«Եւ ­Բանն մար­մին ե­ղեւ եւ բնա­կեաց ի մեզ»։
(­Յովհ. 1:14)

­Բանն Աս­տու­ծոյ մար­դե­ղու­թեան խոր­հուր­դին բա­ցա­յայ­տու­մը Ս. Ծնն­դեան դէպ­քով սկիզբ կ’առ­նէ¸ որ Աս­տու­ծոյ կա­տա­րած խոս­տու­մին ի­րա­գործ­ման առ­հա­ւատ­չեան է¸ ինչ­պէս որ ­Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ իր ­Կորն­թա­ցի­նե­րուն երկ­րորդ նա­մա­կին մէջ կ’ը­սէ. «Ար­դա­րեւ, Ք­րիս­տոս Աս­տու­ծոյ բո­լոր խոս­տում­նե­րուն Ա­յո-ն­ է» (Բ. ­Կորնթ. 1:20)։ Փր­կի­չին ծնուն­դով ծալք առ ծալք սկսաւ բա­ցո­ւիլ Աս­տու­ծոյ՝ մար­դուն փրկու­թեան ծրա­գի­րը։
Ս. Ծնն­դեան տօ­նը¸ ի­րեն առն­չո­ւած ա­ւե­տա­րա­նա­կան պա­տում­նե­րով եւ դէպ­քե­րով¸–­ ինչ­պէս՝ հրեշ­տա­կա­պե­տին ա­ւե­տու­մը ­Մա­րիա­մին¸ ­Յի­սուս ­Մա­նու­կի ծնուն­դը¸ ա­րե­ւել­քէն ե­րեւ­ցող աստ­ղին ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ե­րեք մո­գե­րու խորհր­դա­ւոր գա­լուս­տը, ­Բեթ­ղե­հէ­մի մսու­րին պար­զուկ՝ բայց տա­քուկ պատ­կե­րը, եւ այս բո­լո­րին հետ կա­պուած դա­րե­րու խոր­քէն ե­կած ժո­ղովր­դա­յին բա­րե­պաշ­տա­կան ա­ւան­դու­թիւն­ներ¸– ­տօ­նին տո­ւած են իւ­րա­յա­տուկ գրաւ­չու­թիւն մը¸ խորհր­դա­ւո­րու­թիւն մը։ Եւ այս բո­լո­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը ա­ռա­ւե­լա­բար կեդ­րո­նա­ցու­ցած են ­Մա­նուկ ­Յի­սու­սի ծնուն­դի դէպ­քին վրայ եւ Ծ­նուն­դի խոր­հուր­դը ա­նով սահ­մա­նա­փա­կած են։ ­Մինչ­դեռ Ս. Ծ­նուն­դը պէտք է դի­տել Փր­կի­չին աշ­խարհ գա­լու ա­ռա­քե­լու­թեան ամ­բող­ջա­կան շրջագի­ծին մէջ, որ ամ­բող­ջու­թեամբ կը պար­փա­կէ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի երկ­րա­ւոր կեանքն ու ու­սու­ցում­նե­րը¸ զորս ար­ձա­նագ­րե­ցին չորս ա­ւե­տա­րա­նիչ­նե­րը։
Աս­տու­ծոյ ­Բա­նը՝ ­Խօս­քը մար­մին ա­ռաւ եւ տե­սա­նե­լի դար­ձաւ մար­դոց։ Աս­տո­ւած տե­սա­նե­լի եւ զգա­լի ձե­ւով սկսաւ խօ­սիլ մար­դոց հետ։ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղու­թեանց ըն­թաց­քին երբ ա­ւե­տա­րան պի­տի կար­դա­ցո­ւի, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը յոտնկայս ուշ­քի եւ ու­շադ­րու­թեան սար­կա­ւա­գին հրա­ւէ­րէն ետք միա­բե­րան կ’ը­սեն «ա­սէ Աս­տո­ւած», այ­սինքն՝ Աս­տո­ւած է որ կը խօ­սի։
Ի՞նչ է այդ խօս­քը¸ ե­թէ ոչ Աս­տու­ծոյ խօս­քը¸ որ ինք­նին ճշմար­տու­թիւնն է, ինչ­պէս որ ­Յի­սուս ը­սաւ. «Ես եմ ճշմար­տու­թիւ­նը» (­Յովհ. 14:6)։ Ք­րիս­տոս երբ կը խօ­սի մե­զի¸ ճշմար­տու­թիւնն է, որ կը լսենք Իր­մէ։ ­Խա­չե­լու­թե­նէն ա­ռաջ¸ ­Պի­ղա­տո­սէն հար­ցաքն­նո­ւե­լու պա­հուն¸ ­Յի­սուս ը­սաւ ա­նոր. «Ես ծնած եւ աշ­խարհ ե­կած եմ մէկ բա­նի հա­մար¸ որ­պէս­զի վկա­յեմ ճշմար­տու­թեան։ Ով որ կողմ­նա­կից է ճշմար­տու­թեան՝ ա­նի­կա իմ խօսքս կը լսէ»։ ­Պի­ղա­տոս հար­ցուց. «Ի՞նչ է ճշմար­տու­թիւ­նը» (­Յովհ. 18:37-38)։
­Պատ­մու­թեան ամ­բողջ հո­լո­վոյ­թին ըն­թաց­քին¸ բո­լոր կրօն­ներն ու փի­լի­սո­փա­յա­կան դպրոց­նե­րը ջա­նա­ցին գտնել եւ ճանչ­նալ ճշմար­տու­թիւ­նը եւ ա­նով հասկ­նալ ու բա­ցատ­րել տիե­զեր­քի հա­մա­կար­գը¸ աշ­խար­հի ի­մաստն ու մարդ­կա­յին կեան­քը։
Ճշ­մար­տու­թիւ­նը ի­րա­կա­նու­թիւն է, ար­դա­րու­թիւն է¸ ա­պա­հո­վու­թիւն է¸ ա­զա­տու­թիւն է¸ գի­տու­թիւն է¸ զօ­րու­թիւն է, յա­ւի­տե­նա­կան է։
Ա­մէն տա­րե­մու­տի, իր ու շրջա­պա­տին նկատ­մամբ պա­տաս­խա­նա­տու անձ մը կո­չո­ւած է իր մտա­ծե­լա­կեր­պը, ապ­րե­լա­կերպն ու գոր­ծե­լա­կեր­պը հա­շո­ւե­յար­դա­րի նժա­րին վրայ կշռե­լու՝ միշտ ա­ւե­լի լաւ¸ ո­րա­կա­ւոր¸ իս­կա­կան ար­ժէք­նե­րով կեանք մը շա­հե­լու հա­մար։ Ս. Ծնն­դեան տօ­նը «­Խոր­հուրդ մեծ եւ սքան­չե­լի, որ յայսմ ա­ւուր յայտ­նե­ցաւ…» շա­րա­կա­նին բա­ռե­րով ինչ­պէս որ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ շա­րա­կա­նա­գի­րը կը նկա­րա­գէ¸ իր ­Մեծ ­Խոր­հուր­դով, որ կը բա­ցա­յայ­տո­ւի մե­զի¸ հրա­ւէր մըն է մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին Ք­րիս­տո­սի վկա­յած ճշմար­տու­թեան լոյ­սին տակ բե­րե­լու մեր կեանքն ու գոր­ծը՝ տես­նե­լու հա­մար, թէ որ­քա՛ն ճշմա­րի­տին ու ճշմար­տու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան են ա­նոնք։
Ի վեր­ջոյ¸ ի՞նչ են մեր ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան կեան­քի պահ­պան­ման¸ գո­յա­պայ­քա­րին¸ ազ­գի յա­ւեր­ժու­թեան հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րը։ ­Հա­ւա­քա­կան կեան­քը¸ ո­րուն կեն­սա­տու ա­րեան նոր բջիջ­նե­րը նոր սե­րուն­դի զա­ւակ­ներն են¸ ո­րոնց պէտք է տրո­ւին ազ­գա­յին այն­պի­սի՛ ճշմա­րիտ ար­ժէք­ներ¸ ո­րոնց­մով ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւի մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քի ամ­բող­ջա­կան պահ­պա­նու­մը։ Այս ճշմա­րիտ ար­ժէք­նե­րուն պա­հա­պան­ներն ու պա­հակ­նե­րը ե­ղած են եւ են մեր քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը¸ հա­յե­ցի դպրու­թիւնն ու կրթու­թիւ­նը¸ մշա­կոյթն ու ազ­գի նկա­րագ­րին¸ պատ­մա­կան աշ­խար­հագ­րա­կան մի­ջա­վայ­րին¸ բար­քին ու կեն­ցա­ղին ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող նախ­նեաց ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը։
Ս. Ծնն­դեամբ երբ ­Մար­դե­ղա­ցեալ ­Բանն Աս­տու­ծոյ լոյ­սը կը ծա­գի մեր կեան­քին¸ մտքին ու հո­գի­նե­րուն մէջ¸–­ որ երկ­նա­յին պար­գեւ մըն է¸–­ որ­պէս­զի մեր ան­ձերն ու կեան­քի վաս­տա­կը զերծ պա­հենք նիւ­թա­բա­րո­յա­կան ա­մէն տե­սա­կի կեղծ¸ խա­բու­սիկ ու պա­տիր¸ փուճ ու դա­տարկ¸ ան­ցա­ւոր եւ կորստա­կան բո­վան­դա­կու­թե­նէ։
Ս. Ծ­նուն­դը մար­դու կեան­քը ճշմա­րիտ ար­ժէք­նե­րով զար­դա­րե­լու եւ հարս­տաց­նե­լու ա­ռիթն է¸ որ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին ան­հա­տա­պէս եւ ազ­գո­վին հա­ւա­քա­բար կը տրո­ւի ա­մէն նոր տա­րիի։
«Ճշ­մար­տու­թիւ­նը պի­տի ճանչ­նաք եւ ճշմար­տու­թիւ­նը ­Ձեզ պի­տի ա­զա­տէ» (­Յովհ. 8:32)։
Ս. Ծնն­դեան ա­ւե­տիսն է ա­հա¸ որ դա­րե­րէ ի վեր ու­րա­խու­թեամբ կ’ա­ւե­տենք՝ ը­սե­լով.

Ք­րիս­տոս ծնաւ եւ յայտ­նե­ցաւ,
­Ձե­զի եւ մե­զի մեծ ա­ւե­տիս։

­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մին
5 ­Յու­նո­ւար 2022