Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին այսու կը հաղորդենք, թէ Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2023-ին, Թեմիս մեր եկեղեցիներուն մէջ պիտի նշուի քրիստոնեայ եկեղեցւոյ առաջին Սարկաւագ ու նախավկայ Ս. Ստեփանոսի տօնը։
Ուստի կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը, ներկայ գտնուելու կենարար Սուրբ պատարագին եւ լսելու օրուան պատգամը։
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԹԵՄԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ