Մի­ջազ­գա­յին հա­յան­պաստ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ
եւ իշ­խա­նա­կան այ­լա­մեր­ժու­թիւն

ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ

­Հա­յաս­տա­նի ներ­քա­ղա­քա­կան այ­լան­դակ ի­րա­վի­ճա­կի լոյ­սին տակ, մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րուն վրայ ներ­կա­յա­ցո­ւած եր­կու զու­գա­հեռ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կու գան նոր մղում տա­լու Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցին եւ ­Պա­քո­ւի մէջ ա­նար­դար կա­լան­քի տակ պա­հո­ւող հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­նե­րու ա­զա­տու­մին ձգտող ջան­քե­րուն։
­Զո­ւի­ցե­րիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը պատ­րաստ են ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Գոնկ­րե­սին ներ­կա­յաց­նել Ար­ցա­խէն բռնի տե­ղա­հա­նո­ւած հա­յե­րու՝ ի­րենց սե­փա­կան հո­ղե­րը վե­րա­դար­ձի ա­պա­հով­ման ծրա­գի­րը։ ­Զո­ւի­ցե­րիոյ «­Խա­ղա­ղու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­մար» միջ­կու­սակ­ցա­կան յանձ­նա­խում­բի աշ­խա­տանք­նե­րը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նին Ար­ցա­խի բնիկ հայ բնակ­չու­թեան ա­պա­հով եւ ար­ժա­նա­պա­տիւ վե­րա­դար­ձին ուղ­ղու­թեամբ։ 8 ­Յու­լի­սին, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Գոնկ­րե­սին մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք մամ­լոյ ա­սու­լի­սը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տայ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նաց­նե­լու ար­ցա­խեան հար­ցին վրայ։ ­Նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը յատ­կա­պէս կա­րե­ւոր է, ո­րով­հե­տեւ զո­ւի­ցե­րիա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը ա­ւանդ ու­նի մի­ջազ­գա­յին հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման մէջ։ Ե­թէ ­Զո­ւի­ցե­րիա պաշ­տօ­նա­պէս ա­ջակ­ցի խա­ղա­ղու­թեան հար­թակ մը ստեղ­ծե­լուն՝ Ար­ցա­խի բնակ­չու­թեան վե­րա­դար­ձը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար, այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը նշա­նա­կա­լի ազ­դե­ցու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ Ար­ցա­խի հար­ցի մի­ջազ­գա­յին քննարկ­ման սե­ղա­նին վրայ։
­Միւս կող­մէն, Ե.Ա.Հ.Կ.-ի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին մէջ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր ­Լի­լիթ ­Գալս­տեան յստակ քայ­լեր կ­՚ա­ռա­ջար­կէ հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։
Ե.Ա.Հ.Կ.-ի 32-րդ ­խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին, հայ պատ­գա­մա­ւո­րի խօս­քը ո՛չ միայն Ար­ցա­խի ող­բեր­գու­թիւ­նը լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ, այլ նաեւ բա­ցա­յայտ ցոյց տո­ւաւ, որ «Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կու­մը չի կրնար իբ­րեւ պատ­մու­թեան փա­կո­ւած էջ դի­տո­ւիլ»։ Ա­նոր յստակ պա­հանջ­նե­րը՝ հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու ան­յա­պաղ ա­զատ ար­ձա­կու­մը, Ե.Ա.Հ.Կ. մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րուն եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաս­տա­հա­ւաք ա­ռա­քե­լու­թեան ու­ղար­կու­մը Ար­ցա­խի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու հա­մար՝ անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րը կը հա­մա­րո­ւին կա­սեց­նե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ ար­ցա­խեան հիմ­նա­հար­ցը փա­կու­ղի տա­նե­լու պար­տադ­րան­քը։
­Սա­կայն, ա­ւե­լի քան մտա­հո­գիչ է ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու դիր­քո­րո­շու­մը հայ­կա­կան օ­րի­նա­ւոր եւ ար­դար պա­հանջ­նե­րուն հան­դէպ։ ­Լի­լիթ ­Գալս­տեան յայտ­նեց, թէ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ոչ միայն զլա­ցան ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել հայ­կա­կան ա­ռա­ջարկ­նե­րուն, այ­լեւ հա­կա­ռա­կը՝ գոր­ծակ­ցու­թիւն հաս­տա­տե­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ, մեր­ժե­լով բա­նա­ձե­ւին մէջ նե­րառ­նել ռազ­մա­գե­րի­նե­րու եւ Ար­ցա­խի ժա­ռան­գու­թեան վե­րա­բե­րող կէ­տե­րը։ Այս ա­նըն­դու­նե­լի կե­ցո­ւած­քը ցոյց կու տայ, որ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, սե­փա­կան քա­ղա­քա­կան հա­շիւ­նե­րուն պատ­ճա­ռով, ի վի­ճա­կի չէ ցու­ցա­բե­րել տար­րա­կան քա­ղա­քա­կան կամք, կա­սեց­նե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, խա­ղի սե­փա­կան կա­նոն­նե­րը հաս­տա­տե­լու՝ ­Պա­քո­ւի վար­չա­կար­գի ա­խոր­ժակ­նե­րը, տե­ղա­հա­նո­ւած հայ­րե­նա­կից­նե­րու տա­ռա­պան­քը, գե­րի­նե­րու ա­նար­դար դա­տա­վա­րու­թիւ­նը եւ Ար­ցա­խի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ոչնչա­ցու­մը։
­Հայ­կա­կան կող­մին հա­մար միայն ա­նըն­դու­նե­լի պէտք է հա­մա­րել ստեղ­ծուած հա­կա­սու­թիւ­նը, երբ բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րը քո­ւէար­կե­ցին ի նպաստ հայ­կա­կան ա­ռա­ջարկ­նե­րուն՝ ընդգ­ծե­լով անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու գե­րի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը եւ պաշտ­պա­նե­լու հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը, մինչ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նա­կան կող­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ո՛չ միայն չմիա­ցան միաս­նա­կան ձայ­նին, այ­լեւ դար­ձան խո­չընդոտ ո­րե­ւէ նա­խա­ձեռ­նու­թեան, որ կու գար ­Հա­յաս­տա­նի ընդ­դի­մու­թե­նէն։ ­Մեր­ժո­ղա­կան այս կե­ցո­ւած­քը բա­րո­յա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ձա­խո­ղում մըն է, նաեւ վտան­գա­ւոր նա­խա­դէպ՝ ա­պա­ցու­ցա­նե­լով, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար գե­րա­կայ է ներ­քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րը, քան ազ­գա­յին շա­հերն ու պե­տա­կան ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը։ Ըստ ա­մե­նայ­նի, ա­նըն­դու­նե­լի եւ մեր­ժե­լի է նման կե­ցո­ւածք, ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քին հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը զե­տե­ղե­լով մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րուն վրայ։
Այ­սօր, երբ Ար­ցա­խի հար­ցը մի­ջազ­գա­յին ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նաց­ման կա­րի­քը ու­նի, ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պար­տա­ւոր են զերծ մնալ ազ­գա­յին հիմ­նա­հար­ցե­րը նեղ քա­ղա­քա­կան շա­հե­րուն հա­մար զոհ դարձ­նե­լու վտան­գա­ւոր ու­ղիէն։ ­Պե­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան մը պարտ­քը կը հան­դի­սա­նայ կանգ­նիլ ի սպաս իր ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան, ա­ջակ­ցիլ մի­ջազ­գա­յին բո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կը փոր­ձեն վե­րա­կանգ­նել պատ­մա­կան ար­դա­րու­թիւ­նը։
Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի ար­դար լու­ծու­մը եւ մեր ռազ­մա­գե­րի­նե­րու ար­ժա­նա­պա­տիւ ա­զա­տագ­րու­մը բա­րո­յա­կան եւ քա­ղա­քա­կան պարտք կը հա­մա­րո­ւին։ Իր քա­ղա­քա­կան եւ բա­րո­յա­կան բո­վան­դա­կու­թե­նէն ամ­բող­ջո­վին պար­պո­ւած իշ­խա­նա­կան խում­բը պի­տի ա­ռե­րե­սո­ւի պատ­մու­թեան դա­տաս­տա­նին հետ։