­լով իր այս տո­ղե­րը շա­րու­նա­կել` գե­տին կը փռո­ւի ու կը հեծկլ­տայ:
­Յով­նան քիչ մը առ­ջեւ ըլ­լա­լով` կը տես­նէ իր կի­նը եւ ան­մի­ջա­պէս կը փու­թայ. «­Հա՛­տէ, ոտ­քի՛ ել, սի­րե­լի՛ս, մի՛ սրդո­ղիր, այ­սօր պա­տա­րագ կայ անն­մա՜ն. պէտք է ե­կե­ղե­ցի հաս­նինք, սի­րե­լի՜ս, կանգ­նէ»,- զինք ոտ­քի կը հա­նէ ­Յով­նան:
­Պա­տա­րա­գը ար­դէն սկսեր էր, բայց ժո­ղո­վուր­դը դեռ հե­ռու­նե­րէն կը մօ­տե­նար:
Ի՞նչ էր այս պա­տա­րա­գի շտա­պո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, ի՞նչ էր այդ ան­մի­ջա­կան պատ­ճա­ռը գիւ­ղա­յին:
Ո՞ր փո­թո­րի­կը այս ժո­ղո­վուր­դը հոս բե­րաւ, ո՞ր ու­րա­կա­նը այս բո­լո­րը հոն տա­րաւ…
«­Տէ՛ր Աս­տո­ւած օրհ­նես­ցէ զա­մե­նե­սեան…»:
­Տէր հայրն էր, որ կը խօ­սէր խո­րա­նէն
խո­ցո­ւած ձայ­նով, բայց հան­դի­սա­կան,
ան օրհ­նու­թիւն կու տար ­Սե­ղա­նէն…
­Դուր­սի աղ­մու­կը կը զօ­րա­նար,
կը զօ­րա­նար ու կը բարձ­րա­նար
եւ հետզ­հե­տէ ժխոր կը դառ­նար:
Ե­կե­ղե­ցի ժա­մա­նող­նե­րուն թի­ւը` հա­զար…
­Բայց աղ­մու­կը ժո­ղո­վուր­դէն չէր, ո՛չ,
բազ­մու­թեան թի­ւը պա­տա­րա­գի չէր, ո՛չ,
այլ բան մը կար մեր այս մտեր­միկ գիւ­ղին ներ­քեւ.
այլ հան­դէս մըն էր, որ տե­ղի կ­՛ու­նե­նար բլու­րին վե­րեւ…
«­Տէ՜ր ո­ղոր­մեա…» դպիր­նե­րը կ­՛եր­գեն ցած, բայց` միա­ձայն.
Իս­կա­պէ՛ս տար­բեր էր այս օ­րը այլ օ­րե­րու հա­մա­ձայն…
Այ­սօր հայ ժո­ղո­վուր­դը կը խո­կար… կը ցա­ւէր…
Այ­սօր` եր­կիր ­Կի­լի­կիան մեր ձեռ­քե­րէն կը խլո­ւէր…
Այ­սօր թուրք ցե­ղը դար­պա­սին առ­ջեւ կանգ­նած,
մեզ­մէ մեր բա­նա­լին կը սպա­սէր…
Այ­սօր վեր­ջին պա­տա­րագ յայ­տա­րա­րո­ւած,
ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ Ե­կե­ղե­ցի կը վա­զէր…
Ա­յո՛, այ­սօր այդ օրն էր պատ­մա­կան զի­ջե­լու մեր ա­թո­ռէն` ­Սուրբ ­Կի­լի­կեան
ի ձեռք ա­նօ­րէն թուր­քի` օս­մա­նեան, փրկե­լու բա­զում կեան­քեր մեր հայ­կա­կան…
­Մե­ղայ Ա­րա­րա­տին ու Եփ­րա­տին, մե­ղայ ­Սի­սին ու Ա­տա­նա­յին,
­Քե՛զ մե­ղայ, ­Լամբ­րո՜ն, ­Տար­սո՜ն, ­Քէ­հեան եւ ­Մեր­սին…
­Քեզ մե­ղա՜յ ­Գա­րա­դա՛ս, ­Քա­րա­հի­սա՛ր եւ ­Բիւ­ղա­նի՛ք։
Ա­հա ժո­ղո­վուր­դը մեր` գլխա­կախ լռու­թեան «մե­ղա»ն կ­՛ը­սէ.
Լ­ռե­ցին… Ա­պա բո­լո­րը միա­բե­րան «­Մե­ղա՜յ Աս­տու­ծոյ» գո­ռա­ցին:
­Պէտք էր հա­ղոր­դու­թի՛ւն, պէտք էր քա­ւո՛ւմ…
­Պէտք էր ա­ղօ՜թք, «մե­ղա՜յ» եւ փրկու­թիւն…
­Պէտք էր ­Սի­սը… պէտք էր ­Կի­լի­կիան…
­Վա­րա­գոյ­րը կը բա­ցո­ւի, եւ ժո­ղո­վուր­դը կ­՛ուղ­ղո­ւի հա­ղոր­դու­թեան:
Ա­մէն նշխար կար­ծես նոր յոյս մը ըլ­լար ժո­ղո­վուր­դին այս պատ­մու­թեան`
­Պատ­մու­թեան հա­յոց, նոր էջ, նոր շո՛ւնչ, նոր ա­ռիթ մը ըլ­լար ծննդեան…
Եւ սկի­հին մէջ լե­ցո­ւած գի­նին` աս­տո­ւա­ծա­յին ժպի­տի մը յայտ­նու­թեան…
­Կար­ծես թէ Աս­տու­ծոյ դէմ­քը ա­նոր մէջ ար­տա­ցո­լար,
­Ժո­ղո­վուր­դին կը նա­յէր ու «պի­տի վե­րա­դառ­նանք» կ­՛ը­սէր…
«Օրհ­նեալ ե­ղե­րուք ի շնոր­հաց ­Սուրբ ­Հոգ­ւոյն,
Եր­թայք ի խա­ղա­ղու­թեամբ,
եւ ­Տէր ե­ղի­ցի ընդ ձեզ եւ ընդ ա­մե­նե­սեանդ. Ա­մէ՜ն…»:
Եւ այս­պէս բո­լորն ալ ի­րա­րու ե­տե­ւէ, ­Գիր­քը համ­բու­րե­լով` դուրս կ­՛ել­լեն,
ա­պա նա­յե­լով ե­կե­ղեց­ւոյ սուրբ գա­ւի­թին` ա­նոր պա­տե­րը կը համ­բու­րեն:
­Կը խո­նար­հին եր­կիւ­ղով, ցա­ւով եւ կը խա­չակն­քեն,
եւ ան­դի­նը զի­րենք սպա­սող կառ­քե­րուն մէջ կ­՛ել­լեն…
Եւ ան­դին կանգ­նած թուրք հրէշ­նե­րը բա­նա­կա­յին,
ե­տին կ­՛ուղ­ղեն, այդ խում­բե­րուն մէջ ան­մարդ­կա­յին
Եւ այս­պէս ի­րենց ու­նե­ցո­ւած­քը առ­նե­լով` ճամ­բայ կ­՛ել­լեն դե­պի ան­յայտ, կորսնց­նե­լով ա­մէ­նէն վե­րին ինք­նու­թիւ­նը հա­յու­թեան` ե­կե­ղե­ցին…
Ի մէջ թուրք ձիե­րու սմբակ­նե­րուն ար­ձա­կած փո­շի­նե­րուն…
«Մ­նաք բա­րով» կ­՛ը­սեն ­Կի­լի­կիոյ պա­տե­րուն…