Ե­րէկ Ա­թէն­քի ­Ռազ­մա­կան թան­գա­րա­նին մէջ հել­լէն պե­տա­կան ու քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ի նպաստ ­Հայ ­Դա­տի եւ ­Հա­յաս­տա­նի 
Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը գի­տա­կից ու պա­հան­ջա­տէր՝ իր ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու հատուցման մէջ
 
Ատ­տի­կէի ­մարզ­պե­տա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ե­րէկ ­Կի­րա­կի 14 Ապ­րիլ 2019ին, Ա­թէն­քի ­Ռազ­մա­կան թան­գա­րա­նին մէջ, ի­րա­կա­նա­ցաւ Ապ­րի­լեան ո­գե­կոչ­ման քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կը, յոյն քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ հոծ բազ­մու­թեան ներ­կա­յու­թեամբ:
Ապ­րիլ 24ի այս տա­րո­ւան քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նար­կին յատ­կան­շա­կան էր Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի ար­քե­պիս­կո­պոս Իէ­րո­նի­մոս Սր­բա­զա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ տպա­ւո­րիչ էր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հել­լէն պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան պաշ­տօ­նա­տար անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, նոյն­պէս եւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած դես­պա­նու­թեանց քա­ղա­քա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։
Հանդիսաս­րա­հի մուտ­քին պա­տո­ւոյ ըն­դու­նե­լու­թեան կարգ կը պա­հէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րը, իսկ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րուն կը դի­մա­ւո­րէին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին ան­դամ­նե­րը։ Խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան ­օրուան նախագահ ընկ. Ալիս Ֆարաճեան, Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ նա­խա­րար ­Թե­րենս ­Նի­քո­լաոս ­Քո­ւիք, հել­լէն խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ ­Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի նա­խա­գահ Է­լէ­նի Ս­թա­մա­թա­քի, Ատ­տի­կէի փոխ մարզ­պետ Խ­րիս­թոս  ­Քա­փա­թա­յիս, ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Ար­ման Գ­րի­գո­րեան: Օ­րուան բա­նա­խօսն էր յու­նա­կան մամ­լոյ հե­ղի­նա­կա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն «­Ռէալ ­Նիուզ» թեր­թի հրա­տա­րա­կիչ, ծա­նօթ լրագ­րող ­Նի­քոս ­Խա­ծի­նի­քո­լաու, որ խօ­սե­ցաւ ­Թուր­քիոյ ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին եւ ա­նոր բա­նե­ցու­ցած ճնշում­նե­րուն՝ այն եր­կիր­նե­րուն վրայ, ո­րոնք ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու ճա­նա­պար­հին վրայ են՝ սպառ­նա­լիք­նե­րով եւ վա­խի մթնո­լոր­տի տա­րա­ծու­մով: Ան ման­րա­մասն անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք հայ վրի­ժա­ռու բա­զուկ­նե­րու հաս­ցու­ցած հա­րո­ւած­նե­րուն եւ հայ ազ­գի դի­մադ­րա­կան ո­գիին, որ կան­գուն պա­հեց հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­հա­ւոր իր ճա­կա­տագ­րին առ­ջեւ։ ­Շատ հե­տաքրք­րա­կան եւ բո­վան­դա­կա­լից իր ներ­կա­յաց­ման մէջ, ծա­նօթ լրագ­րո­ղը պա­խա­րա­կեց ­Թուր­քիոյ վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ շեշ­տը դրաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան փաս­տը ճանչ­նա­լու եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րը վե­րացնե­լու հա­մայն աշ­խար­հի պար­տա­ւո­րու­թեան վրայ:
Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին, ներ­կա­նե­րը՝ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թեանց ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րու եւ Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի նո­ւա­գա­խում­բի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, սրա­հէն հա­ւա­քա­բար քա­լե­ցին դէ­պի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կի Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւորի յու­շա­դամ­բա­նը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով եւ ի յի­շա­տակ հա­յոց սրբադասեալ նա­հա­տակ­նե­րուն։
Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի եր­կար տա­րի­նե­րու պա­հան­ջա­տի­րա­կան ու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ, Ապ­րի­լի քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կի հրա­ւէ­րին այս տա­րի ալ ըն­դա­ռա­ջա­ցած էին մեծ թի­ւով յոյն քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին ազ­գա­յին մեր դա­տին ու պա­հան­ջա­տի­րու­թեան։
Ռազ­մա­կան թան­գա­րա­նի սրա­հը կա­նու­խէն լե­ցու­ցած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու եւ յոյն եւ օ­տար դէմ­քե­րու ու բա­րե­կամ­նե­րու շատ մեծ թիւ մը հա­ւա­քո­ւած էր, ո­գե­կո­չե­լու հա­մար 104րդ ­տա­րե­լի­ցը թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ Այս տա­րի, նա­խա­տե­սում կա­տա­րո­ւած էր, սրա­հէն դուրս հսկայ պաս­տառ մը (video wall) զե­տե­ղե­լու մա­սին, ուր ուղ­ղա­կի կը սփռո­ւէր սրա­հի բե­մին վրայ գոր­ծադ­րո­ւող յայ­տա­գի­րը եւ հե­տե­ւե­լու ա­ռի­թը կու­տար բո­լոր այն հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ո­րոնց հա­մար կա­րե­լի չե­ղաւ տեղ գրա­ւել սրա­հէն ներս,  ժո­ղո­վուր­դի մեծ թի­ւի ներ­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով։
Ատ­տի­կէի ­Մարզ­պե­տա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցած Ապ­րիլ 24ի այս տա­րո­ւան քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նար­կին յատ­կան­շա­կան էր Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի ար­քե­պիս­կո­պոս Իէ­րո­նի­մոս Սր­բա­զա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ տպա­ւո­րիչ էր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս հել­լէն պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան պաշ­տօ­նա­տար անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, նոյն­պէս եւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած դես­պա­նու­թեանց քա­ղա­քա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ ­Պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րու ա­ռա­ջին շար­քին էին Յու­նաս­տա­նի արքեպիսկոպոս Իէրոնիմոս Սրբազանը, կա­ռա­վա­րու­թեան եւ խորհր­դա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Ատ­տի­կէի մարզ­պե­տա­րա­նի, ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, հել­լէն իշ­խա­նու­թեանց նա­խա­րար­ներ ու փոխ-նա­խա­րար­ներ, խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ, օ­տար դես-պան­ներ ու զի­նո­ւո­րա­կան կցորդ­ներ, քա­ղա­քա­պետ­ներ եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ հայ կա­թո­ղի­կէ ու ա­ւե­տա­րա­նա­կան յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց ա­ռաջ­նորդ­ներն ու յու­նա­հա­յոց ծխա­տէր հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ։ ­Ներ­կայ էին նաեւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րա­պայ­քար­նե­րուն մաս­նա­կից թեկ­նա­ծու­ներ եւ մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ:
Հան­դի­սու­թիւ­նը սկսաւ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ազ­գա­յին ո­գերգ­նե­րով՝ «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բի կա­տա­րո­ղու­թեամբ եւ ներ­կա­նե­րու յոտն­կայս ունկնդ­րու­թեամբ։
Օ­րո­ւան նա­խա­գահ եւ հան­դի­սա­վար ընկ. Ա­լիս ­Ֆա­րա­ճեան, յու­նա­րէ­նով ներ­կա­յա­ցուց հան­դի­սու­թեան պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման խօս­քը (ո­րը կը հրա­տա­րա­կենք ա­ռան­ձին)։
Օ­րո­ւայ նա­խա­գա­հու­հին ընդ­հա­նուր կեր­պով շեշ­տը դրաւ ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան շար­ժու­մի հանգրո­ւան­նե­րուն, ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րուն, հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րապ­րու­մի կամ­քին ու շա­րու­նա­կո­ւող պայ­քար­նե­րուն:
Հել­լէն կա­ռա­վա­րու­թեան ա­նու­նով հան­դի­սու­թեան իր ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղեց ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար պրն. ­Թե­րենս ­Նի­քո­լաոս ­Քո­ւիք, որ անդ­րա­դար­ձաւ իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն ­Հա­յաս­տան եւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ տա­րա­ծուն ու բազ­մաբ­նոյթ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։
Հել­լէն խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ պրն. ­Նի­քօ ­Վու­ցի­սի կող­մէ խօսք ա­ռաւ տիկ. Է­լէ­նի Ս­թա­մա­թա­քի, որ կը նա­խա­գա­հէ հայ-յու­նա­կան միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բին։ Ան ը­սաւ, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կը մնայ 20րդ ­դա­րու ա­մե­նա­դա­ժան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը մեր հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան մէջ եւ հել­լէն խորհր­դա­րա­նի ու խորհր­դա­րա­նա­կան բո­լոր ու­ժե­րու զօ­րակ­ցա­կան կամ­քը ար­տա­յայ­տեց:
Յա­ջոր­դա­բար խօսք ա­ռաւ Ատ­տի­կէի մարզ­պե­տի՝ ­Ռե­նա ­Տու­րո­ւի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պրն. Խ­րիս­թոս ­Քա­փա­թա­յիս։ Ան շեշ­տեց եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եղ­բայ­րա­կան կա­պե­րը եւ նոյն պատ­մա­կան ու­ղին ան­ցած ըլ­լա­լու ա­ւան­դը:
Յա­ջոր­դա­բար, նա­խա­գա­հը բեմ հրա­ւի­րեց ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան, որ նշեց ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման նպա­տա­կով: ­Նաեւ շեշ­տեց ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, երբ 1996ին ճանչ­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ պե­տա­կան օ­րէն­քով սահ­մա­նեց ո­գե­կո­չա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու կա­տա­րու­մը, ամ­բողջ երկ­րի տա­րած­քին:
Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ող­ջոյ­նի խօս­քը ար­տա­սա­նեց ընկ. Ար­ման Գ­րի­գո­րեան, որ իր խօս­քին մէջ պար­զեց պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րը ու ծան­րա­ցաւ ­Թուր­քիոյ այ­սօ­րո­ւան ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ։ Ան շեշ­տեց հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան գի­տա­կից ու պա­տաս­խա­նա­տու կե­ցո­ւած­քը, որ իր ու­սե­րուն վեր­ցու­ցած է ազ­գա­յին իր ժա­ռան­գը եւ պա­հան­ջա­տէր ո­գիով կը շա­րու­նա­կէ հե­տապն­դել հա­յու­թեան ար­դար դա­տե­րը։
Այ­նու­հե­տեւ բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ծա­նօթ դե­րա­սա­նու­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան, որ խոր ապ­րու­մով աս­մուն­քեց ­Շարլ Ազ­նա­ւու­րի Ils Sont Tombes եր­գի յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը, մինչ մեծ պաս­տա­ռի վրայ կը ցու­ցադ­րո­ւէր ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի Ան­մար ­Բո­ցը եւ կը հնչէր ­Շարլ Ազ­նա­ւու­րի ձայ­նը։
Յա­ջոր­դա­բար բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ օ­րուայ բա­նա­խօս, յու­նա­կան մամ­լոյ հե­ղի­նա­կա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն «­Ռէալ ­Նիուզ» թեր­թի հրա­տա­րա­կիչ, ծա­նօթ լրագ­րող ­Նի­քոս ­Խա­ծի­նի­քո­լաու։ Ան յայտ­նեց, թէ ինք ­Փոքր Ա­սիա­կան ծա­գում ու­նի ու իր նա­խա­հօր ըն­տա­նի­քը գաղ­թա­կան հա­սաւ ­Յու­նաս­տան, այդ­պէս լա­ւա­պէս կը գի­տակ­ցի հա­յու­թեան ո­դի­սա­կա­նին։ ­Նի­քոս ­Խա­ծի­նի­քո­լաու խօ­սե­ցաւ ­Թուր­քիոյ ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին եւ ա­նոր բա­նե­ցու­ցած ճնշում­նե­րուն՝ այն եր­կիր­նե­րուն վրայ, ո­րոնք ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու ճա­նա­պար­հին վրայ են՝ սպառ­նա­լիք­նե­րով եւ վա­խի մթնո­լոր­տի տա­րա­ծու­մով: Ան ման­րա­մասն անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք հայ վրի­ժա­ռու բա­զուկ­նե­րու հաս­ցու­ցած հարուած­նե­րուն եւ հայ ազ­գի դի­մադ­րա­կան ո­գիին, որ կան­գուն պա­հեց հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­հա­ւոր իր ճա­կա­տագ­րին առ­ջեւ։ ­Շատ հե­տաքրք­րա­կան եւ բո­վան­դա­կա­լից իր ներ­կա­յաց­ման մէջ, ծա­նօթ լրագ­րո­ղը պա­խա­րա­կեց ­Թուր­քիոյ վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ շեշ­տը դրաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան փաս­տը ճանչ­նա­լու եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րը վե­րաց­նե­լու հա­մայն աշ­խար­հի պար­տա­ւո­րու­թեան վրայ:
Յայ­տագ­րի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բաժ­նով ամ­բող­ջա­ցաւ ձեռ­նար­կը։ «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բը, խմբա­վար պրն. Մկրտիչ Գ­րի­գո­րեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ ու տիկ. ­Վար­դե­նի Ս­պար­թա­լեա­նի դաշ­նա­կի ըն­կերակ­ցու­թեամբ, յա­ջո­ղու­թեամբ մեկ­նա­բա­նեց եւ սրա­հը ջեր­մա­ցուց «Գ­թա ­Տէ՛ր» եւ «Իմ Ե­րե­ւան» խմբերգ­նե­րով։ Ա­ւար­տին «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բը, Էտ­կար Է­կեա­նի պա­րու­սուց­չու­թեամբ, ներ­կա­յա­ցուց «­Պի­տի գայ այդ օ­րը» պա­րը։
Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին, ներ­կա­նե­րը՝ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թեանց ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի թմբկա­հար­նե­րու, աս­տի­ճա­նա­ւոր­նե­րու, սկաու­տա­կան եւ գայ­լի­կա­կան խում­բե­րու, ինչ­պէս նաեւ Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի նո­ւա­գա­խում­բի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, սրա­հէն հա­ւա­քա­բար քա­լե­ցին դէ­պի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կի Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։
Յա­նուն ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով եւ ի յի­շա­տակ հա­յոց սրբա­ցեալ նա­հա­տակ­նե­րուն, Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց ընկ. ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան։
Ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­ցին նաեւ յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան, յու­նա­կան խորհր­դա­րա­նի, Ատ­տի­կէի մարզ­պե­տա­րա­նի, Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան, ­Պոն­տոս­ցի­նե­րու եւ Ա­սո­րի­նե­րու միու­թեանց նա­խա­գահ­նե­րը: ­Զի­նո­ւո­րա­կան պա­հա­կա­խում­բը հնչե­ցուց հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ազ­գա­յին ո­գերգ­նե­րը, ա­պա Հ.Մ.Ը.Մ.ի թմբա­կա­հար­նե­րը, սկաուտ-ա­րե­նուշ­նե­րը եւ գայ­լիկ-ար­ծո­ւիկ­նե­րը տո­ղան­ցե­ցին Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին առ­ջե­ւէն։
Ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով՝ ­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան, կա­ռա­վա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ օ­տար դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­ռոյց­նե­րը ի­րենց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով ներ­կայ ե­ղան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104րդ ­տա­րե­լի­ցի ո­գե­կոչ­ման պաշ­տօ­նա­կան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նար­կին, եւ ի­րենց ե­լոյթ­նե­րով ու խօս­քե­րով ա­ւե­լիով շեշ­տադ­րե­ցին ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին փո­խան­ցած օ­րո­ւան պատ­գա­մը, թէ հա­յու­թիւ­նը պա­հան­ջա­տէր է ու գի­տա­կից՝ իր ազ­գա­յին ար­դար դա­տի հե­տապնդ­ման մէջ։