Ս­փիւռ­քա­հայ գոր­ծա­րար­նե­րը հե­տաքր­քո­ւած են Ար­ցա­խի մէջ ներդ­րում­ներ կա­տա­րե­լու ծրա­գիր­նե­րով: «Artsakh Roots Investments» (ARI) ներդ­րու­մա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, որ կը զբա­ղի Ար­ցա­խի մէջ ներդ­րում­ներ կա­տա­րե­լու աշ­խա­տան­քով, կ­՛ընդ­լայ­նէ իր ջան­քե­րը: «Ար­մենփ­րես»ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, «Artsakh Roots Investments» (ARI) կազ­մա­կեր­պու­թեան տնօ­րէն խոր­հուր­դի ան­դամ ­Բե­նիա­մին Պ­չաք­ճեան նշած է, որ Ար­ցա­խի մէջ ներդրու­մա­յին ծրա­գիր­նե­րով հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րուն թի­ւը կ­՛ա­ւել­նայ:
«Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան հետ գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ ­Նոր ­Շա­հու­մեա­նի եւ ­Քա­շա­թա­ղի շրջան­նե­րուն մէջ կը տրա­մադ­րո­ւին մատ­չե­լի տո­կո­սադ­րոյք­նե­րով գիւ­ղատն­տե­սա­կան վար­կեր` ա­նաս­նա­պա­հու­թեան եւ հո­ղա­գոր­ծու­թեան զար­գաց­ման նպաս­տե­լու նպա­տա­կով: Այս ծրագ­րին ներդ­րում­ներ կա­տա­րող­նե­րը մար­դիկ են սփիւռ­քի տար­բեր հա­մայնք­նե­րէ` Ա­րա­բա­կան ­Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րէն, ­Քո­ւէյ­թէն, ­Լի­բա­նա­նէն, եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րէ: Այժմ հե­տաքրք­րու­թիւն կայ Աւստրա­լիա­յէն, Ա.Մ.Ն.էն»,- ը­սած է ­Բե­նիա­մին Պ­չաք­ճեան: Ան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ յա­ռա­ջի­կա­յին կը պատ­րաս­տո­ւին այ­ցե­լե­լու տար­բեր հայ­կա­կան հա­մայնք­ներ եւ ներ­կա­յաց­նե­լու Ար­ցա­խի ներդ­րու­մա­յին ծրա­գիր­նե­րը: Կ­՛ակն­կա­լո­ւի, որ Ար­ցախի պե­տու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու ներդ­րու­մա­յին ծրա­գի­րին միա­նան նոր գոր­ծա­րար­ներ:
2010-2016 թո­ւա­կան­նե­րուն կազ­մա­կեր­պու­թեան տրա­մադ­րած մատ­չե­լի պայ­ման­նե­րով վար­կա­յին մի­ջոց­նե­րէն օգ­տո­ւած է ա­ւե­լի քան հա­զար ըն­տա­նիք: ­Բե­նիա­մին Պ­չաք­ճեան նշած է, որ 2016 թո­ւա­կա­նի ա­ռա­ջին կի­սուն Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով գոր­ծըն­թա­ցը ո­րոշ չա­փով դան­դա­ղե­ցաւ, սա­կայն տա­րո­ւան երկ­րորդ կի­սուն ար­դէն ո­րոշ աշ­խու­ժու­թիւն նկա­տո­ւե­ցաւ: 2010-2016 թո­ւա­կան­նե­րուն Ար­ցա­խը ­Նոր ­Շա­հու­մեա­նի եւ ­Քա­շա­թա­ղի շրջան­նե­րուն մէջ շուրջ 3,5 մի­լիոն տո­լա­րի ներդրում­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է գիւ­ղատն­տե­սու­թեան զար­գաց­ման հա­մար: «­Մենք Ար­ցա­խի մէջ ու­նինք մեր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, որ հե­տե­ւո­ղա­կան վե­րահս­կո­ղու­թիւն կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ:
«­Գո­հու­նա­կու­թիւն կայ, որ այդ վար­կե­րը ի­րենց նպա­տա­կին կը ծա­ռա­յեն: Ըն­թա­ցիկ տա­րո­ւան ­Մար­տին կը նա­խա­տե­սենք ­Լի­բա­նա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պել ընդ­հա­նուր ժո­ղով, որ­պէս­զի հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւն ներ­կա­յաց­նենք մեր գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին: Ար­ցա­խի վար­չա­պե­տին նոյն­պէս պի­տի հրա­ւի­րենք»,- ը­սած է Բ. Պ­չաք­ճեան:
Այն հար­ցու­մին, թէ ար­դեօք պի­տի սահ­մա­նա­փա­կուի՞ն միայն գիւ­ղատն­տե­սու­թեան ո­լոր­տով, Բ. Պ­չաք­ճեան նշած է, որ կը ծրագ­րեն Ար­ցա­խի մէջ փոքր ար­տադ­րա­մաս­ներ ստեղ­ծել, վար­կա­ւո­րել այդ գոր­ծըն­թա­ցը, բայց ծրագ­րի հա­մար լուրջ ու­սում­նա­սի­րու­թեան կա­րիք կայ, զոր պէտք է պե­տու­թիւ­նը ը­նէ: ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը չի սահ­մա­նա­փա­կո­ւիր ներդ­րու­մա­յին գոր­ծա­րար ծրա­գիր­նե­րով: Ան կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ նաեւ բնա­կա­րա­նա­շի­նու­թեան ծրա­գիր: 2016 թո­ւա­կա­նին բնա­կա­րա­նա­շի­նու­թեան ծրա­գի­րով 25 տուն ար­դէն տրա­մադ­րո­ւած է շա­հա­ռու­նե­րուն:
Մ­նա­ցած 25ը ար­դէն պատ­րաստ է, շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւար­տած են, այս տա­րի ա­նոնք պի­տի յանձ­նո­ւին ի­րենց տէ­րե­րուն: Բ­նա­կա­րան­նե­րը կը տրո­ւին այն ան­ձե­րուն, ո­րոնք կ­՛ապ­րին Ար­ցա­խի մէջ, եւ ի­րենց տու­նե­րը կորսն­ցու­ցած են, մար­դոց՝ ո­րոնք պի­տի վե­րաբ­նա­կե­ցո­ւին, ինչ­պէս նաեւ զի­նուո­րա­կան­նե­րու: Ծ­րա­գի­րը կ­՛ի­րա­կա­նա­ցո­ւի բա­ցա­ռա­պէս կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ջոց­նե­րով — ի հար­կէ, իր ներդ­րու­մը ու­նե­ցած է Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու ստեղծ­ման ա­ռու­մով: Բ­նա­կա­րա­նա­շի­նու­թեան ծրա­գի­րը շա­րու­նա­կա­կան պի­տի ըլ­լայ: