Ուրախութեամբ կը ծանուցանենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Կիրակի, 21 Յունուար 2024-ին, Ալեքսատրուպոլսոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տօնին առիթով, եկեղեցւոյս մէջ տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ եւ Մատաղօրհնութիւն:
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Շաբաթ, 20 Յունուար
Աղօրհնէք, առաւօտեան ժամը 8։30-ին։
Հոգեւոր համերգ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամը 7։30-ին։
Կիրակի, 21 Յունուար
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ ապա Մատաղօրհնէք, առաւօտեան ժամը 10։30-ին։
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ՝
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ։
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը հոգեպէս հարստանալու մեր աւանդական արարողութիւններով:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ