Ա­թէն­քի հա­մեր­գաս­րա­հի «­­Տի­միթ­րիս ­­Միթ­րո­փու­լոս» դահ­լի­ճէն ներս, 10 ­­Հոկ­տեմ­բե­ր 2024-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ե­րե­կոյ, ո­րուն հայ­կա­կան հետ­քե­րը ա­ւե­լի քան տե­սա­նե­լի էին։
­­Խորհր­դա­ւոր մթնո­լոր­տի մէջ փայ­լե­ցաւ ­թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հայ­րե­նա­կից եւ հան­րա­ծա­նօթ նո­ւա­գող ­Նո­ւարդ-­­Վե­րոն ­­Ղա­լի­լէա­յի աստ­ղը։ Ե­րաժշ­տու­թեան մէջ տոք­թո­րա­կան տիտ­ղո­սի ար­ժա­նա­ցած ե­րա­ժիշ­տը, որ միա­ժա­մա­նակ ­­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դա­մու­հի է, իր ֆլիւ­տի ոս­կի նո­ւա­գու­մով գրա­ւեց հայ եւ յոյն ներ­կա­նե­րը, ե­զա­կի եւ բա­ցա­ռիկ կա­տա­րու­մին ըն­թաց­քին։
Իր կող­քին` դաշ­նա­կա­հար ­­Թո­տո­րիս ­­Ծո­վա­նա­քիս եւ Ա­թէն­քի լա­րա­յին քա­ռեա­կը, որ կը բաղ­կա­նայ պե­տա­կան նո­ւա­գա­խում­բի ան­դամ­նե­րէ, թաւ­ջու­թա­կով ու ջու­թակ­նե­րով մեկ­նա­բա­նե­ցին դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան յօ­րի­նում­ներ։ Շ­նոր­հա­լի հա­յու­հին իր ֆլիւ­տով ե­զա­կի մեկ­նա­բա­նեց ­­Ֆի­լի­փոս ­­Ցա­լա­խու­րի­սի «Մ­տո­րում՝ ­­Մի­քիս ­­Թէօ­տո­րա­քի­սի յի­շա­տա­կին», Խ­րիս­թոս ­­Սա­մա­րա­սի «Ultimum IV» ա­ռա­ջին կա­տա­րու­մը՝ ձօ­նո­ւած ­­Նո­ւարդ-­­Վե­րոն ­­Ղա­լի­լէա­յին եւ Ար­թուր ­­Ֆու­թի «­­Գի­շե­րա­յին կտոր մը» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։
Ա­րո­ւես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րով գնա­հա­տեց ե­րա­ժիշտ­նե­րու գե­ղե­ցիկ գոր­ծը։ ­­Նո­ւարդ-­Վե­րոն ­­Ղա­լի­լէա­յին շնոր­հիւ, հայ­կա­կան ա­նու­նը ար­ժա­նա­վա­յել ներ­կա­յա­ցում ու­նե­ցաւ Ա­թէն­քի դա­լար հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ։

­­Հա­մազ­գա­յի­նի թղթա­կից՝
­­Ժագ ­­Տա­մա­տեան