­Մատ­թէոս ­Մա­մու­րեան (1830-1901)

­Մատ­թէոս ­Մա­մու­րեան (1830-1901). ­Հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման դրօ­շա­պահ հրա­պա­րա­կա­գի­րը Ն.

0
2400

«Ա­հա՛ կը տես­նեմ, կը տես­նե՜մ ­Մա­սի­սի անմ­ռայլ սարն՝ Ար­տա­զու եւ ­Նախ­ջո­ւա­նի լեռ­նե­րու մէջ­տե­ղէն, միշտ վե՜հ, միշտ վսեմ, միշտ ձիւ­նա­փայլ։ ­Տե­սէ՛ք կո­ղերն, վի­րա­ւոր կո­ղերն ամ­պե­րով պա­տած են եւ գլու­խը, գլու­խը միայն կը ցու­ցը­նէ՝ վէ՜ս, լու­սա­ւո՜ր, երկ­նա­պի՛շ։ Ող­ջո՜յն քեզ, լե՜ռդ ան­մահ, որ տա­սը դա­րե­րէ ի վեր ըն­դու­նայն կ­’ող­ջու­նես շուրջդ քու նժդեհ զա­ւակ­ներդ, միայն սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու ստո­ւեր­ներ կը հո­վա­նա­ւո­րես, եւ դեռ եւս հուր ու կայ­ծակ չես թա­փեր այն գլուխ­նե­րուն վրայ, որ քեզ կը կաշ­կան­դեն»…
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի յա­ւեր­ժու­թեան խորհր­դա­նիշ Ա­րա­րատ լե­րան նո­ւի­րո­ւած վե­րե­ւի զե­ղու­մը առնուած է 19րդ ­դա­րու ­Զար­թօն­քի ­Սե­րուն­դին ազ­գայ­նա­կան եւ ա­զա­տա­խո­հա­կան յու­զաշ­խար­հը հա­րա­զա­տօ­րէն վեր­ծա­նող Մ. ­Մա­մու­րեա­նի «­Սեւ ­Լե­րան ­Մար­դը» վէ­պէն, սրտա­բուխ զե­ղում մը՝ որ միա­ժա­մա­նակ կը խտաց­նէ վե­րապ­րող հա­յու­թեան ուղ­ղուած ազ­գա­յին ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան պատ­գա­մը հե­ղի­նա­կին։
­Հոկ­տեմ­բեր 20ին (ո­րոշ աղ­բիւր­նե­րու ճշգրտու­մով՝ ­Հոկ­տեմ­բեր 17ին) կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ­կա­կան հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան լու­սա­միտ դէմ­քե­րէն եւ ա­զա­տա­խոհ գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան դրօ­շա­կիր­նե­րէն ­Մատ­թէոս ­Մա­մու­րեա­նի։
­Ներ­հուն մտա­ւո­րա­կան, ման­կա­վարժ, գրող, հան­րա­յին գոր­ծիչ, թարգ­մա­նիչ եւ, ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր, տա­ղան­դա­ւոր հրա­պա­րա­կա­գիրն է ­Մատ­թէոս ­Մա­մու­րեան, որ յատ­կա­պէս 1871ին իր հիմ­նած եւ ամ­բողջ ե­րե­սուն տա­րի խմբագ­րած թեր­թով՝ «Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­մուլ»ով, ի­րա­ւամբ կը հան­դի­սա­նայ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջի հայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մտքի մե­ծար­ժէք մշակ­նե­րուն եւ գա­ղա­փա­րի սերմ­նա­ցան­նե­րուն ա­մէ­նէն ար­ժա­նա­ւոր­նե­րէն մէ­կը։
Ծ­նած է Զ­միւռ­նիա, 1830ին։ Ու­սու­մը ստա­ցած է ­Փա­րի­զի «­Մու­րա­տեան» վար­ժա­րա­նին մէջ, ուր իր դրսե­ւո­րած ար­ժա­նիք­նե­րուն եւ ձեռք­բե­րած փայ­լուն ար­դիւնք­նե­րուն հա­մար՝ ար­ժա­նա­ցած է բարձ­րա­գոյն մրցա­նա­կի, որ ի­րեն յանձ­նո­ւած է ֆրան­սա­ցի մեծ բա­նաս­տեղծ ­Լա­մար­թի­նի ձե­ռամբ, ին­չը կը վկա­յէ ­Մա­մու­րեա­նի «միշտ բա­րե­բա­րոյ, խո­հա­կան, ու­շիմ, ճար­տար եւ յա­մե­նայ­նի յա­ռա­ջա­դէմ» ըլ­լա­լուն մա­սին։
Մ. ­Մա­մու­րեան ու­նե­ցաւ ազ­գա­յին եւ հան­րա­յին ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէու­թիւն, ու­սու­ցի­չի եւ կրթա­կան տե­սու­չի պաշ­տօն­ներ վա­րեց իր ծննդա­վայր Զ­միւռ­նիա­յի եւ ­Պոլ­սոյ մէջ, տա­րի­նե­րով դի­ւա­նա­պե­տը ե­ղաւ ­Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նին, ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար 1857-1860ին ապ­րե­ցաւ ­Լոն­տոն (ուր գրեց իր նշա­նա­ւոր «Անգ­լիա­կան նա­մա­կա­նի» յօ­դո­ւած­նե­րու շար­քը), ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան մշակ­ման եւ որ­դեգր­ման հա­մար ան­խոնջ պայ­քար մղող­նե­րէն ե­ղաւ։
­Յա­մե­նայն դէպս ո՛ւր որ գտնո­ւե­ցաւ եւ ի՛նչ աշ­խա­տանք որ ստանձ­նեց՝ Մ. ­Մա­մու­րեան հրա­պա­րա­կագ­րի իր գրի­չը միշտ կեն­սու­նակ եւ բե­ղուն պա­հեց, մին­չեւ որ «Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­մուլ»ի հիմ­նու­մով գտաւ իր հո­գե­հա­րա­զատ բե­մը։
Իր թեր­թի (սկզբնա­պէս՝ ամ­սա­թերթ, ա­պա՝ կի­սամ­սեայ, իսկ իր մա­հէն ետք նաեւ շա­բա­թա­թերթ ու օ­րա­թերթ) է­ջե­րուն ցրո­ւած «­Հայ­կա­կան նա­մա­կա­նի» վեր­տա­ռու­թեամբ եւ Վ­րոյր ստո­րագ­րո­ւած քրո­նիկ­նե­րու շար­քով՝ Մ. ­Մա­մու­րեան ոչ միայն հրա­պա­րա­կագ­րա­կան այդ ո­ճին դրօ­շա­կի­րը հան­դի­սա­ցաւ հայ մա­մու­լին մէջ, այ­լեւ՝ լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ իր ժա­մա­նա­կի դէմ­քերն ու զար­գա­ցում­նե­րը, գա­ղա­փա­րա­կան հար­ցերն ու հա­սա­րա­կա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րը, հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն ժա­ռանգ ձգե­լով այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հա­մաշ­խար­հա­յին եւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան զար­գա­ցում­նե­րը քննա­կա­նօ­րէն ար­տա­ցո­լող ընդգր­կուն հա­յե­լի մը։
Ար­գա­սա­բեր ե­ղաւ ­Մա­մու­րեա­նի գրի­չը գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան եւ թարգ­ման­չա­կան գոր­ծե­րու ար­տադ­րու­թեան ա­ռու­մով։ Այ­սու­հան­դերձ՝ ինչ­պէս որ մեծն ­Յա­կոբ Օ­շա­կան դի­տել կու տայ, ­Մա­մու­րեան տա­րա­ծո­ւե­ցաւ ա­մէն բնա­գա­ւա­ռի վրայ եւ, բա­ցա­ռու­թեամբ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան իր վաս­տա­կին, ի վի­ճա­կի չե­ղաւ ամ­բող­ջա­կան ինք­նադր­սե­ւոր­ման ու ինք­նա­հաս­տատ­ման յաղ­թա­նա­կի պսա­կը նո­ւա­ճե­լու։
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ար­ժէ­քէ ա­ւե­լի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ար­ժա­նիք ու­նե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան ժա­ռանգ մնա­ցած ­Մա­մու­րեա­նի «­Սեւ լե­ռին մար­դը» ա­նու­նով միակ վէ­պը, որ ­Ներ­սէս Աշ­տա­րա­կե­ցի ­Կա­թո­ղի­կո­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան խմո­րում­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած է եւ ­Ռու­սաս­տա­նի կա­պո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի յոյ­սերն ու հե­ռան­կար­նե­րը հայ­րե­նա­սի­րա­կան շուն­չով կ­’ան­մա­հաց­նէ։
­Տար­բեր ալ չէին կրնար ըլ­լալ վարքն ու վաս­տա­կը հրա­պա­րա­կագ­րի փայ­լուն շնորհ­նե­րով օժ­տո­ւած ­Մատ­թէոս ­Մա­մու­րեա­նի, ո­րուն ստո­րագ­րու­թիւ­նը կրող հրա­պա­րա­կագ­րա­կան իւ­րա­քան­չիւր էջ կը կրէ շեշ­տա­կի դրոշ­մը գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ար­ձա­կի եւ ա­րեւմ­տա­հայ աշ­խար­հա­բա­րի ինք­նա­մաքր­ման եւ բիւ­րե­ղաց­ման հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գի։
­Բայց մա­նա­ւանդ իր բա­րե­բա­րոյ ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ, խո­հա­կա­նու­թեամբ եւ մտա­ւո­րա­կա­նի լայ­նա­բաց հո­րի­զո­նով՝ ­Մա­մու­րեան յա­ջո­ղե­ցաւ իս­կա­կան ու­սու­ցիչ մը ըլ­լալ իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն հա­մար։ Ան­պա­ճոյճ ու գե­ղե­ցիկ իր լե­զո­ւին եւ գրե­լաո­ճին միա­ցուց, միշտ եւ ան­պայ­ման, գի­տե­լիք մը փո­խան­ցե­լու, քննա­կան խորհր­դա­ծու­թիւն մը կա­տա­րե­լու եւ, յատ­կա­պէս, յա­ռա­ջա­դէմ մտքի զար­գաց­ման հու­նով յա­ռաջ ըն­թա­նա­լու մեծ ար­ժա­նի­քը։
Ա­զա­տա­խո­հա­կան եւ ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան մտա­ծո­ղու­թեան հա­ւա­տա­ւոր դրօ­շա­կիր՝ ­Մա­մու­րեան պատ­նէ­շի վրայ ան­խոնջ ծա­ռա­յեց եւ, ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան թէ հան­րա­յին-ման­կա­վար­ժա­կան իր բազ­մա­մեայ ու ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին, միշտ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեան սկզբուն­քով։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րո­ւած ա­րե­ւե­լեան խա­ւա­րամ­տու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ լու­սա­ւո­րու­թեան փա­րո­սը կան­գուն պա­հե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան լծո­ւած ար­ժա­նա­ւոր հրա­պա­րա­կա­գիրն է ­Մատ­թէոս ­Մա­մու­րեան, ո­րուն գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հին մա­սին հա­կիրճ վկա­յու­թիւն մը կը փո­խան­ցէ «Անգլիա­կան նա­մա­կա­նի» շար­քէն առ­նո­ւած հե­տա­գայ հա­տո­ւա­ծը.-
«… ­Հին ազ­գի մը ձայ­նը պատ­մու­թիւնն է, իսկ նո­րինն՝ իր գոր­ծե­րը: Ինչ­պէ՞ս հնա­րա­ւոր է, որ մի հայ ազգ գտնո­ւի ու ողջ լի­նի: Կ’ե­րե­ւի որ ար­դի հա­յը, տա­րօ­րէն ա­ռա­քի­նու­թեան տէր, բոյ­սե­րու կեան­քը կ­’ապ­րի: ­Վասն­զի կա՛մ ես ա­կանջ ու աչք, կամ նա լե­զու չու­նի, չու­նի ձայն ու գործ յ’Եւ­րո­պայ, չու­նի ա­թո­ռիկ մը ազ­գաց կա­ճա­ռին մէջ: Ար­դեօք ­Հայ­կայ ու­րո­ւա­կա՞նն ե­րեւ­ցաւ ե­րա­զիդ, մի­թէ հի՞ւր մ­’է հայն, որ սխալ դուռ զար­կաւ ու ազ­գե­րու դրան սե­մին վրայ նըս­տաւ. մի­թէ գե­րի՞ մ’է շղթա­յի ար­ժա­նի, ի՞նչ է խնդրեմ, ժամ մ’ա­ռաջ նկա­րագ­րէ ինձ այդ էա­կը:
«­Մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը տաս դու այն ազ­գին, որ կը զլո­րի ու նո­րէն կը կանգ­նի: Ա­յո՛, երբ վեր­ջի կանգ­նու­մը ա­ռա­ջի­նին պէս փա­ռա­ւոր դառ­նայ, ա­պա թէ ոչ նոյն ազ­գը շատ կը վնա­սի թէ իր նախ­նի համ­բա­ւին ու մե­ծու­թեա­նը մա­սին եւ թէ մեր հա­մա­րու­մին կող­մէն: Ուս­տի լա­ւա­գոյնն կը սե­պեմ, որ ազգ մը պար­ծա­նաց գա­գա­թը հաս­նե­լէն ե­տեւ ա­ռօք փա­ռօք կոր­ծա­նի, ան­դի­մադ­րե­լի պա­րա­գա­նե­րէ ստի­պեալ՝ ան­հետ մա­րի, քան թէ շքեղ ան­ցեա­լէ մ­’ե­տեւ ան­փոյթ ու հաշմ թա­փա­ռի ներ­կա­յին մէջ, աղ­քա­տիկ ապ­րի ու ազ­գաց դու­ռը մու­րայ:
«­Վասն­զի` հի­նե­րը մեր աչ­քին իբր դիւ­ցա­զունք կ­’ե­րե­ւին, թէեւ նոյն ա­նո­ւան ա­ւե­լի ար­ժա­նի­ներ կը գտնո­ւին այս պա­հուս մեր եր­կիրն եւ ու­րիշ տե­ղեր: ­Ժա­մա­նա­կը խո­շո­րա­ցոյց մ’է, որ քա­նի հե­ռա­նաք մեր ե­րե­ւա­կա­յու­թեան առ­ջեւ հա­սա­րակ բա­նե­րու ան­գամ, խո­շոր եւ փայ­լուն ու խորհր­դա­ւոր գոյն մը կ­’ըն­ծա­յէ: Աս­կէ զատ­՝ա­մէն դար իր յա­տուկ եւ յար­մար մար­դիկն ու­նե­ցեր է: Երբ աշ­խարհ դեռ տղայ էր, ա­նոր յա­ռա­ջա­դի­մու­թեան մի­ջոց­ներն ան­տաշ ու սահ­մա­նա­ւոր էին, մինչ­դեռ հի­մա ան­հա­մար են եւ գե­րա­գոյն: ­Մեծն ­Վար­դան, ստու­գիւ մեծ մարդ է, թէ որ այ­սօր գար եւ մե­զի դէմ խա­չա­կիր մը հա­նէր՝ խիստ պզտիկ մարդ մը կը դառ­նար: Ուս­տի ե­թէ հա­յը, զոր քննե­լու սկսար, դա­րուս լու­սա­ւո­րու­թեան եւ­քա­ղա­քակր­թու­թեան հետ չքա­լէ, նոր բան մը հա­ղոր­դած չես լի­նի ինձ՝ ե­թէ ը­սես թէ նոյն հա­յը ­Տիգ­րա­նայ, Տր­դա­տայ եւ ­Վա­րազ­գա­տայ որ­դին է միայն: ­Հի­մա Տր­դա­տայ մի ձե­ռամբ եր­կու ցու­լե­րու եղ­ջիւ­րը թա­փող ոյ­ժը ի­րեն թա­գա­ւո­րու­թիւն մը շա­հել տա­լու ա­ռիթ մը չէր լի­նէր, վասն­զի՝ շո­գի եւ բա­րո­յա­կան զօ­րու­թիւն ու­նինք, եւ ոչ սրտեայ եւ քա­ջա­մար­տիկ ­Վա­րազ­դատ մը ա­րիա­բար ձի աշ­տա­նա­կե­լուն՝ կայ­սեր մը շնորհն ու ­Հա­յաս­տա­նի գա­հը պի­տի ստա­նար,…
«… Ի­րա­ւի կը խոս­տո­վա­նիմ նաեւ, որ կը սի­րեմ այն ազ­գը, որ թէեւ թշո­ւառ, ներ­քին ար­ժո­ղու­թիւն, ան­պա­շար գլուխ, կո­րո­վի բնու­թիւն մ’ու­նի, միա­բան սի­րով կանգ­նե­լու ճիգ կը թա­փէ եւ ինքն իւր ճամ­բան կը յար­դա­րէ եւ ա­ռաջ կը քա­լէ: «Ու­րեմն ե­թէ հայդ իր հայ­րե­նա­կան բնու­թեան հետ շա­ղեր է նաեւ դա­րուս հո­գին, ա­զա­տա­սի­րու­թիւ­նը եւ յա­ռա­ջա­դէմ կանգ­նե­լու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, այն ա­տեն կրնամ ը­սել քե­զի հետ, որ ­Նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը զինքն ա­պա­գա­յի եւ ա­ռա­քե­լու­թեան մը սահ­մա­նած է աշ­խար­հիս մէջ: Իսկ այս ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ինչ­պէ՞ս կը կա­տա­րէ ազգ մը, ե­թէ ոչ տար ազ­գաց վրայ թէ՛ նիւ­թա­կան եւ թէ բա­րո­յա­կան ազ­դե­ցու­թիւն մը, ի­րա­ւունք մը, ա­նոնց հետ յա­րա­բե­րու­թիւն մը ստա­նա­լով: Ազ­գե­րու հրա­պա­րա­կին մէջ ա­մէն մէկն իր ո­րոշ դրօ­շա­կով կը մտնէ, իր սե­փա­կան վա­ճառ­քը հոն կը բե­րէ, հար­կը կը վճա­րէ, քա­ղա­քա­կա­նու­թեան համ­բա­ւին ու փո­խա­րէն ա­նուն, կա­ցու­թիւն ու իր հաս­տատ զո­հու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր կ­’ըն­դու­նի: Ին՞չ նոր սկզբունք, ի՞նչ նոր գիւտ, ի՞նչ գոր­ծի հնա­րած, ի՞նչ տոհ­մա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն, ի՞նչ ինք­նահ­նար ճար­տա­րու­թեան ար­գա­սի­քը բե­րած ու­նի հայդ նոյն ընդ­հա­նուր ա­տեա­նին առ­ջեւ։ Ո՞ր ժո­ղո­վըր­դեան սրտին մէջ կը տի­րէ, ո՞ր դահ­լի­ճին մէջ ա­նու­նը կը յի­շո­ւի, ո՞ր ըն­կե­րա­կան վի­ճա­կի, ո՞ր քա­ղա­քա­կան դաշ­նաց մէջ կշիռ մ­’ու­նի, ցցուր ինձ ա­սոնց մէկ նշմա­րան­քը, փոր­ձը, եւ իս­կոյն գլուխ կը ծռեմ գրա­ծիդ»: